Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ պիտի կատարուի Ս. Աթոռոյս Վեհափառ Հայրապետին՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍի
Ընտրութեան եւ Օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները աղօթակից դառնալու հոգեւորական դասուն՝ խնդրելով Աստուծմէ, որ նորանոր իրագործումներով եւ յաջողութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն պարգեւէ մեր սիրելի Հայրապետին։
Պատարագէն ետք Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի Վեհարանի դահլիճին մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