Երկուշաբթի, 2 Հունիսի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. Յարութիւն Պ․ Խալիպեանց

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Յարութիւն Պ․ Խալիպեանց (22 Փետրուար 1790, Նոր Նախիջեւան — 1871)

Ծնած է Նոր Նախիջեւանի մէջ 22 Փետրուար 1790-ին, իր պապն էր Յարութիւն Սպանդարեան, որ յետոյ կոչուեր է Խալիպեան։ 1760 թուականին՝ Յարութիւն աղա, Խրիմէն եկած է Ագուլիս քաղաքին քովերը՝ գիւղ մը։ Խրիմի այդ քաղաքը Թէոդոսիա, իր բնակութիւնը հաստատելով, տեղւոյն Անեցի ժողովուրդին հետ մտերմացեր եւ մեծ յարգանք ու պատիւ ստացեր էր, երբ Խրիմի հայերը Նոր Նախիջեւան գաղթել կ’ուզեն 1777-ին, ժողովուրդը զինք պատգամաւոր կ’ընտրէ, որ երթայ Ազովի կողմերը՝ բնակութեան համար յարմար տեղ մը ընտրելու։

Այդ գործը յաջողութեամբ աւարտելով դարձեալ ժողովրդին խնդրանքով Փեթերսպուրկ գացեր է, ուր՝ Նախիջեւան գացող հայերուն համար «Կատարինէ կայսրուհի»էն ընդուներ է պարգեւագիր մը, որուն առանձնաշնորհումները երկար ատեն վայելեցին Նախիջեւանի հայերը։

Յարութիւն աղա Փեթերսպուրկի մէջ կը մահուան , իր որդին Պօղոս Խալիպեան նախիջեւան գացող ժողովրդեան գլխաւորներէն ըլլալով, մեծամեծ օգնութիւններ կ’ընէ ժողովուրդին ու Ռուս տէրութեան կողմէն ալ աստիճանի արժանանալով կը մահուան , տղայ հասակին մէջ, որբ թողնելով Յարութիւն Խալիպեան իշխանը։

Յարութիւն իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ կոստանդնուպոլսեցի Յովհաննէս վարժապետէն, իր ընկերներուն մէջ ամէնէն յառաջադէմը կ’ըլլայ, այնպէս որ երկու տարուան մէջ կը սովրի քերականութիւն եւ ճարտասանութիւն։ Ամուսնացած է 1815-ին, փեսայանալով Նախիջեւանցի Օտապաշեան Գէորգի։

Յարութիւն Խալիպեան չորս անգամ շարունակաբար ընտրուեցաւ քաղաքական գլուխ (Ռուսերէն կօլօվա) պաշտօն, զոր վարեց տասներկու տարի ու Տէրութենէն ընդունեց Խորհրդական պատուոյ աստիճանը։

Խալիպեան Յարութիւն իշխանը պարզ եւ համարձակ, միանգամայն խոհեմ ու խորագէտ բնաւորութեամբ, գործունեայ, հայրենասիրութեամբ սիրելի եւ պատկառելի եղած է թէ՛ քաղաքացիներուն եւ թէ՛ Տէրութեան նոյն ժամանակի քաղաքագէտներուն, որոնցմէ օգտուիլ ուզեր է, իր անձէն աւելի, ազգին պէտքերուն համար։ Իր իշխանութեան ժամանակ Նախիջեւանի ազատութիւնները և արտօնութիւնները անթերի պահպանել յաջողելով՝ քաղաքին մեծամեծ օգուտներ ըրած է։ Երկու անգամ նախիջեւանը կը պահանջէր՝ մօտաւորապէս 442 հազար ռուբլիէն աւելի, Խալիպեան այդ պարտքէն ազատելէն զատ նաեւ քաղաքին մէջ հաստատած է դեղարան, գաւառական դպրոց ու թղթատուն, ասկէ զատ դատական գործերուն լաւ ուղղութիւն մը տուած էր, որով 1844-ին՝ երբ կառավարութենէն քննիչ եկած է, գոհ մնալով, ի վարձ իր ծառայութիւններուն, Տէրութենէն ընդունած է անգամ մը թանկագին ժամացոյց, երկու անգամ ալ Ձարին կողմէ բարեհաճութեան նամակ։

Իր գործերուն մէջ ամէնէն նշանաւորն է երջանկայիշատակ Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսին հետ ունեցած մտերմութիւնը եւ իրեն յանձնուած ծանր պաշտօնը։

Ներսէս 1805 թուականէն մասնաւոր համակրանք ունեցաւ իշխանին վրայ, երբ ան պատանի՝ Յովհաննէս Վարժապետի քով կը սովրէր։ Ներսէս այն ատեն ծայրագոյն վարդապետ էր։

Յետոյ 1828-ին երբ առաջնորդական պաշտօնով Թիֆլիսէն «Քիշնեւ» կ’երթար, Նախիջեւանէն անցած ժամանակ դարձեալ մտերմացաւ Յարութիւն իշխանին հետ, իսկ 1842-ին սկսաւ անոր յանձնել վիճակին մէջ եղած եկեղեցական դրամները ժողովելու, ցրուած գումարները հաւաքելու ու իր քովը ամբողջը պահելու հոգը։

Տեսնելով այս գործին մէջ անոր ցոյց տուած եռանդն ու հաւատարմութիւնը, հետզհետէ այնքան աւելցուց անոր վրայ վստահութիւնը, որ վիճակին հոգեւորական դատարաններուն վերատեսուչ անուանեց, Կաթողիկոս ըլլալէն ետքն ալ, Մայր-Աթոռին գործակատար անուանեց զինքը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img