Շաբաթ 24 Ապրիլ 2021-ի կէսօրին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը եւ Սիրիանիներու (Արամէական) Միութեան Համաշխարհային Կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սիրիանիներու «Սէյֆօ»ի զոհերուն: Սէյֆօ, որ արամէական լեզուով կը նշանակէ սուր, կը յատկանշէ օսմանեան պետութեան տարածքին, հայերու հարեւանութեամբ ապրող՝ ասորիներու եւ սիրիանի (արամէականներու սուրէ անցուիլը կամ ցեղասպանութիւնը նոյնինքն թուրքին կողմէ, որ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրուած տարիներուն, օսմանեան պետութեան տարածքին քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու էթնիք բնաջնջման հրէշային ծրագրին որպէս արդիւնք:
Երկու կուսակցութիւններուն անունով՝ ՌԱԿ-ի կողմէ ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ Սիրիանիներու կուսակցութեան կողմէ Իպրահիմ Մուրատ ծաղկեպսակներ զետեղեցին «Սէյֆօ»ի նուիրուած յուշարձանին առջեւ Էշրէֆիէ Մար Էֆրէմ եկեղեցուոյ շրջափակին մէջ ինչպէս նաեւ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող-մատուռին առջեւ՝ Անթիլիասի մայրավանք: