Հինգշաբթի, 5 Հունիսի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Սփիւռքահայ Կեանք. Գործակցութեան հրաշալի օրինակ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Մելինէ Էլեան, Հուրի Խեչումեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3-րդ դասարանցիներ եւ Artsakhsnvehr.org

Արցախցի հերոս հայուհի. «Մենք լաւ ենք, ուրիշի օգնէք»

Զրուցեց՝ ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Լոս Անճելըսի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3-րդ դասարանի աշակերտութեան ու անոնց ծնողներուն շնորհիւ, եւ ղեկավարութեամբ բազմավաստակ դաստիարակ-ուսուցչուհի Տիկին Հուրի Խեչումեանի, աւելի քան 40,000 տոլար հանգանակուած է մինչեւ օրս՝ Արցախի իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն համար: Կապող օղակը նուիրեալ այլ տիկին մըն է, նոյն վարժարանի նախկին ծնողք Մելինէ Էլեանը: Անոր բարեսիրական կազմակերպութեան միջոցով անցնող չորս-հինգ ամիսներուն ընթացքին գործակցութեան հրաշալի օրինակով մը հրաշք կը գործեն 9-10 տարեկան տղաքն ու աղջիկները:

Զրուցակիցներս խանդավառութեամբ կը ներկայացնեն այստեղ՝ Լոս Անճելըսի, եւ հոն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ կատարուող աշխատանքները: Ցաւին մէջ ուրախութեան, լաւատեսութեան, ապագային հանդէպ բարեկամեցողութեան նշոյլ մըն է անոնց կատարած գործը, որ նիւթական օժանդակութեան հաւասար եւ աւելի շարժո՛ւմ մըն է արթուն պահելու մեր մատղաշ սերունդը, կապելով զանոնք հող-հայրենիին հետ:

Արմատները կը կանչեն: Եւ այդ էր եղած պատճառը, որ Իրան ծնած, Եւրոպա անցած եւ Միացեալ Նահանգներ հասակ առած այս բարեհամբոյր տիկինը, որուն անունն է Մելինէ, ընտանեկան յարկի տակ ստանալով ազգային դաստիարակութիւն, տասնհինգ տարի շարունակ կ’այցելէ Հայաստան: Շուշիի մէջ մեծապէս նպաստած է կառուցելու ազգային գրադարանի շէնքը: Ան է պատմողը. «Վերջին 1-2 տարիներուն, թէեւ դժուարութիւններ կային համավարակի հետ կապուած, սակայն երբ այցելութեան հնարաւորութիւն եղաւ, մեկնեցայ Հայաստան: Երեւան կը գտնուէի արդէն ամիս մը, երբ Սեպտեմբեր 2020-ին պատերազմը սկսաւ: Երկու օր ետք ծրագրած էինք մեկնիլ Արցախ…»:

Մեր երկրորդ զրուցակիցը երուսաղէմահայ Հուրի Խեչումեանն է: Փոքր հասակէն ընտանիքին հետ գաղթած է Թենըսի, ապա անցնելով Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա: ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3-րդ դասարանի դաստիարակը նաեւ նոյն դպրոցի նախկին ծնողք է: Թող շարունակէ Հուրին.

Հուրի Խեչումեան. Արցախէն փախուստ տուած ընտանիքները հասած էին Սեւան քաղաք: Մելինէն Դիլիջանի մէջ տարածուն տեղ մը վարձելով, այդ ընտանիքները կը պատսպարէ հոն. լրիւ իր անձնական միջոցներով: Մեր գործակցութիւնը սկսաւ, երբ այդ փախստականներու եւ անոնց փոքրիկներուն մասին տեսանիւթ մը դիտեցի: Աստուած իմ, զանոնք նմանցուցի 3-րդ դասարանի աշակերտներուս… եւ անցանք գործի: Մէկ կողմէն Մելինէն եւ միւս կողմէն Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3-րդ դասարանի աշակերտներս՝ իրենց ծնողներուն սիրայօժար մասնակցութեամբ, անցանք գործի:

Առաջին ծրագիրը կօշիկներ նուիրելն էր: Աշակերտներուս ներկայացուցի Արցախի անցեալի պատմութիւնը եւ ներկան: Խանդավառութիւնը մեծ էր: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր տան գործերուն օգնելով պիտի աշխատէր կէս ժամ, գրէր այդ մասին եւ ծնողքէն անոր դիմաց օրական երկու տոլար պիտի ստանար: Երկու շաբաթ ետք գումարը 30 տոլարի պիտի հասնէր: 10 օր անցած էր, երբ մեր աշակերտները եւ արցախցի գաղթական երեխանաները իրարու հետ կապեցինք հեռակապով (Zoom): Ծրագիրը ներկայացուցի մեր վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեանին, Նախակրթարանի հայոց լեզուի համադրող ուսուցչուհի Տիկ. Մարալ Ոսկեանին եւ հայերէնի միւս ուսուցչուհիներուն: Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթն էր, 47 աշակերտները Հայաստանի դրօշակներով եւ զարդերով, իրենց ծնողներուն հետ միասին կապուեցանք Երեւան ու Դիլիջան՝ Մելինէին եւ արցախցիներու հետ: Այդ օր, Zoom-հանդիպումին շնորհիւ 12,000 տոլար խոստում ստացանք 3-րդ դասարանի ծնողներէն:

