Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը, որոնք համախմբուած են Պատրիարքական Աթոռ՝ Զմմառու հնադարեան վանքին մէջ, ընտրելու համար յաջորդը Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, իրենց հայեացքը կ’ուղղեն դէպի Վատիկան, ուր Սրբազան Քահանայապետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին շուրջ հաւաքուած են Լիբանանի քրիստոնեայ Համայնքապետերը, եւ յաջողութիւն կը մաղթեն իրենց կատարելիք աշխատանքներուն, խորհրդակցութիւններուն եւ ջանքերուն՝ ի նպաստ Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն լուծման:
Եւ մինչ Ժողովական Հայրերը կը յայտնեն իրենց ցաւը ներկայ չգտնուելու Վատիկանի հաւաքին, ընտրական Սիւնհոդոսի ընթացիկ աշխատանքներուն պատճառով, անոնք կը յորդորեն համայն լիբանանցիները՝ աղօթքով եւ պահեցողութեամբ ընկերանալու իրենց Համայնքապետերուն՝ հինգշաբթի 1 Յուլիսին, ի նպաստ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական համերաշխութեան եւ բարօրութեան հաստատման:
Զմմառ, 1 Յուլիս 2021
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան