ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Ամուսնութեան մը Արտասովոր Վայրը . . .
Ամուսնութիւնները երկու ձեւով տեղի կ՛ունենան, կամ եկեղեցական արարողութեամբ եւ կամ ալ քաղաքացիական պարզ ձեւակերպութեամբ։ Բայց նոյնիսկ եկեղեցական արարողութեան համար՝ նախ պէտք է քաղաքացիական արտօնութիւն (permit) ստանալ։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պսակադրութեան արարողութիւն չարտօնէր եկեղեցիէն դուրս, սակայն ոչ հայկական եկեղեցիներ թոյլ կու տան որ իրենց կղերականները պսակադրութեան արարողութիւն կատարեն, եկեղեցիէն դուրս՝ բացօթեայ պարտէզներու մէջ եւ նոյնիսկ բաց ծովուն վրայ խարիսխ նետած նաւերու վրայ . . .
Մեր այսօրուան պատմութիւնը մեզի կու գայ Անգլիոյ Միլթոն-Քինս քաղաքէն, որ կը գտնուի Լոնտոնէն 50 մղոն դէպի հիւսիս արեւմուտք։ Իսկ մեր հերոսներն են 36 տարեկան շտապ օգնութեան ինքնաշարժի մէջ աշխատող Սայմըն Օ՛Պրայընը եւ 31 տարեկան հիւանդապահուհի Էլիզապէթ Քըրը։
Անոնք նշանուած են եւ որոշած էին ամուսնանալ անցեալ տարուան Յունիս ամսուան մէջ։ Սակայն Պսակաձեւ Ժահրի համաճարակը արգելք հանդիսացաւ որ անոնք կարենան ամուսնանալ որոշեալ օրը, ուստի կամքէ անկախ պատճառներով յետաձգուեցաւ այդ ամուսնութիւնը։
Հիմա Յունիս 2020-էն սկսեալ, օրացոյցի թերթիկները արագ-արագ փրցնելով (fast forward) հասնինք 2021- Յունուար ամսուան՝ եւ տեսնենք թէ ի՞նչ պատահեցաւ այդ զոյգին։
Դժբախտաբար երկուքն ալ պսակաձեւ ժահրէն վարակուած ըլլալով եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը՝ Յունուար ամսուան 9ին, անոնք շտապ օգնութեան նոյն ինքնաշարժով կը տեղափոխուին վերոյիշեալ քաղաքի համալսարանի հիւանդանոցը, դարմանումի համար։
Երեք օր վերջ՝ Սայմընի առողջական վիճակը սկսած էր վատթարանալ եւ զինք խնամող բժիշկները կ՛որոշեն զինք փոխադրել հիւանդանոցի ծանր հիւանդներու յատկացուած (Intensive Care Unit) յարկաբաժինը:
Բայց հոն չփոխադրուած՝ անակնկալ մը կ՛սպասէր իրեն։ Արդարեւ հիւանդանոցի անձնակազմը՝ տեղեակ ըլլալով նշանուած զոյգի կացութեան, անմիջապէս պսակադրութեան արարողութիւն մը կը կազմակերպեն եւ մեր սիրահարուած զոյգը (տես նկարը) կ՛ամուսնանայ։ Իսկ կարկանդակը (cake) կու գայ հիւանդանոցի խոհանոցէն . . .
Ահա քեզի օրինակ մը, նեղ կացութենէն փրկելու իրավիճակ մը՝ որ պէտք էր տեղի ունենար վեց ամիս առաջ։ Բայց աւելի լաւ ուշ՝ քան երբեք, չէ՞ք խորհիր!
Տարօրինակ Երգահանդէս մը . . .
Այս երգահանդէսը տեղի ունեցած է Օքլահոմա նահանգի Օքլահոմա քաղաքին մէջ, Ուրբաթ եւ Շաբաթ 22 եւ 23 Յունուարին։ Բայց ինչո՞ւ տարօրինակ որակեցի այս երգահանդէսը, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Նախ փոքր ներածական մը հարկաւոր է, առաջ որ մեր բուն նիւթին անցնիլը։ Ուրեմն բոլորս ալ գիտենք որ Պսակաձեւ Ժահրի համաճարակը շատ բան փոխեց մեր առօրեայ կեանքէն եւ գործունէութիւններէն։ Գոց վայրերու մէջ տեղի ունեցած գործունէութիւնները բոլորովին դադրեցան։
Օրինակ՝ եկեղեցական արարողութիւնները, ճաշարաններու սպասարկութիւնները, մարմնամարզանքի սրահներու գործածութիւնը եւ այլն։ Նոյնիսկ մարզական խաղերը սկսան տեղի ունենալ առանց հանդիսատեսներու։
Վերադառնալով մեր երգահանդէսին՝ թէեւ բացօթեայ վայրի մը մէջ տեղի ունեցաւ ան, սակայն անսալով համաճարակի առթիւ նախատեսուած սեղմումներուն, հետեւեալ զգուշութիւնները գործադրուեցան։ Արդարեւ՝ բեմին վրայ թէ բեմէն վար, բոլորը պատուած էին հսկայ պղպջակներով (տես նկարը)։ Իսկ այդ պղպջակները (bubbles) օժտուած էին լսողական յատուկ (listening device) գործիքներով, որպէսզի հանդիսատեսները կարենան հետեւիլ երաժշտութեան . . .
Է՜հ, կը տեսնէ՞ք ներկայ արուեստագիտութիւնը (technology) ու՜ր հասած է։ Այս բոլորը տեղի ունեցած է որպէսզի մարդիկ կարենան առանց վախի երգահանդէսներու ներկայ գտնուիլ եւ վայելել արդի երաժշտութիւնը!
