Վարդան Թաշճեան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ կը գրէ.
Կուսակցութիւններէն կը սիրեմ Պարսելոնան. Ինչո՞ւ. ունի աւանդոյթներ, որոնց չի դաւաճաներ եւ ընթացքին` կը ստեղծէ նորերը, ունի յստակ ղեկավար կազմ` յստակ պատասխանատուութիւններով, որոնց մէջ թերացման կամ ձախողման պարագային ենթակայ է հեռացման կամ փոփոխութեան, ունի “թիկունքային” ծառայութիւններու արհեստավարժ բանակ, որ լծուած է խումբի յաղթանակներու կերտման` թէկուզ լուսարձակներէ հեռու. բառին ամբողջական իմաստով թիմ է` դաշտին վրայ աշխատանքի բաժանման եւ փոխլրացման սկզբունքով, ընկերական ոգիով` ուղղուած յստակ նպատակի:
Այնտեղ անհատականութիւններ են` միութեան մը մէջ, որ կը սնանի անհատական ճիգերով եւ ինքը կը սնուցէ անհատները` որպէսզի գերազանցեն իրենք զիրենք. որ շնորհիւ իր վարչական ղեկավարութեան, ի զօրու է դէպի իրեն քաշել ներդրողներ` յանուն խումբի հզօրացման եւ պատանեկան իր հաւաքականներով կը մտածէ խումբի ապագային եւ ապագայի քատրերուն մասին:
Գալով համակիրներուն — անոնք հաւատարիմ են, քաջալերանքով ու կամաւոր աշխատանքներով` խաղցողներու կողքին, կը կատարեն կենդանի քարոզչութիւն` յանուն ամբողջին, իրենց մեծագոյն վարձատրութիւնը` կոլերն են ու յաղթանակները, բայց նաեւ գեղեցիկ խաղարկութիւնը. գիտեն ուրախանալ ու զօրակցիլ, բայց նաեւ խստապահանջ են, քնն-ա-դատ, եւ գիտեն դժգոհութեան ձայն բարձրացնել ձախողութիւններու ատեն:
Այս խումբի մարդիկ գիտեն ազնուօրէն մրցիլ (փոքր խարդախութիւնները Աստուած կը ներէ), օրական մարզուիլ, քափ քրտինք կտրած` վազել մինչեւ վերջ, հետապնդել գնդակը` դաշտի բոլոր կողմերուն եւ նպատակաուղղուած մնալ բերդը գրաւելուն` ըստ կարողութիւններու առաւելագոյնին. խաղի ընթացքին փոխարինուելու պարագային` հազուադէպ է որ կը բորբոքին, մամուլի ասուլիսներուն կը խօսին կարճ, յստակ եւ դիպուկ, չեն նախանձիր իրարու եւ միշտ գիտեն պաշտպանել հասարակաց գետին մը` ամենամեծ տարակարծութիւններու պարագային, այլապէս կ’ընդունին հաւաքել ճամպրուկը ու մեկնիլ:
Յաղթանակի պարագային գիտեն ուրախանալ եւ ուրախացնել, պարտութեան պարագային` արժանապատուօրէն ախոյեանի ձեռքը սեղմել կամ արցունքները սրբել: Վերջապէս` շապիկը չէ որ զիրենք կ’արժեւորէ, իրենք են որ հագուած շապիկնին կ’արժեւորեն` իրենք է որ Պարսելոնա անունը կը կերտեն` իրենց օրին եւ իրենց ուժով: Անշուշտ այս բոլորը պարապութեան մը մէջ “չեն պատահիր”. անոնք տեղի կ’ունենան ծիրերուն մէջ օրէնքներու, փորձուած ու տեւապէս բարեփոխուող կարգաւորումներու եւ … Մարզական մշակոյթի մը, առանց որոնց, ամէն ինչ կրնար նմանիլ մորթազերծութեան տեսարանի, բերդի ցանցը` մոռցած: