Ռուսիա կը շեշտէ կարեւորութիւնը շուտափոյթ կերպով Լիբանանի նախարարաց խորհուրդի կազմութեան վրայ զայն անուանելով «առաքելութեան կառավարութիւն»: Ըստ Ռուսիոյ նորակազմ կառավարութիւնը պէտք է կազմուած ըլլայ արհեստավարժներէ, որոնք պէտք է լծուին երկիրը իր տնտեսական եւ ֆինանսական ծայրայեղ դժուարութիւններէն դուրս բերելու աշխատանքին:
Նշենք, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր Տուպայ այցելութեան ընթացքին հանդիպած է Ռուսիոյ Արտագին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ այնտեղ կը գտնուէր: