Երկուշաբթի, 2 Հունիսի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Ռամկավար Ազատական Մամուլի Շնորհակալագիրը Նախագահ Ճօ Պայտընին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՌԱԿ-ի Մամուլի Խօսքը

            Աւելի քան մէկ միլիոն ամերիկահայեր միանալով միլիոնաւոր այլ հայերու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ այլ երկիրներու մէջ, տասնամեակներով սպասած են որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերստանձնէ ախոյեանի դերը մարդկային իրաւանց եւ բարոյականութեան հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու  նկատմամբ, զոր վերցուցած էր անցեալին:  Հիմա, Պր. Նախագահ Պայտըն դուք առիք վճռական քայլը գործադրելով ցեղասպանութիւն (genocide) բառը պաշտօնապէս, բնութագրելու համար այդ դէպքերը. քայլ մը որ զօրութեամբ կ’ամրապնդէ միջազգային դիւանագիտական եւ ակադեմական հաստատումները այդ դէպքերուն:

            Միացեալ Նահանգները պաշտպանած են մարդկային իրաւունքները 19րդ դարու Օսմանեան ջարդերու թուականէն ի վեր:  Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին ան օժանդակած է ըստ կարելւոյն,  բայց աւելին՝ հանդիսացած է վստահելի աղբիւր մը տեղեկագրումի:  Միացեալ Նահանգներու դեսպանը՝ Հենրի Մորկընթօ  անձնապէս աշխատած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մինչ նախագահ Ուիտրօ Ուիլսըն յետագային հետապնդած է Ամերիկայի հովանաւորութիւնը Հայաստանի համար եւ գծած անոր սահմանները.  երկրի մը որ իրականութիւն չդարձաւ քաղաքական դէպքերու փոփոխութեանց պատճառաւ:  Նիր Իսթ Ռիլիֆը օժանդակութիւն ապահովեց ամբողջ Ամերիկայի մէջ, անկասկած փրկելով բազում կեանքեր տեղահանութեան շրջանին եւ անկէ ետք:

            Նախագահ Պայտըն, մենք երախտապարտ եւ հպարտ ենք որ Ամերիկա դարձեալ կը հանդիսանայ ճշմարտութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանը, մանաւանդ երբ այսօր Հայաստան եւ Արցախ կը դիմագրաւեն գոյութենական վտանգներ:

            Ասիկա վերջին դատակնիքն է այն նախաձեռնութեանց զորս ստանձնեցին Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատն ու Ծերակոյտը 2019ին, եւ պիտի հանդիսանայ վահան մը՝ անցեալի ոճիրներու ուրացման փորձերուն դէմ:  Ան նոյնպէս պիտի դառնայ զգաստացուցիչ դաս մը բոլոր անոնց որ կը փորձեն ցեղասպանութիւն  կիրարկել:  Անոնք պիտի տեսնեն որ սուղ գին մը կայ վճարելի նման արարքներու համար:

          Հայերս ոչ միայն Ամերիկայի մէջ, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձեր պատմական հռչակագրին համար:

ՌԱԿ-ի Մամուլի Օրկաններու Համախմբում

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img