Երկուշաբթի 15 Մարտ 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայաստանեան եւ արցախեան լրատուամիջոցներու գլխաւոր խմբագիրներու առցանց տարածաշրջանային 5-րդ եւ վերջին ժողովը։
Համակարգող խորհուրդի անդամները զեկուցեցին նախորդ 4 առցանց տարածաշրջանային ժողովներուն մասին, որմէ ետք մասնակիցները քննարկումի ճամբով կատարեցին ընդհանուր գնահատականներ եւ առաջարկներ։
Քննարկումի թեմաները կը վերաբերէին յետպատերազմեան փուլին տեղակատուական խնդիրներուն, լրագրողական համահայկական ցանցի յաւելեալ կայացման, համակարգող խորհուրդի աշխարհագրութեան ընդլայնման եւ յառաջիկայ համաժողովի կազմակերպման անհրաժեշտութեան։
Համակարգող խորհուրդի անդամները հաստատեցին, որ շուտով տեղի կ՛ունենայ խորհուրդի լիագումար նիստ, ուր կը քննարկուին տարածաշրջանային 5 ժողովներու ընթացքին հնչած առաջարկները եւ յառաջիկայ գործունէութեան ծրագիրը։
Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները
Համակարգող Խորհուրդ