Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Գրական Մշակութային. Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175ամեակին Առթիւ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Գրախօսեց՝ Զաւէն Խանճեան*

«Նա զարմացաւ: Այդ ինչ պարզ, այդ ինչ անշուք եկեղեցի էր: Ո՛չ բեմ, ո՛չ սեղան, ո՛չ զարդարած տաճար, ո՛չ ոսկեզօծ պատկերներ, ո՛չ արծաթեայ խաչեր եւ ո՛չ թանկագին զգեստներ չկային այնտեղ: …Ժողովուրդը նստած էր երկայն նստարանների վրայ այր եւ կին միասին, իւրաքանչիւրը ունէր ձեռքին մի փոքրիկ երգարան: …Նա (քահանան) իր հագուստով չէր զանազանւում հասարակ ժողովուրդից: Նրա քարոզը այնքան պարզ, այնքան հասկնալի էր, որ բոլորը հասկանում էր Վարդանը:»

Վարդանի երազը, Րաֆֆիի «Խենթը» վէպէն Վարդանի երազի հետեւողականութեամբ, Քրիստոս Յիսուս ունենալով եկեղեցւոյ գլուխը եւ Աստուծոյ շնորհքը՝ փրկութեան երաշխիք, ամէնահամեստ պայմաններու տակ, 1846ին ծնունդ առաւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին: Խղճի ազատութիւնը վահան ըրած եւ իրենց աստուածատուր պատկանելիութեան ամուր փարած, քառասուն հիմնադիրները հաստատեցին՝ «Մենք ակնածանքով կ՛ընդունինք մեր ազգային աւանդութիւնները, սրբագործուած մեր մարտիրոսներու արիւնով: Մենք կը սիրենք մեր հայ ազգը սրտանց եւ ամբողջ մտքով: Բայց ամէն բանէ աւելի թանկագին կը նկատենք խղճի ազատութիւնը, եւ թոյլ պիտի չտանք, որ ոչ մէկ իշխանութիւն, կամ աւանդութիւն, կամ հրաման մեր ձեռքէն առնէ Քրիստոսի Աւետարանը:»

Յուլիս 1, 2021ը, 175ամեակն է Հայաստանյայց Աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) ծնունդին: Հոկտեմբեր 2019ին, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) որոշեց այդ տարեդարձը տօնել հանդիսաւոր շուքով մայր հայրենիքի մէջ, Յունիս-Յուլիս 2021ին: Յատուկ յանձնախումբ մը գործի լծուեցաւ մշակելով բազմաթիւ ծրագիրներ որոնք ընդհանրապէս զոհ գացին 2020էն ի վեր երկրագունդը գրոհող թագաժահրին: Շնորհիւ վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանի ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքին, թագաժահրի մանգաղէն փրկուեցաւ սակայն յիշատակելի տարեդարձին նուիրուած՝ այս շքեղ եւ բովանդակալից յուշամատեանը՝ «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175ամեակի Տարեդարձին Առթիւ»:

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ պատմութեան եւ զարգացումին նուիրուած հատորները ստուար են: Անոնցմէ անդրանիկը կը պատկանի վեր. Հ. Ստեփան Իւթիւճեանին՝ «Ծագումն Ու Ընթացքը Հայ Աւետարանականութեան Ի Հայս», Կ. Պոլիս 1914: Եկեղեցւոյ ամբողջական թէ մասնակի պատմութեան նուիրուած յաջորդող հատորները ժամանակագրական կարգով եղած են․

– Վեր. Եղիա Ս. Քասունիի «Լուսաշաւիղ․ Պատմութիւն Հայ Աւետարանական Շարժման», Պէյրութ, 1947:

– Վեր. Տիգրան Ճ. Խրլոբեանի երկհատոր «Ոսկեմատեան Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Միութեան», նուիրուած՝ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան Ա. հարիւրամեակին, Պէյրութ, 1950 եւ 1951:

– Վեր. Կարապետ Պ. Ատանալեանի «Յուշարձան Հայ Աւետարանակաց Եւ Աւետարանական Եկեղեցւոյ», Ֆրեզնօ, Ամերիկա, 1952:

Աւելի նեղ բովանդակութեամբ հատորներ հրատարակած են նաեւ վեր. Անդրանիկ Ա. Պետիկեան, վեր. Կիրակոս Յ. Չոփուրեան, վեր. Յովհաննէս Փ. Ահարոնեան, վեր. Վահան Թութիկեան, վեր.Պարգեւ Տարագճեան եւ ուրիշներ:

Պատմութեան եւ մանաւանդ եկեղեցական պատմութեան երկասիրութիւնը գուցէ հասարակաց ընթերցման ծառայող առարկայ չէ: Պատմութեան արձանագրութիւնը կը ծառայէ սերունդէ սերունդ ժառանգութեան փոխանցման գանձանակը դառնալու: Ան շտեմարանն է ժամանակի գիտական մտածողութեան եւ արդիւնաբերութեան, պատրաստ գոհացնելու պրպտող, ուսումնասիրող եւ սերտող մտաւորականի, բանասէրի կամ գիտնականի ծարաւը: Առ այդ, պատմութիւնը պէտք է պահպանուի, արձանագրուի եւ հրատարակուի:

