Տիկին Մանուշակ Շաքոյեան Կայէնեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Անիթա Կայէնեան եւ դուստրերը՝ Մարիա եւ Անի
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Սիլվա Սիմոնեան եւ զաւակները՝ Գարօլին եւ Մայքըլ
Տէր և տիկին Կարապետ և Եօնէլլա Կայէնեան եւ զաւակները՝ Մարի Քրիսթին և Վազգէն
Տէր եւ տիկին Փիէռ եւ Վարդինէ Ըլպադըհ եւ դուստրը՝ Նաթալի
եւ համայն Կայէնեան, Սիմոնեան, Ըլպադըհ, Գասպարեան, Գիրակոսեան, Մաչուլեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ եւ ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԵՏԻՍ ԿԱՅԷՆԵԱՆ-ի
մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 30 Յունուար, 2021-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 1 Փետրուար 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Նկատի ունենալով Քորոնա ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները, հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնի եւ ընկերային ցանցի միջոցով: Վարդինէ 70-683500
Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն եւ ի մասնաւորի Ընկ. եւ Տիկ. Վահան Գրիգորեաններուն: