Յատկանշական երեւոյթով մը, երէկ երեկոյեան Լիբանանի հայահոծ շրջաններու փողոցներուն պատերուն վրայ chap.am-ի Պէյրութի աշխատակիցը նշմարած է «Յանուն ազատ, հզօր եւ գերիշխան պետութիւն ունենալու մեր համահայկական տեսիլքին» խորագրով՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող կպչուն պաստառներ: Պաստառները իրենց վրայ կը կրեն QR ծածկագիր մը, որուն միջոցով կարելի է մասնակցիլ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող՝ Ազատագրական Շարժումին նախաձեռնած ստորագրահաւաքին:
Նման հրապարակային երեւոյթ մը առաջինն է Սփիւռքի մէջ: Պիտի հետեւինք սոյն գործողութեան զարգացումներուն: