Էլի Վիզել (30 Սեպտեմբեր 1928, Սիգետու Մարմացիեյ, Մարամուրեշ, Ռումանիա — 2 Յուլիս 2016, Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Հրեայ ամերիկացի գրող, փրոֆեսոր, քաղաքական գործիչ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր եւ ողջակիզումէ (հոլոքոսթ) վերապրած: Ան 57 գիրքերու հեղինակ է, հիմնականօրէն գրուած անգլերէն եւ ֆրանսերէն, ներառեալ` Գիշեր գիրքը, իբրեւ գերի իր ունեցած փորձառութեան հիման վրայ գրուած, «Auschwitz» եւ «Buchenwald» համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ, ան եղած է Պոսթընի համալսարանի մարդասիրական բաժանմունքի փրոֆեսոր, զոր իր պատուոյն ստեղծած է Հրէական ուսումնասիրութիւններու Էլի Վիզելի կեդրոնը: Նոպէլեան մրցանակակիր, «Օրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակաբաշխութեան ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, մարդասէր Էլի Վիզել:
Էլի Վիզել հրապարակաւ դատապարտած է՝ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր կեանքին ընթացքին կը շարունակէր մնալ ուժեղ պաշտպան մարդու իրաւունքներուն: Ան արդէն «Los Angeles Times»ի կողմէ որակուած է իբրեւ «Ամերիկայի ամենակարեւոր Հրեան»:
1986 թուականին Էլի Վիզելը Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպին համար ներածական գրած էր` 1915-ի դէպքերը կոչելով «20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն»: Իսկ 2000-ին, Վիզելը Ողջակիզումի 125 հետազօտողներու հետ ստորագրած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի փաստ է: