Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Նամակ Ամերիկայէն -16 — Լիբանանցի Դեղագործուհի Ռիթա Ալ Խուրիի Ոդիսականը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

«Պէյրութ՝ Յաղթանակի Ծնունդը Մոխիրէն»

Տող մը Ֆէյրուզի «Լի Պէյրութ» երգէն

Կեանքի սղութեան աննախընթաց եւ յարաճուն աճը, պետական կառոյցներուն հետզհետէ խաբուսիկ եւ անկար ներկայութիւնը, յատկապէս չքաւորներու շարքերուն ընդարձակումը բնակչութեան բոլոր խաւերէն ներս, առանց հայրանուանական կամ դասակարգային խտրականութեան, Լիբանանը դարձուցած են անբնակելի, շատ շատերու կողքին՝ արհեստավարժներու համար եւս որոնք վերոյիշեալ խոցելի իրականութիւններու կողքին, չկարենալով դիմակալել երկրին մէջ տիրող տնտեսական  խոր տագնապը՝ որոշած են վերջնականապէս հեռանալ երկրէն:

Ինչ որ ահաւոր 15 ամեայ քաղաքացիական պատերազմը, իսրայէլեան ներխուժումը եւ զինեալ ընդդիմութիւնը, նոյնիսկ անցեալ Օգոստոսի մահասփիւռ պայթումը նաւահանգիստին, չկրցան ամբողջովին աւերակել Լիբանանի տնտեսութիւնը, այսօրուան քաղաքական գործիչները՝ գերի իրենց ընչաքաղցութեան եւ մեծամտութեան, երկիրը հասցուցած են կործանումի եզրին:

Այսօրուան պետութեան վարչամեքենան ամլացած է եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը դարձած է խնդրական: Աներեւակայելի չէ տեսնել Լիբանանը խաւարի մէջ:

Այս բոլոր խոցելի երեւոյթներուն գումարը արտագաղթողներու նոր ալիքը կը կազմէ: Բժիշկներ, տնտեսագէտներ, երկրաչափեր, դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, դեղագործներ, շատ մը ուրիշներու կողքին գաղթականութեան ցուպը ձեռք առած են:

Մայիս 13-ին, Associated Press-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին 35 ամեայ Ռիթա Ալ Խուրի հաստատած է թէ տասնամեակ մը առաջ Պէյրութի Հիւսիսակողմը Պալլունի գիւղաքաղաքին մէջ բացած էր դեղարանը Փանասիա, հարկադրուած է վաճառել եւ իր ամուսնոյն հետ հեռանալ Լիբանանէն: «Ամբողջ տասը տարիներ իմ կարելիս ըրի», ըսած է դեղագործուհին: Հակառակ այն իրողութեան որ դեղագործի ասպարէզը իր սրտին մօտ է եղած, այնուհանդերձ զինուած յաջողելու մշտանորոգ տրամադրութեամբ եւ աւելի լաւ կեանք մը կերտելու վճռակամութեամբ Ֆրանսայի մէջ, Ալ Խուրի արտագաղթելու բոլոր գործողութիւնները ամբողջացուցած է արդէն:

Հարիւրամեայ իր պատմութեան մէջ արդարեւ, ամէն սերունդ դէմ յանդիման գտնուած է տագնապներու եւ երկիրը անկայունացնող երեւոյթներու դիմաց: Այս սերունդը ականատես եղաւ քաղաքացիական պատերազմի, Լիբանանի մէջ գրաւեալ ուժերու (հարեւան երկիրներ) ներկայութեան եւ քաղաքական ականաւոր անձնաւորութիւններու սպանութեանց: Այս իսկ պատճառաւ արտասահման ապրող լիբանանցիներու թիւը երկրին հինգ միլիոն բնակչութեան երեք անգամ աւելին կը կազմէ:

Ճշգրիտ վիճակագրական տուեալներ կը պակսին (պետութիւն գոյութիւն չունի), արժանահաւատ աղբիւրներու համաձայն 2019-ի Հոկտեմբերէն մինչեւ այսօր, Լիբանանի բժիշկներուն 20% լքած են իրենց հայրենիքը, կամ կը ծրագրեն արտագաղթել:

