Կիրակի, 1 Հունիսի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի Լիակատար Նիստ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Երկու օրեր առաջ, Շաբաթ, 13 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ համա-ատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի առցանց նիստը։ Կրօնական Ժողովի անդամներուն կողքին, նիստին մասնակցեցան նաեւ թեմակալ առաջնորդներ եւ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։ Ժողովին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը «Հոգւոցն հանգուցելոց…» արտասանեց լուսահոգի Տ. Մեղրիկ սրբազանի հոգիին, որ վերջերս վախճանած էր՝ յիշելով, որ Միաբանութեան միջին սերունդին պատկանող մեր ծառայասէր միաբան հարերէն մէկը եղած է եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած մեր Ս. Աթոռի առաքելութեան։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ժողովական հայրերը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերը իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը կը շարունակեն՝ ծիսական, ընկերային ու վարչական մարզերէն ներս։

Հայրապետը յատկապէս շեշտեց, թէ ծիսական արարողութիւններու ու ընկերային աշխատանքներու ճամբով անհրաժեշտ է առաւելագոյն չափով հասնիլ մեր ժողովուրդին՝ անոր հաւատքը աւելի ամրապնդելու եւ մարդասիրական ծառայութեան ճամբով եկեղեցին աւելի կենդանի ներկայութիւն դարձնելու իմաստով։

Վեհափառ Հայրապետին ներածական խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին Դպրեվանքի, քրիստոնէական դաստիարակութեան, տեղեկատուութեան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեան, մատենադարանի, ձեռագրատան ու հնատիպերու պատասխանատու միաբանները եւ հակիրճ զեկոյցներ ներկայացուցին։ Իւրաքանչիւր  զեկոյցէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում։ Թեմակալ առաջնորդները անդրադարձան իրենց թեմերուն առնչուած կարգ մը կրօնական բնոյթ ունեցող երեւոյթներու։

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ողջունեց կատարուած աշխատանքները՝ յիշեցնելով, որ նկատի ունենալով ներկայ դժուար պայմանները, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի առցանց եւ այլ արդի միջոցներով ժողովուրդին հասնելու հրամայական աշխատանքին։ Ան նաեւ ողջունելով թեմերուն կողմէ կատարուող մարդասիրական աշխատանքները, անդրադարձաւ ընկերային ծառայութեան ծիրէն ներս Կաթողիկոսարանին տարած գործունէութեան՝ թէ՛ Լիբանանի թեմին եւ թէ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներուն ճամբով։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img