Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Նամակ Ամերիկայէն 15. Ուաշինկթըն, Մոսկուա եւ Անգարա Եռանկիւնը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Արտակարգ երեւոյթ մըն է ժամանակակից քաղաքական կեանքէն ներս, երբ Միացեալ Նահանգներու նման գեր-պետութեան նախագահը՝ Ճօ Պայտըն, մրցակից երկրի մը նախագահին «մարդասպան» մակդիրը կը վերագրէ: Արդարեւ անցեալ շաբաթ, ԱՄՆ-ի նախագահը հեռուստատեսիլի ABC կայանէն հանրածանօթ լրագրող (ծագումով յոյն) Ճորճ Ստեփանափուլոսի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց թէ Ռուսական Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը «մարդասպան» մըն է:

Քրեմլինի հակազդեցութիւնը եղաւ արագ եւ ազդու: Ռուս նախագահը հեռուստատեսիլէն ելոյթ ունենալով մերժեց անարգ այս ցեխարձակումը: Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ զգուշացուց թէ նման արտայայտութիւններ կը ձգտին ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները անվերադարձ անկումի առաջնորդել: Խօսքէ գործի անցնելով. Մոսկուան ետ կանչեց Ուաշինկթընի մօտ իր դեսպանը:

Ամերիկեան, ինչպէս նաեւ եւրոպական մամուլը անտեսեց Պայտընի ցաւալի ակնարկը:

Հետաքրքրականօրէն, Թուրքիոյ նախագահ Էրտոկանը ակնարկելով ամերիկացի նախագահին Փութինի դէմ կատարած նուաստացուցիչ արտայայտութեան «անվայել» անուանեց զայն: Պոլսոյ մէջ Թուրք լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Թուրք նախագահը շեշտած է. «Անընդունելի կամ անպատշաճ է որ պետութեան մը գլխաւորը՝ ուրիշ մէկ պետութեան մը գլխաւորին դէմ նման արտայայտութիւն մը ունենայ»: Ան այսպէս բնութագրեց ռուս նախագահին պատասխանը «Պատշաճ եւ իմաստուն»:

Թուրքիան ճիգ չի խնայեր իր կաղացող յարաբերութիւնները բարելաւել Ուաշինկթընի հետ: Ցարդ բոլոր այս փորձերը կը մնան ամուլ: Արդէն իսկ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր նախագահ Պայտըն Սպիտակ Տան ղեկը ձեռք առած է, մինչ նախագահ Էրտոկան տակաւին հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած չէ Պայտընի հետ:

Հոս տեղին է յիշել թէ նախկին նախագահ Թրամփ հրահանգ տուած էր իր պաշտօնակիցներուն անմիջապէս փոխանցել Էրտոկանի հեռաձայնային կապը: Տակաւին քանի մը օրեր առաջ ԱՄՆ-ի պետական Պաշտօնական Բանբերը մատնանշեց թէ սխալ պիտի ըլլայ եթէ թուրք կառավարութիւնը արգիլէ քրտամէտ կուսակցութեան գոյութիւնը, որուն նախագահը եւ քանի մը ակնյայտ ղեկավարները 3 կամ 4 տարիներէ ի վեր բանտարկուած կը մնան, զրկուած ըլլալով կանոնական դատավարութիւններէ:

Արհամարհելով Ուաշինկթընի բազմաթիւ ազդարարութիւնները երեք տարիներ առաջ, նախագահ Էրտոկան որոշեց Ռուսական S400 արդիական հակաօդային սարքաւորումներ գնել Մոսկուայէն՝ վճարելով երեք միլիառ տոլարի գումար մը: Սպիտակ Տունն ու ամերիկեան Քոնկրէսը խիստ պատժամիջոցներ խոստացան: Արդիւնքը՝ թուղթէ վագր մը միայն:

Նախագահ Էրտոկանը Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համաչափ պահելու արուեստը հասցուցած է բարձրագոյն գագաթի: Սուրիոյ մէջ ձախողցուց ամբողջական զինուորական յաղթանակը Դամասկոսի, հակառակ դաշնակից Ռուսիոյ ներկայութեան եւ Իրանի կենսական նեցուկին: Լիպիոյ մէջ իր կատարած զինուորական միջամտութիւնը կասեցուց Մոսկուայի յառաջխաղացքը: Շուրջ երկու հազար ռուս վարձկան ուժեր, որոնք Մայրաքաղաք Թրիփոլիի արուարձաններուն մէջ դիրք բռնած կը ղեկավարէին Լիպիական Ազգային բանակի միաւորներուն գրոհները գրաւելու համար Թրիփոլին, 24 ժամուան ընթացքին, թուրք ուժերու կարգադրութեամբ, անակնկալ կերպով լքեցին իրենց դիրքերը եւ տեղափոխուեցան երկրին հարաւակողմը: Ղարաբաղեան պատերազմին իր գործօն մասնակցութիւնը բերելէ ետք, Ռուսիոյ գիտակցութեամբ, Թուրքիան այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ զինուորական ներկայութիւն մը ունի, իրականացնելով հարիւր տարիներու իր երազը:

Ուաշինկթընի տածած երեւութական վերապահութիւնները Անգարայի նկատմամբ թուրք-ամերիկեան փոխադարձ շահերու օղակը չեն կրնար խորտակել: Թուրքիան լաւապէս կը գիտակցի թէ Պայտընի Ռուսիան առանձնացնելու քաղաքականութեան շրջագիծէն ներս, իր դերը կը մնայ անփոխարինելի: Ինչպէս նշեցինք, Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ հարաւային Կովկասի մէջ, Ռուսիան դէմ յանդիման կը գտնուի Թուրքիոյ հետ:

Էրտոկանի նման լարախաղաց ղեկավարի մը համար մեծապէս ձեռնտու է Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւններու ձգտուածութիւնը: Թուրք նախագահը կրնայ դառնալ աւելի համարձակ՝ հետապնդելով իր երկրին շահերը եւ աւելի խիզախ եթէ ոչ ակրեսիվ քայլեր առնել իր տարածաշրջանէն ներս: Եւ եթէ նոյնիսկ հազուադէպ պարագաներու թուրք-ամերիկեան շահերը  ըլլան հակոտնեայ, կարելի է ակնկալել թէ ամերիկան պատրաստ պիտի ըլլայ զիջելու՝ որպէսզի իր կրտսեր դաշնակիցը՝ Ռուսիան սահմանափակելու իր դերը շարունակէ խաղալ:

Քրեմլինի ղեկավարութիւնը սոսկ ցնորք մէջ կ’ապրի, յուսալով որ Մոսկուա-Անգարա կապերու գօտեպնդումը՝ եթէ ոչ քաղաքական, այլ տնտեսական-ռազմական կապերու առանցքով կրնայ սատարել ՆԱԹՕ-ի տկարացման: Հասկնալի է անշուշտ թէ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի երկրորդ «ամենահզօր» բանակը ունի- ըսենք թէ ամենաբազմամարդ բանակը՝ Միացեալ Նահանգներէն ետք: Այսօր, ռուսական արտածումներու երկրորդ մեծագոյն շուկան Թուրքիան կը ներկայանայ, Չինաստանէն ետք:

Քրեմլինը լաւապէս կը գիտակցի թէ Ուաշինկթըն այդքան բարեացակամ կեցուածք պիտի չորդեգրէ Մոսկուայի նկատմամբ, այնքան ատեն երբ Փութին իր երկիրը կը հակադրէ արեւմտեան աշխարհին: Յատկապէս Պայտընի նախագահութիւնը, զոր քաղաքական դէտեր արդարացիօրէն կ’ակնարկեն «Օպամա Բ» վարչակարգ, բաւարարուած պիտի ըլլայ Ռուսական Դաշնութիւնը զսպել իր սահմաններէն ներս, զրկել Ռուսիան զարգացնելու իր տնտեսութիւնը, զրպարտել Քրեմլինը այն ինչ որ հաճելի չի թուիր Ուաշինկթընին: Առաւել, Ուաշինկթընի  «չքնաղ երազը» պիտի ըլլայ Ռուսիան վերածել Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ կամ Սպանիոյ դասակարգի երկրի մը:

Արեւմուտքի մէջ գործող քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնք տակաւին գինովցած կը մնան Սովետ Միութիւնը տապալած ըլլալու յաղթանակով, լրջօրէն կը հետապնդեն Փութինի միապետական վարչաձեւը ընկճելու քաղաքական վարքագիծ մը:

Ժողովրդային առածը կ’ըսէ. Եթէ զիս առաջին անգամ խաբես՝ ամօթ քեզի, իսկ երբ երկրորդ անգամ խաբես զիս՝ ամօթ ինծի՝ Փութինը քաջ գիտնալու է այս մէկը:

Հակառակ նախագահ Պայտընի անարգանքին՝ Ռուսիոյ նախագահը ձիթենիի ճիւղ մը երկարեց ամերիկացի տարեց նախագահին, առաջարկելով բաց հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունենալ երկուստեք, արծարծելու առաջադրութեամբ երկու հսկաները յուզող հարցեր եւ այս՝ լուսաբանելու համար ամերիկացի եւ ռուս ժողովուրդները: Երբ Սպիտակ Տան Բանբերին հարց տրուեցաւ թէ ի՞նչ է նախագահ Պայտընի հակազդեցութիւնը այս առաջարկին՝ Բանբերուհին պատասխանեց թէ ամերիկացի նախագահը բազմազբաղ է:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img