Ժամանակակից Հայ Աւետարանական պատմութեան մէջ պատմական, բանասիրական, մշակութային, հոգեւոր եւ հրապարակագրական անդաստաններու մէջ իրենց յուռթի եւ արգասաբեր աշխատանքի եւ արտադրութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանը եւ փրոֆ. դոկտ. Երուանդ Քասունին: Անոնց ստեղծագործական ժառանգութիւնը անջնջելի դրոշմ մը ձգած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատմութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթին, մամուլին, յափշտակուած հայրենիքի մը դատին եւ մարդկային վեհ արժէքներու նուիրուած հրատարակութիւններուն մէջ:

Նշանակալից է, որ այս երկու նուիրեալները իրենց ստեղծագործական գործը կատարած են մասնագիտական որակով եւ սակայն սիրողի տրամադրութեամբ:

Ահա անոնցմէ մէկն է, զոր կը ջանանք ընթերցողին ներկայացնել այսօր:

Վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան իր աշխատասիրած եւ խմբագրած «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175ամեայ Տարեդարձին Առթիւ» հատորի յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէ. «…այս գիրքը մասնագիտական գործ մը չէ եւ ոչ ալ քննական պատմութիւնը Հայ Աւետարանական եկեղեցիին, այլ ընդհանուր համայնապատկերը՝ սեղմ գիծերով ներկայացուած»: Ես քիչ մը աւելի առատաձեռն ըլլալով, այս աշխատասիրութիւնը պիտի որակեմ «Փոքրիկ Համայնագիտարան» մը ժամանակակից Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ «աւետարանականաց», ինչպէս պիտի սիրեր ըսել վեր. Կարապետ Ատանալեանը:

Արդարեւ, երկու հարիւր ութը էջերու մէջ ամփոփուած այս հատորը, տպուած փայլուն, որակաւոր թուղթի վրայ, Երեւանի մէջ, հրատարակութիւնն է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդին, որուն գործադիր տնօրէնն է վեր. Թութիկեան, 2003էն ի վեր: Յուշամատեանը բաժնուած է չորս մասերու:

Առաջին մասով ՝ վեր. Թութիկեան համառօտ կերպով կը ներկայացնէ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ծագումը, հոլովոյթը, խորհուրդը, դաւանութիւնն ու վարդապետութիւնը եւ վերջապէս եկեղեցւոյ ներդրումներն ու ծառայութիւնները ազգին:

Երկրորդ մասը կը պարփակէ Քրիստոսի Աւետարանը եւ փրկութեան բարի լուրը բաժնելու եւ տարածելու ծառայութեան դաշտին մէջ կենդանի շունչով գործող ժամանակակից հինգ Հայ Աւետարանական միութիւններու, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Ստեփան Փիլիպոսեան հիմնարկի հակիրճ պատմականը եւ անոնց ծառայութեան դաշտի նկարագրականը: Սոյն էջերու հեղինակներն են ՀԱՀԽի անդամ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ նշանակուած անձեր:

Հատորի երրորդ մասը կը պարփակէ 22 շնորհաւորական նամակներ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներու կողմէ:

Եւ վերջապէս չորրորդ մասով կը վկայուին ՀԱԵ հիմնադիր քառասուն անդամները, եկեղեցւոյ ճանաչման կայսերական հրովարտակը եւ հարիւրամեակի նուիրուած օրհներգը:

Յուշամատեանի գունագեղ շապիկի ճակատին կը հանգչի 175ամեակի խորհրդանիշը զոր ստեղծագործութիւնն ու նուէրն է ճարտար եւ բարձր ճաշակի տէր՝ արուեստագէտ Մայք Նահապետի:

Հաւատարիմ մնալով 301 թուականէն սկսեալ ամենակալ Աստուծոյ հետ հայ ժողովուրդի կնքած ուխտին, հատորի ճակատին կը կարդանք 175ամեակի յանձնախումբի ընտրած բնաբանը «Անխախտ Պահենք Մեր Հաւատքը», հետեւելով Եբրայեցիս 10.23 ոսկեղէն համարին՝ «Անխախտ պահենք այն յոյսը, որ կը դաւանինք, վստահ ըլլալով, որ Անիկա հաւատարիմ է Իր խոստումին»

Յուշամատեանի հատորը արժանապէս ձօնուած է ՀԱԵ բոլոր այն անդամներուն որոնք հաւատքը «անխախտ պահած են անցեալին, անխախտ կը պահեն ներկայիս եւ անխախտ պիտի պահեն ապագային:»

Յուշամատեանը որպէս «Փոքրիկ Համայնագիտարան» Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատմութեան, ներկային, դաւանանքին եւ վարդապետութեան, մատչելի է բոլոր անոնց՝ որոնք ունին այդ գիտութեան ծանօթանալու փափաքն ու հետաքրքրութիւնը:

Օրինակ մը ձեռք բերելու համար կարելի է դիմել Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գրասենեակներուն: Հայաստանի մասնաճիւղ՝ Մարշալ Բաղրամեան, 18 Երեւան, Հայաստան կամ Կեդրոնատեղի – 31 West Century Road, Paramus, New Jersey, 07652 USA.

Երազներ կան, որոնք ժամանակի պարտադրանքի տակ իրական կեանքի հետ առնչուած պահանջք եւ ակնկալիք են:

Երազներ կան որոնք կ՛իրականան:

* Զաւէն Խանճեան Գործադիր Տնօրէնն է Ամերիկայի Հայ Աւետարաչական ընկերակցութեան

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img