Ուրբաթ, 25 Ապրիլի, 2025
- Գովազդ -spot_img

Լիբանանահայ Դպրոց. “Ալիս Ներկիզեան” Մանկամսուրի 60 Փոքրիկներ Յաջորդ Տարի Մուտք Կը Գործեն Մանկապարտէզ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

25 Յունիս 2021-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի “Ալիս Ներկիզեան” մանկամսուրի փոքրիկները ուրախ հանդէսով մը փակեցին տարեշրջանը` ծնողներուն եւ բարեկամներու առջեւ ցուցադրելով մանկամսուրի յարկին տակ իրենց արձանագրած աճը արտայայտող երկար շարք մը պարեր ու վարժանքներ:

Այս առիթով, մանկամսուրի 60 “աւարտականները” ստացան իրենց “վկայական-անցաթուղթերը”`դէպի յաջորդ տարեշրջանի մանկապարտէզի բողբոջ դասարան: Հանդէսը վարեց տիկին Մարալ Հարպոյեան:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ մեծագոյն շնորհակալութիւն յայտնեց մանկամսուրի բարերար տիկին Ալիս Ներկիզեանին եւ ընտանիքի անդամներուն, որոնք հետեւողական հոգածութեամբ եւ զօրակցութեամբ կը հետեւին մանկամսուրի գործունէութեան եւ տեւական մասնակից են անոր զարգացումին ու բարեկարգումին: Պարոն Գալուստ յատկապէս նշեց վերանորոգման աշխատանքները, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնէն ետք առաջնահերթաբար կատարուեցան մանկամսուրի հատուածին մէջ, հնարաւոր արագութեամբ վերականգնելու համար անոր գործունէութիւնը: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց մանկամսուրի անձնակազմի նուիրուած եւ ուշադիր ծառայութեան համար, որուն շնորհիւ փոքրիկները, իրենց ամենազգայուն այս տարիքին, լաւապէս կը պատրաստուին դպրոցական տարիներուն համար:

Մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան-Քէշիշեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ մանկամսուրին ցուցաբերուած մեծ վստահութեան համար, որ կը պարտաւորեցնէ անձնակազմը՝ պահպանելու եւ բարձրացնելու փոքրիկներու հոգածութեան մակարդակը, յանուն անոնց առողջ կազմաւորման:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img