Կիրակի, 8 Հունիսի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Քօլօմպիա Համալսարանի Համաշխարհային Մտքի Յանձնաժողովի Եւ Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Գործակցութեամբ, Փոխուող Աշխարհի Մէջ Երիտասարդութեան Ծրագրին Մասին Աշխատաժողով

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Աշխարհը արագօրէն  փոփոխութեան մէջ է: Թուային ուսուցմունքները կը նպաստեն համաշխարհային փոխ-յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարբեր ժողովուրդնե-

րու միջեւ եղած տարաձայնութիւններուն աճին վրայ: Կլիմայի փոփոխութիւնը, կրթութիւնը, ապահովութիւնը,  քաղաքական բեւեռացումը, այն խնդիրներն են որոնք կը ծանրանան աշխարհի երիտասարդութեան ուսերուն վրայ: Առաւել եւս Քօրօնա Ժահրին տարածումը, երիտասարդներուն մտահոգութիւնները աւելի սրած է եւ իրենց կեանքը աւելի անորոշ դարձած:

Երբ հարցը կը վերաբերի Լիբանանին, երիտասարդութիւնը տարբեր չէ: Լիբանանը աննախընթաց փլուզում կը դիմագրաւէ. Պէյրութի Նաւահանգիստին 4 Օգոստոս 2020-ի պայթումը, քաղաքական պառակտումները, կառավարական անել վիճակը, տնտեսութեան վատթարացումը, դրամանիշին անկումն ու կենսոլորտի անմաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ Քօրօնա Ժահրին պատճառած արագավազ  ու  անսահման վնասները: Լիբանանի երիտասարդները ունին խօսելիք ու քննարկելիք շատ նիւթեր, մասնաւորապէս այն միջավայրին մէջ, ուր իրենք կը զգան որ ոչ  լսելի եւ եւ ոչ ալ գնահատուած:

Առցանց աշխատաժողով մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ,  13 Փետրուար 2021-ին, Պէյրութի ժամով  կէսօրէ ետք՝  3:30-ին,  Քօլօմպիա Համալսարանի Դրամագլուխի շահերու հարկին կողմէ կազմակերպած  Փոխուող Աշխարհին մէջ Երիտասարդութեան ծրագրին որպէս մասնակից:  Այս նախագիծին նպատակին անդրադառնալով, ներածական խօսքով, համաշխարհային մտքի գլխաւոր գիտաշխատող Դոկտ. Լորա Նէյձէլ նշեց թէ այս նախագիծը մեկնարկուած է 2017-ին, համագործակցաբար Քօլօմպիա համաշխարհային կեդրոններուն հետ: Փոխուող Աշխարհին մէջ Երիտասարդութեան (YCW) ծրագիրը,  համաշխարհային ծրագիրներու շարք մըն է, ուր երիտասարդները միասնաբար կը  քննարկեն թէ ինչպէս իրենց ապագայի նկրտումները ազդուած են  արագօրէն փոխուող այս աշխարհին մէջ: 2018-էն սեմինարներ կազմակերպուած են Պրազիլի, Յորդանանի, Թիւնիզի, Քինիայի, Թուրքիոյ, Հնդկաստանի եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ:

Դրամագլուխի Շահերու Հարկին սեմինարը եւ խմբային հարցազրոյցները կեդրոնացած կ՛ըլլան երիտասարդներուն եւ անոնց կարծիքներուն վրայ, տարբեր նիւթերու եւ խնդիրներու շուրջ: Այս աշխատաժողովին մասնակցելու համար արձանագրուած էր 30  հոգի, որոնցմէ  23-ը խմբային աշխատանքներուն մասնակցեցան: Հայ եւ ոչ-Հայ  երիտասարդները՝ բարձրագոյն դասարաններու, համալսարանական, համալսարանա- ւարտ ուսանողներ եւ արհեստավարժներ էին:

Մասնակցողները՝ բաժնուեցան հինգ  գլխաւոր խումբերու, իւրաքանչիւրը ունենալով իր համադրողը: Աւելին, ամէն մէկ խումբ քննարկեց մէկ թեմա, զոր կը վերաբերէր այսօրուայ երիտասարդութեան, ու արագօրէն փոխուող աշխարհին ազդեցութեան՝ իրենց ամէն մէկուն վրայ: Գաղափարներու փոխանակումէն ետք, խումբերուն  մասնակիցները առցանց նկարչական հարթակի միջոցով միասնաբար աշխատակցեցան գծագրութիւններուն շուրջ: Այս վարժութիւնը բաղկացած էր իւրաքանչիւր խումբի ստեղծած մէկ գծագրութենէն ամէն մէկ մասնակիցի կողմէ, զոր կ՛արտացոլէ իր թեման  ու նախորդ քննարկումները:

Հինգ թեմաներն էին.-  Ապագայի ձգտումներ, կրթութիւն եւ աշխատանքի ապագայ, թուային արուեստագիտութիւն, ինքնութիւն եւ հաղորդակցութեան կապ, ապահովութիւն եւ բարեկեցիկ վիճակ, որպէս փոփոխութիւններու գործակալներ եւ վերջապէս աշխարհին ու երիտասարդութեան հետ ներգրաւուածութիւն:

Մասնակիցներուն իւրաքանչիւր թեմային շուրջ տրուեցան բաց հարցեր եւ ապա իրենց միջեւ եղան քննարկումներ,  խրախուսուեցան  ու քաջալերուեցան: Խումբերու հարցազրոյցներն ու համատեղ նկարները կատարելէն ետք, մասնակիցներուն առաջարկուեցաւ վերադառնալ   հիմնական սենեակ ու միասնաբար քննարկուեցան իրենց  գծագրութիւնները: Արծարծուեցան նաեւ յաւելեալ գաղափարներ՝ Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ երիտասարդութեան գոյավիճակին մասին: Մասնակիցները՝ կարեւորեցին ու իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին՛ իրենց կեանքին ու ապագային, ինչպէս նաեւ աշխարհին ու իրենց երկիրներուն ապագային  վերաբերեալ: Ապա, անոնք կրցան իրենց առաջարկները փոխանցել Փարիզի երիտասարդութեան, ուր յաջորդ աշխատաժողովը պիտի կայանար:

Սեմինարը եզրափակեց ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Վարիչ-Տնօրէնուհի Օրդ. Արին Ղազարեանը, շնորհակալութիւն յայտնեց    անձնակազմին, սեմինարը վարողներուն ու ամէնակարեւորը՝ մասնակիցներուն, որոնք լաւագոյնս նպաստեցին ձեռնարկին յաջողութեան: «Ինչէս կ՛ըսէ մեր ատենապետը՝ Պրն. Ժէրար Թիւֆէնքճեան.-  երիտասարդութիւնը  ապագայի յոյսն է ու շատ կարեւոր է ներդրումներ կատարել անոնց մէջ ու լսել իրենց ըսելիքները» եզրափակեց Օրդ. Ղազարեան:

Փոխուող Աշխարհին մէջ Երիտասարդութիւն(YCW)-ՀԲԸՄ Լիբանանի միացեալ աշխատաժողովը կարեւոր է, որովհետեւ այդ կը քննարկէ երիտասարդութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ իրենց շրջաններուն միջեւ առաւել եւս կարեւոր մարտահրաւէրներու     ու փոփոխութիւններու վերաբերող հարցերը: Նման սեմինարներ եւ դասընթացքներ կազմակերպելով ուրիշ երկիներու մէջ եւս, համաշխարհային զրոյցներ կը հաստատուին աշխարհի տարբեր բնակչութիւններու եւ համայնքներու երիտասարդութեան միջեւ: Այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ տարբերութիւններ եւ ընդհանուր հիմքեր պարզել համաշխարհային երիտասարդութեան բնակչութեան միջեւ:

ՀԲԸՄ Լիբանանը հպարտ է որ համագործակցեցաւ վերոյիշեալ սեմինարին, որ լոյս կը սփռէ տարբեր փոփոխութիւններու վրայ, որոնց ականատես եղած են Լիբանանցի երիտասարդները, հաշուի առնելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց կը բախին աշխարհն ու երկիրը: Հակառակ այդ խոչընդոտներուն, երիտասարդները պատրաստ չեն յանձնուիլ ու կը փորձեն տեսնել իրենց կեանքի դրական ու յուսադրիչ կողմերը:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img