Լիբանանի տարածքին վրայ գործող 3,400 դեղարաններուն 400 փակած են իրենց դռները եւ դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ալ Ամինի գնահատումով շրջանաւարտ դեղագործներուն 70% կ’արտագաղթեն Լիբանանէն:

Լիբանանի ներկայ տնտեսական տագնապը իր նախընթացը չունի երկրին արդի պատմութեան մէջ: Շատեր արդարօրէն կը մտահոգուին, թէ զարգացած դասակարգին արտագաղթի անվերջ հոսանքը եւ թշուառութեան հրդեհի նման արագ տարածուիլը, պիտի վերջնականապէս եւ հիմնականօրէն խաթարեն երկրին ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ անցեալի պանծալի վարկը՝ իբրեւ բժշկութեան, զբօսաշրջիկութեան եւ դրամատնային գործառնութեանց կեդրոն:

Տիկին Խուրի եւ իր ամուսինը Մարսէլ երբեք նպատակադրած չէին հեռանալ Լիբանանէն: Ինչպէ՞ս ետին ձգել իրենց զոյգ ծնողքը երկրի մը մէջ, ուր տարեցներուն համար պետական հոգածութեան յատուկ ծրագիրներ գոյութիւն չունին: Ինք իր ծնողքին միակ զաւակն է, իսկ Մարսէլի երկու եղբայրները կ’ապրին Տուպայի մէջ:

Լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը եւ դեղորայքի չգոյութիւնը պարտադրեցին այս զոյգին վաճառքի հանել իրենց դեղարանը եւ արտագաղթել Լիբանանէն:

Յունուար ամսուն, Տիկ. Խուրիի ամուսինը գործի առաջարկ մը ստացաւ Ֆրանսայէն, դեղարանն ու բաժնեթուղթերը վաճառուեցան եւ երիտասարդ արհեստավարժ զոյգը Շաբաթ, Մայիս 15-ի երեկոյեան դէպի Փարիզ թռիչք առին Պէյրութի օդակայանէն՝ վերջին անգամ ըլլալով:

Մեկնումի վաղորդայնին, Տիկ. Խուրի հետեւեալ խորհրդածութիւնները կատարած է. «Պիտի սկսինք զէրոյէն: Մեր վերջին 15 տարիներու աշխատանքն ու իրագործումները, մեր խնայողութիւնն ու դեղարանը՝ չքացած են»: Ան ոգեկոչեց, թէ հնգամեայ դեղագործութեան ուսուցումը ամբողջացնելէ ետք, ստանալով համապատասխան վկայական եւ տիտղոս,  մեկնած էր Ֆրանսա ուր փորձառական միամսեայ շրջան մը բոլորէ ետք, վերադարձած էր հայրենիք: Հաստատելով իր կեանքի երազ դեղարանը, Տիկ. Խուրիի համար դեղագործութիւնը առաքելութիւն մըն էր:

Տխուր տրամադրութեամբ, այսուհանդերձ ապագային նկատմամբ հաստատ լաւատեսութեամբ, երիտասարդ այս զոյգը ետին կը ձգեն իրենց բարեկամները եւ յատկապէս ծնողքը: Անոնց մեկնումը վերջնական է:

«Հրաշքի համազօր պիտի նկատուի եթէ երբեք մենք վերադառնանք». Տիկ. Խուրի եզրակացուցած է իր հարցազրոյցի աւարտին, աւելցնելով. «Կամ հրաշք, եւ կամ հանգստեան կոչուիլ»:

Մեր ջերմ մաղթանքն է Խուրի ընտանիքին, յաջողութիւն գտնել իրենց որդեգրած երկրին մէջ: Սակայն թող իրենց ականջներուն մէջ առյաւէտ հնչեն առասպելական երգչուհի Ֆէյրուզի հայրենասիրական երգերը, իրենց սրտերը թող տոգորուած մնան մայրիներու կարօտով եւ վեհութեամբ, ինչպէս նաեւ սիրովը Լիբանանի:

Անկասկած, միլիոնաւոր լիբանանցիներու նման արտասահման ապրող, անոնք վերադառնալու են իրենց ծննդավայրը գէթ որպէս զբօսաշրջիկ եւ կամ իրենց արծաթեայ տարիները ապրելու մայր հողին վրայ:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img