Լիբանանի իսլամ գլխաւոր կրօնականները Ֆիթրի տօնին առիթով իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ լայն տեղ տուին Լիբանանի անընդունելի իրավիճակին: Անոնք այպանեցին Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութիւնը, երկիրը իր ամենավատ իրավիճակին հասցնելու մէջ իրենց մեղսակցութեան, ինչպէս նաեւ փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը տակաւին ուշացնելուն համար:
Հանրապետութեան Մուֆթին աւելի եւս անդին երթալով զգուշացուց անոնց «անօթիներու յեղափոխութեամբ», որ լուրջ վտանգ մը կրնայ սպառնալ երկրին ներքին կայունութեան: Պետական մակարդակի փտածութիւնը Մուֆթին որակեց աւելի վատ քան քորոնաժահրը: