Լիբանանի Ապահովական Գերագոյն Խորհուրդը Ուրբաթ օր որոշեց յառաջիկայ տօնական օրերուն ընթացքին եռօրեայ արգելափակումներ պարտադրել Լիբանանի տարածքին զսպել փորձելու համար քորոնաժահրի սանձարձակ տարածումը տօնական հաւաքներուն ընթացքին:
Նշեալ արգելափակումները պիտի պարտադրուին Ապրիլի 3 – 5:
Ժողովը, որ կը գլխաւորէր Նախագահ Աուն մասնակցութեամբ առնչուած նախարարներուն որոշեց գիշերուայ ժամը 22:00էն առաւօտեան 3:00 տեղափոխութիւնները ամբողջութեամբ արգիլել, նոյն ժամանակ արտօնելով փոքրաքանակ վաճառքի խանութներուն եւ ճաշարաններուն սովորականէն երկու ժամ աւելի բանալ իրենց դռները :