Կիրակի, 15 Դեկտեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Պատմութեան մէջ Այսօր. Աւետիս Ալեքսանեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Աւետիս Ալեքսանեան (10 Մայիս 1910, Կ.Պոլիս – 20 Սեպտեմբեր 1984):

Մաս կը կազմէ Պոլսոյ 1925-1950 թուականներուն գրական-հրապարակագրային կեանքին մէջ հասունցած գրողներու դասուն,- անո՛նց՝ որոնք Հայու իրենց ապդումներով ու երազներով, գրի եւ գրականութեան ազնիւ կիրքով, բայց մանաւանդ ընկերային եւ գաղափարական հակումներով չէին կրնար լայն թոքերով շնչել թրքական միջավայրի մէջ՝ որովհետեւ ամէն օր կը զգային թէ կասկածոտ աչք մը կը սեւեռի իրենց վրայ, լրտեսող շուքեր կը դեգերին իրենց շուրջ, ոստիկանութեան քաղաքականութեան մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը կը հալածէ զիրենք…

Անոնք որ ապրած են այդ օրերու Պոլիսը, ասկէ աւելին լսելու պէտք չունին, ըմբռնելու համար թէ գիրքի, թերթի, հանրային եւ ազգային ապրումներու տրամադիր մարդը ի՛նչ երկութեամբ մը կրնայ անցնիլ խմբագրական սեղաններու առջեւ կամ յանձնուիլ մտքի լարումներու։

Աւետիս Ալիքսանեան մէկն է եղած անոնցմէ՛, որոնք աւելի քան քսանհինգ տարի…խեղդակապով մը ապրած են՝ գրաշարական սեղաններ մինչեւ շաբաթաթերթերու խմբագրութիւնը եւ հրապարակագրային-գրական իրենց աշխատանքը մտաւոր ու հոգեկան բաւարարութեան մը,- ապաւէնի՛ մը վերածելուման համար։ Զինք ճանչցած ենք պատանութեան մեր օրերուն, երբ ինք երիտասարդ էր արդէն եւ կը խմբագրէր «Պատկեր» շաբաթաթերթը «1932-1940-: «Սեւ աշխատանք»ի ընդունակ, դժուարութիւններու առջեւ աննուաճն, նպատակ մը իրագործելու իր կամքին մէջ վճռական՝ յանձնառո՛ւ մարդ մը, մեծ յատկութիւններէ զերծ՝ սակայն իր համեստութեան մէջ առաւել սիրելի, աշխատունակ, գուրգուրոտ՝ նորածիլ արժէքներու եւ երէց թէ կրտսեր գրչի մարդոց:

Գրական նախափորձերը ընելէ ետք 1926-1927 տարիներուն, պոլսահայ մամուլի մէջ, յաջորդաբար ձեռնարկած է շաբաթաթերթերու, կիսամսեայ եւ պարբերական հանդէսներու հրատարակութեան,- «Կիթառ» (1928), «Ամսուն գիրքը» (1930), «Պատկեր» ամսագիր (1930), ապա համանուն շաբաթաթերթը (1932-1940), «Նոր Օր» եւ «Այսօր» (1947-1948): Միայն նիւթական անձկութիւնը չէ եղած պատճառը անուններու այս յաջորդականութեան եւ բազմազանութեան,- Պոլսոյ մէջ թերթերու կեանքը կախում ունի մանաւանդ խափանումի եւ արգելքի մշտական վտանգէն, հետեւանք՝ ոստիկանութեան քաղաքական ճիւղերու կասկածանքին կամ դիւրին վերագրումներու…

Կը թուի որ 1950-ական թուականներուն Ալիքսանեանի համար անկարելի դարձած է շնչել գոյութիւն ունեցող մթնոլորտին մէջ ու հարկադրաբար անցած է Փարիզ:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img