Մարկրիթ Հիլտա Թաչըր, (անգլերէն՝ Margaret Hilda Thatcher, Պարոնէս Թաչըր, ծնեալ Ռոպերթս, 13 Հոկտեմբեր 1925, Կրանթհամ — 8 Ապրիլ 2013, Լոնտոն) եղած է Անգլիոյ վարչապետ 1979-1990, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ Պահպանողական կուսակցապետը՝ 1975-1990:
20-րդ դարու ամէնէն երկար ժամանակ Անգլիան կառավարող վարչապետը եղած է ինչպէս նաեւ միակ կին վարչապետը՝ պատմութեան մէջ։ Խորհրդային լրագրող մը զինք կոչած է «Երկաթեայ Կին», անոր քաղաքական ղեկավարութեան գերազանց կարողութիւններուն համար։ Ան զարգացուցած է օրէնքներ, որոնք հետագային դարձած են Թաչերիզմ:
Մասնագիտութեամբ հետախուզող քիմիագէտ եղած է, յետոյ ընտրուած է խորհրդարանի անդամ Ֆինչլիի համար 1959-ին։ Էտուարտ Հիթ զինք նշանակած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար 1970-ին։ 1975-ին, Հիթի յաղթանակով՝ կը դառնայ Ընդդիմադիր Կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ առաջին կին կուսակցապետը՝ Անգլիոյ մէջ։ 1979-ին, վարչապետական ընտրապայքարէն յաղթական դուրս կու գայ։
2002-էն սկսեալ Թաչըր քանի մը անգամ սրտի տագնապներ անցուցած է, սակայն 2013-ին այդ մահաբեր եղած է:
Թաչըր երկրորդ անգամ վարչապետ կ’ընտրուի 1983-ին, իսկ երրորդ անգամ՝ 1987-ին։