ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Միշտ ալ միջոց մը պիտի գոյանայ տեսութեան եւ գործնականացումի մէջ բայց երբ այդ միջոցը շատ հեռանայ վերոնշեալներու միջեւ արդէն ոչ մէկ կամուրջ ի զօրու կրնար ըլլալ միացնելու: Հետեւաբար՝ բաժանումը կ՛ըլլայ անխուսափելի:
Պերդրանտ Ռասըլի բազմաթիւ գիրքերէն մին՝ «Համայնաւարութիւնը ու համայնաւարը» եւ նման բազմաթիւ գիրքեր կան ի հարկէ զանազան մարզի, սակայն ամէնէն խօսունը կ՛ըլլայ երբ մարդ ոչ միայն ականատես կ՛ըլլայ այլ՝ վկան, կենդանի վկան գաղափարին ու գաղափարախօսին միջեւ: Ամենայն դէպս այնքան խոտոր համեմատութիւններ կան այս իրողութեան վերաբերեալ, որմէ անկարելի է խուսափիլ, այնքան ատեն որ մարդ արարածի կառոյցը իբրեւ կենդանի արարած՝ շնչող, գործող, անկարող է իր դաւանածին ըլլալ գերին կամ՝ — քաղցրացնելու համար – հետեւողը ըլլայ գաղափարական, հոգեւորական սկզբունքներուն ինչ իր արգասիքն է բանականութեան, որ մարդը ընդհանրապէս իր անասնութենէն վեր բարձրացնելու կը միտի:
Պատահականութիւններ ի հարկէ գոյութիւն ունին մանաւանդ բնութեան մէջ, բայց կան դիպուածներ, դէպքեր, որոնք պատահականութեան պտուղը չեն այլ՝ ծրագրուած ու դասաւորուած մանաւանդ՝ երբ խնդիրը քաղաքական մարզի կը պատկանի:
Չեմ յիշեր լսած կամ կարդացած ըլլամ ա՛յսքան բարդ ու խառնիճաղանճ երկրի մը մասին, որ այսքան սակաւ բնակչութեամբ, բնակաչութեան թիւով իսկ բարդութիւններ ունենայ – չափազանցութեան ուռկանին ինկանք, սակայն ըսել ուզուածը հասկնալի է: Կեանք է. կը պատահին դժուար պահեր, բայց դժուարագոյնը՝ ելք մը գտնելն է – խնդիրը անձի մը կամ անձերու չի վերաբերիր այլ՝ Հայրենիքի (թէեւ կասկածելի է ոմանց հայրենասիրութեան չափն ու տարողութիւնը) :
Ու՜ր կ՛երթանք այսպէս…պատասխանը ընտրութենէ՞ն ետք… (Մէկ կաթսայ բազմաթիւ շերեփներ):
Աստուած օգնական:
(Յապաւումով)