Լեհերէնով Լոյս Տեսան Հայոց Ցեղասպանութեան Ընծայուած Երկու Նոր Հատոր
Դոկտ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Հայոց ցեղասպանութեան մասին միջազգային աղբիւրները ընդհանրապէս եւ լեհական գրականութիւնը մասնաւորապէս հարստացան նոր երկու լեհերէն հատորներով։ 2020 թուականի երկրորդ կիսուն լոյս տեսաւ «Բնաջնջել Հայերը – Ցեղասպանութեան պատմութիւն» խորագրով գիրքը, որ կը պարունակէ 233 միջակ չափի էջ, հրատարակուած՝ Մարեք Տերեվիէցքի հրատարակչութեան կողմէ, Լեհաստանի Բոզնան քաղաքի մէջ։ Գիրքի հրատարակութիւնը կը վայելէ Լեհաստանի՝ Մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութիւնը, մշակոյթը խթանելու հիմնադրամէն: Սոյն լեհերէն գիրքը թարգմանութիւնն է «Détruire les Arméniens. Histoire d’un génocide» ֆրանսերէն մայր օրինակին, որուն հեղինակն է ֆրանսահայ Միքայէլ Նշանեան, որ հրատարակուած էր Presses Universitaires de France — Humensis, 2015 թուին։ Հինգ գլուխներէ բաղկակցած լեհերէն թարգմանութիւնը կատարած է լեհ՝ Բիօթր Ռաք։
Իսկ 2020 թուականի դեկտեմբերին Լեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքի՝ Շլոնսք համալսարանը լեհերէնով լոյս ընծայեց սոյն համալսարանի գիտաշխատող, դասախօս Հրայր Մաղաքեանի “1915 թուի հայ-թրքական հակամարտութիւնը ըստ XXI դարու ֆրանսալեզու եւ ռուսալեզու (ելեկտրոնային) լրատուամիջոցներու — Ընտրուած հիմնախնդիրներ” վերնագրով գիրքը։ Ստուարածաւալ այս հատորը կը բաղկանայ գլխաւոր հինգ գլուխներէ, միջակ չափի 508 էջերու վրայ տարածուած։
Այս մենագրութեան հիմնական նիւթն է 21-րդ դարու լրատուամիջոցներու հայ-թրքական յարաբերութիւններու երկխօսութեան (discourse) ներկայացման գիտական ձեւը, որ հիմնուած է ֆրանսալեզու և ռուսալեզու զանգուածային լրատուամիջոցներու համացանցային հրատարակութիւններու վրայ, շեշտը դնելով՝ հայ-թրքական հակամարտութեան լրատուամիջոցներու ճանաչողական վերլուծութեան եւ անոնց ազդեցութիւնը հակամարտութեան սրման կամ մեղմացման վրայ:
Աւելի ուշ կարելի է հանգամանօրէն անդրադառնալ նոր հրատարակուած սոյն հատորներուն։