Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՔԱՐՈԶ. Յոյսին Խաղաղութիւնը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

                                                                  … Որով Ծագող Արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ՝

                                                          «խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու»

                                                      ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու:

                                                                                                                                                  Ղուկ. 1.78-79

Տէր Յիսուս Քրիստոսի սուրբ ծննդեան տօնին մէջ՝ ամենէն աւելի շեշտուած գաղափարը խաղաղութեան կարիքն է:  Հրեշտակներուն երգը՝ «Երկինքի բարձրութեան մէջ՝ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն», թէ՛ պատգամ է, թէ՛ մաղթանք, քանի որ մարդկութիւնը կը տառապի անխաղաղ վիճակներու՝ «խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ»:  Իսկ մեր փորձառութիւնները, մեր աշխարհին մէջ մեր «տեսածները» կը թելադրեն որ յոյս չկայ այդ վիճակներէն դուրս գալու, վայելելու լոյսը եւ կեանքը:

Զաքարիա քահանան, Յովհաննէս Մկրտիչին հայրը, իր որդիին ծնունդով եւ անուան հաստատումով կը բժշկուի իր պապանձումէն եւ կը վերստանայ իր խօսելու կարողութիւնը:   Ան կը մարգարէանայ յիշելով Եսայի Մարգարէին պատգամը, թէ՝ «Խաւարի մէջ պտտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան ստուերին երկիrը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ» (Եսայեայ 9.2):  Անոր կեանքի ժամանակին մէջ՝ խաղաղութիւնը կորսուած էր:  Մարդիկ խաղաղութեան յոյսը կորսնցուցած էին, կ’ապրէին գերի դարձած երկրի մը մէջ, «վարձկան» թագաւորներու խղճին՝ աւելի անխղճութեան ենթակայ, ապրուստի դժուարութիւններով, ազատութեան կաշկանդումով, կեանքի անորոշութիւնով եւ անարդար անարգանքով:  Անոր կեանքի որակը շատ տարբեր չէր մերինէն:  Եւ ահա, այդ «խաւարին» մէջ էր որ կու գար «լոյսին» պատգամը, Փրկիչին ծննդեան նախօրեակին:  Իսկ այդ Սուրբ Ծնունդով «Ծագող Արեգակը» վերէն այցելութեան կու գար տառապած եւ անյոյս մարդուն:

«Խաւարի եւ մահուան ստուերի» վիճակները այսօր դարձեալ հասած են մեզի:  Պատերազմի մէջ պարտութենէն սկսեալ՝ մինչեւ համավարակի սպառնալիքները կը ստեղծեն երկարող ստուեր մը, որուն ծայրը չենք կրնար տեսնել:  Եւ այդ «խաւար» վիճակին մէջ՝ կը սկսինք փնտռել «մեղաւոր» մը, որ պատճառ դարձաւ այդ վիճակին, որպէս զի այդ «մեղաւոր»ը պատժուելով՝ քիչ մը «պաղի» մեր սիրտը:  Սակայն, պատիժները չեն որ կրնան լուծել մեր վիճակներուն հարցերը:  Ատոնք կը մնան, մինչեւ որ դարման գտնուի եւ վերացուին ատոնց պատճառները:

Խաղաղութիւնը խանգարող վերոյիշեալ բոլոր պատճառներուն հիմը մարդուն մեղքն է:  Անարդարը, իր նման մարդը կեղեքողը, իշխանաւորի իր աթոռին կառչած՝ իր շահերուն համար՝ իր ժողովուրդը պատանդ բռնած առաջնորդը, վիճակները չարաշահող վաճառականը ծանօթ են մեզի մեր առօրեային մէջ:  Հեռու չեն մեզմէ նաեւ անոնք, որոնք պէտք էր օգնէին մեզի որ կարենայինք դուրս գալ մեր այդ անյոյս վիճակէն եւ չօգնեցին:  Իսկ մենք, միշտ ալ «մեղք»ը կը փնտռենք մեզմէ հեռու, ուրիշին մէջ. մինչդեռ՝ մենք եւս մեղաւոր ենք նոյն «մեղք»ով, քանի որ «մոմ մը իսկ չենք վառեր՝ խաւարը ցրուելու համար»:  Կը խօսինք. չենք գործեր: 

Գիտենք թէ գործելու ենք:  «Լոյս տալու» աստուածային հրաշքին երկրորդ մասը, Զաքարիայի տեսիլքին մէջ, այն է թէ «մեր որտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու» նպատակով է որ եկած է լոյսը:  «Ճշմարիտ Լոյսը ան է որ աշխարհ գալով՝ բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ… բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ», կ’ըսէ աւետարանիչը (Յովհ. 1.9-10):  «Լոյս»-ը եկած է, եւ զԱնիկա ճանչնալու, Անոր բերած խաղաղութեան ճամբուն մէջ քալելու պատասխանատուն՝ ուրիշը չէ. մենք ենք:  Անոր գալովը կարելիութիւն ստացանք «խաղաղութեան ճամբան» տեսնելու, եւ ուրեմն՝ պարտաւոր ենք խաղաղութիւն ընելու արդարութիւնով, հոգածութիւնով, խոնարհութիւնով, նուիրումով… սիրով: 

Իսկական խաղաղութեան մեր յոյսը ուրիշը չէ. մենք ենք:  Բնաւ անտեղի չէ, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին ըսուածներուն մէջ՝ «Անոր անունը Յիսուս դնես, քանզի Անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ», կը շեշտէ հրեշտակը (Մատթ. 1.21):  Մեղքէն փրկուելուն մէջ է խաղաղութեան գաղտնիքը:  Աշխարհը իր մեղքով միշտ ալ անխաղաղ վիճակներ պիտի ստեղծէ:  Մեր ընտրութիւնն է «խաւարին գործերուն» մասնակից ըլլալ, կամ ցրուել խաւարը՝ «Լոյս»ին գալով, զԱյն ցոլացնելով:  «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է Անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու» (Ա. Յովհ. 1.9), կը գրէ Առաքեալը:  Ասիկա է էական դարմանը. այլապէս՝ մեր Փրկիչին յայտնութեան եւ սուրբ ծնունդին հաղորդ չենք դառնար:  Իսկ Անոր հաղորդ դառնալով՝ մենք կը նորոգուինք յոյսով, մեր մէջ ընդունելով Լոյսը որ աշխարհ եկաւ, եւ կը լեցուինք անյաղթելի խաղաղութիւնով, բոլոր վիճակներուն դիմաց: 

Աստուած ըրած է եւ կ’ընէ Իր գործը, Ինքզինք յայտնած է Միածինին Սուրբ Ծնունդով:  Այսօր եւս Ան մեզ կը հրաւիրէ ընելու մեր բաժինը՝ Կեանքի եւ Լոյսի Աղբիւրէն խմելով դուրս գալու խաւարի եւ մահուան ստուերի վիճակէն, յոյսի խաղաղութիւնով:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

                                                                                                  Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

                                                                                               Նախագահ, Մերձաւոր Արեւելքի

                                                                                  Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Յունուար 2021

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img