Վերջերս ԱՄՆ մէջ լոյս տեսած է Գէորգ Լ. Քէօշկէրեանի՝ Հայկական Ասացուածքներ Թրքերէնէ Թարգմանուածգիրքը:
Ան կը պարունակէ թրքերէնէ հայերէնի թարգմանուած 403 ասացուածքներ եւ թրքերէնէ անգլերէնի թարգմանուած 186 ասացուածքներ։
Այս ասացուածքներուն բնագիրը թէեւ թրքերէն է, սակայն անոնք հայկական ասացուածքներ են՝ քաղուած Կիլիկիոյ հայ բնակիչներէն, որոնց խօսակցական լեզուն եղած է թրքերէն։
Գիրքին մէջ կան այրերու եւ կիներու տարիքներու նմանութիւնը բնորոշող երեւոյթներ, ինչպէս նաեւ հայկական առասպելներ ու մարդկային տարիքներու յատկանիշները։ Այդ բոլորը թէ հայերէն եւ թէ անգլերէն լեզուներով գրուած է գիրքին մէջ։
Այս գիրքը կարելի է ստանալ Ապրիլ գրատունէն։
Abril Bookstore (Arno Yeretzian)
1022 E. Chevy Chase Drive, Suite C
Glendale, CA 91205
(818) 243-4112
noor@abrilbooks.com