Որպէս յաջորդ քայլ, որոշեցինք, որ իւրաքանչիւր աշակերտ ձեռային աշխատանք մը պատրաստէ եւ ծախու հանենք: Այդ միջոցառումը տեղի ունեցաւ մեր բնակարանին առջեւ Հոկտեմբերի մէջ: Մեզի հետ էր Մելինէն, եկած էին մեծ թիւով ծնողներ, բարեկամներ, Fox 11 հեռատեսիլի թղթակիցը: Քանի մը ժամուան ընթացքին շուրջ 10,000 տոլար հաւաքեցինք աշակերտներուն պատրաստած ձեռայինները վաճառելով: Եւ միայն սկիզբ մը եղաւ այդ. որովհետեւ ընկերային ցանցերու միջոցով բարի լուրը տարածուեցաւ դպրոցական շրջանակէն դուրս եւս: Գումարը հասաւ շուրջ 45,000 տոլարի: Սկսանք գումարներ ղրկել Հայաստան, ուր Մելինէ Էլեանին ներկայացուցիչները՝ Վրոյրն ու Գայիանէն կը գնէին ու կը բաշխէին հազարէ աւելի ձմեռնային վերարկուներ, շապիկներ, ներքնազգեստներ, կօշիկներ: Եւ այս բոլորը 3-րդ դասարանին շնորհիւ:

Մ. Էլեան. Վիճակը ծանր էր: Շատեր անձնագիր չունէին, իրենց վրայի հագուստով փախած հասած էին Հայաստան: Մեր կարելիին սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսացանք: Մինչեւ 800 գաղթականի բաժնեցինք նաեւ սննդեղէն: Շատ շնորհակալ ենք Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3-րդ դասարանէն: Պատերազմի աւարտէն ետք, երբ գաղթական ընտանիքները վերադարձան իրենց գիւղերն ու քաղաքները, մենք պահեցինք կապը անոնց հետ:

Մեր ծրագիրներուն կարեւորագոյններէն է արցախցիները աշխատանքով ապահովելը: Տամ քանի մը օրինակ միայն: Նուիրատուութիւններու շնորհիւ, մեր կազմակերպութիւնը հայաստանեան արտադրութեան ձմեռնային 300 վերարկուներ գնեց եւ նուիրեց արցախցիներու: Ներկայիս երեք տիկիններու բուրդէ թելեր տրամադրած ենք, որպէսզի գործեն եւ ապա վաճառեն մեզի: Պուպրիկներ պատրաստել կու տանք, որոնցմէ մէկական հատ կը յանձնենք հովանաւոր ընտանիքներուն հոս՝ Լոս Անճելըսի մէջ: Եւ նման այլ ծրագիրներ:

Հ. Խեչումեան. Պատերազմը դադրեցաւ, բայց չենք կրնար մեր օգնութիւնը դադրեցնել: Չենք կրնար այդ ընտանիքները լքել:

Այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը ստուգէք, եթէ ընտանիք մը մէկ այլ կազմակերպութենէ եւս օժանդակութիւն կը ստանայ, Տիկ. Էլեան պատասխանեց.

Մ. Էլեան. Վրոյր Խաչատրեանը, մեր գործավարը, շատ արթուն է: Ան կ’այցելէ տուները եւ կ’արձանագրէ ինչ որ անհրաժեշտ է: Մեզի հետ երկար ժամանակ աշխատեցաւ նաեւ հոգեբան Գայիանէ Պետրոսեանը:

Խեչումեանն է դարձեալ. 40,000 տոլարը կը կարծէք, որ շատ մեծ գումար է, բայց այդպէս չէ:

Մ. Էլեան. Ըսեմ, թէ այդ 40,000-ը ճիշդ ձեւով կը գործածենք: Գումարը հաշուարկուած կը ծախսենք: Մսխում չկայ: Մեր բոլոր ընտանիքները գրանցուած են մեր քով, մանրամասն տեղեկութիւն ունինք անոնց մասին: Այստեղ կ’ուզեմ յիշել արցախցի կնոջ մը խօսքը: Անոնք կ’ապրին Դիլիջանի մէջ, գաղթական ելած էին Արցախի առաջին պատերազմին ժամանակ: Իսկ այս երկրորդ պատերազմին, ամուսինը կամաւոր մեկնած էր ճակատ: Երբ օգնութիւն կը բաշխէինք, հերոս հայուհին ըսաւ. «Մենք լաւ ենք, ուրիշի օգնէք»:

Հ. Խեչումեան. Հաց թխելու, կարի գործարաններու, պուպրիկներու պատրաստութեան եւ նման այլ աշխատանքներու հնարաւորութիւններ ստեղծեցինք: Դեռ շաբաթ մը առաջ 3-րդ դասարանը հաւաքեց հագուստեղէն եւ 12 մեծ տուփ ղրկեցինք Հայաստան եւ Արցախ:

Կապուեցանք լրագրող Արաքսեայ Կարապետեանին հետ. անոր Instagram live-ին միջոցով այդ երեկոյ շուրջ 20 հոգի դիմեց մեզի՝ դառնալու հովանաւոր: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ուղղակի հովանաւորութիւն է մեր առաջարկածը: Մենք կը ծանօթացնենք, կը կապենք երկու կողմերը իրարու եւ անոնք գումարը ուղղակի կը ղրկեն, կը մտերմանան:

Մինչեւ հիմա, մէկ ամսուան մէջ, «Արցախ Նուէր» ծրագիրին միջոցով 60-է աւելի սփիւռքահայ ընտանիքներ ապահովեցինք, որոնց 60 տոկոսը մեր դպրոցի երրորդ դասարանի ծնողներ են: Կապի մէջ են, կը հեռաձայնեն, կը գրեն: Հոն պատրաստուած պուպրիկ մը կը յանձնենք հոս՝ հովանաւոր ընտանիքին, շնորհակալագիրի մը հետ: Աշակերտները կը խենթենան, կը սիրեն եւ ամուր կապ մը ստեղծուած է անոնց միջեւ:

Մ. Էլեան. Վերադառնանք Դիլիջան: Պատերազմի օրերուն այնքան օգնութեան կարիքը կար, որ արդէն մեր ուժերէն վեր էր ամէն ինչ: Այդ օրերուն էր, երբ Հուրին ինծի հեռաձայնեց, տեղեկացնելով թէ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի իր աշակերտները կը փափաքին ինչ որ ձեւով օգնութիւն փոխանցել արցախցիներուն:

Հ. Խեչումեան. Մեր աշակերտները կապուեցան հայրենիքի հետ, սիրահարուեցան, իրենց արիւնին մէջ մտաւ հայրենասիրութիւնը: Վերջապէս, վաղը իրենք է որ պիտի շարունակեն մեր գործը: Այս է գլխաւոր կէտը, որուն համար կ’ուզեմ յառաջ մղել այս ծրագիրը:

Մ. Էլեան. Սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր ընտանիք պէտք է մէկ ընտանիքի օգնէ: Պատասխանատուութիւն ստանձնէ: Մեր նպատակը այդ է: Քաջալերել, որպէսզի աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ հոսկէ դառնան հովանաւորներ: Իսկ մենք մեր կարգին կ’օգնենք այլ միջոցներով:

Ինչպէ՞ս հովանաւոր դառնալ, կը հարցնեմ ես:

Հ. Խեչումեան. Ունինք երկու տարբերակ. ընտանիք մը, որ չորս հոգիէ կը բաղկանայ՝ հարիւր տոլար է ամսական հովանաւորչութիւնը, եւ երբ թիւով աւելի մեծ ընտանիք է՝ 150: Սակայն, մտերմութեան հետ նուէրներու քանակն ալ կ’աւելնայ: Հետաքրքրական է, որ աշակերտները անընդհատ կը մտածեն նոր գաղափարներու մասին՝ օգնելու համար Արցախին:

Մ. Էլեան. Այո, այդ ցանկութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ: Եւ կը մտածենք, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր յաջորդ ծրագիրը, որովհետեւ «Արցախ Նուէրը» պէտք է ինքն իրեն հանգիստ շարունակուի:

Հ. Խեչումեան. Ժամանակն է, որ արթննանք ազգովին, ալ կը բաւէ՛: Եւ ուր որ լաւ գործ մը կայ, այդ տեսնենք, գնահատենք, քաջալերենք:

Մ. Էլեան. Մենք պէտք է պետութեան եւ ժողովուրդին մէջքին ըլլանք, թիկունք կանգնինք: Դրականը տեսնենք եւ գրենք, տարածենք այդ մասին:

Զրոյցի աւարտին, Տիկ. Խեչումեան ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Արփի Աւանէսեանին, որ առաջին իսկ օրէն նեցուկ կանգնեցաւ եւ օրինական բոլոր միջոցները ապահովեց, որպէսզի գումարները կանոնաւորաբար ուղարկուին Հայաստան: Իր հերթին, Տիկ. Էլեան բարձրօրէն գնահատեց Հայաստանի իրենց գործընկերներ Վրոյր Խաչատրեանն ու Գայիանէ Պետրոսեանը, անոնց ուղղելով շնորհակալական ջերմ խօսքեր:

Կեցցէ՛ք տիկին Էլեան, տիկին Խեչումեան եւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 3-րդ կարգի աշակերտներ: Շա՛տ ապրիք:

Ընթերցող բարեկամ, այցելէ՛ www.Artsakhsnvehr.org կայք եւ ամիսը 100 կամ 150 տոլարով հովանաւորէ ընտանիք մը Արցախի մէջ, ուղղակի կապ հաստատելով անոր հետ:

Լոս Անճելըս

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img