Երրորդ յաջորդական օրը ըլլալով, լիբանանեան դրամանիշը արժէքի անկում կ՛արձանագրէ, որպէս արդիւնք տնտեսաքաղաքական եւ քորոնաժահրին պատճառած իրավիճակին:
Լիբանանեան թղթոսկին ամերիկեան տոլարի 1 տոլարի դիմաց երէկ սեւ շուկայի վրայ հասաւ 9,650-9,700-ի:
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 2019-էն իվեր, լիբանանեան թղթոսկին կորսնցուցած է իր արժէքին 85 տոկոսը: Լիբանանցիներու 50 տոկոսը այսօր աղքատութեան գիծէն վար կ՛ապրի: Մինչ ապրանքներու գինը ամէն օր բարձրացում կ՛արձանագրէ, քաղաքացիներ կան, որոնք կարող չեն իրենց տարրական պէտքը ապահովել: