Շաբաթ, 25 Հունվարի, 2025
- Գովազդ -spot_img

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 108-րդ ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Տասնամեակներէ ի վեր, արդէն ձանձրանալի կրկնութեան վերածուած են Հայ ժողովուրդի դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի՝ սովորոյթի ոյժով կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութիւնները եւ այդ առիթով հրապարակուած՝ գրեթէ նոյնիմաստ յայտարարութիւնները, կոչերը եւ ուղերձները:

Այսօր՝ Հայ ժողովուրդը եւ անոր պետականութիւնը անտարակոյս կը գտնուին՝ վերջին երեք տասնամեակներուն իրենց դէմ ծառացած տարատեսակ փորձութիւններու շղթայի ամենածանր եւ տագնապալից օղակին մէջ:

Ծանրագոյն սպառնալիքները եւ լրջագոյն մարտահրաւէրները առթած են գոյաբանական հարցադրումներու շարք մը, որոնց տրուելիք պատասխաններէն կախեալ է մեր ժողովուրդի պատմական երթի հետագայ ընթացքը:

Արդեօ՞ք՝ աշխարհաքաղաքական բուռն զարգացումներու ներկայ շրջափուլին, երբ արդէն իսկ կ’ուրուագծուի աշխարհակարգի արմատական փոփոխութեան հեռանկարը, հայոց պետական-քաղաքական միտքը պիտի գործէ՞ նոյն ահռելի սխալները, որոնք գործեց նաեւ հարիւր տարի առաջ, մեզի համար կործանարար եւ ցարդ անշրջելի հետեւանքներով:

Թէ՞ այս անգամ պիտի գտնուինք շրջահայեաց, խոհեմ եւ հեռատես, ու պիտի կատարենք քաղաքական հնարաւոր ընտրութիւններուն մէջ առաւելագոյն շահեկանը, կամ գոնէ՝ նուազագոյն վնասակարը:

Արդեօ՞ք՝ անտեսելով կամ մոռացութեան տալով հայ – թրքական յարաբերութիւններու ձեւակերպման մէջ պատմական իրարայաջորդ փորձառութեանց դասերը, պիտի հետեւինք Գրիգոր Զօհրապի քաղաքական հայեացքներու օրինակի՞ն, որու քաղաքական ու անհատական ողբերգական վախճանը ծանօթ է բոլորիս:

Թէ՞ որպէս քաղաքական ուղեցոյց պիտի որդեգրենք Զօրավար Անդրանիկի՝ երիտթուրքական յեղաշրջումէ ետք հայ — թրքական եղբայրութիւն երազող շրջանակներուն ուղղուած պատգամի՝ այսօր եւս արդիական խորհուրդները:

Արդեօ՞ք՝ պիտի ընթացք տանք, օրեր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի բարձր ամպիոնէն հնչող՝ հայրենասիրական դիտանկիւն փոխելու կոչերուն եւ մեր հայեացքը դէպի Արարատ լեռը ուղղելու փոխարէն՝ Արագած լեռ ուղղելու յորդորներուն, որոնք կարճ ժամանակ ետք, ըստ «քաղաքական նպատակայարմարութեան», հերթական անգամ կրնան փոխուիլ, եւ այս անգամ մեզի յանձնարարուի՝ յանուն «կենաց իմաստութեան», մեր հայեացքը դէպի Արայի լեռ կամ Երեւանի Կասկաթ ուղղելու միայն:

Թէ՞ ի լուր բոլորին պիտի բարձրագոչ յայտարարենք՝ որ մենք մեր հայրենասիրական դիտանկիւնը չենք փոխելու եւ մեր հայեացքը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ուղղուած մնայ Արարատ լերան. որ չսխալին եւ իրենց նահանջի պատրաստակամութիւնը չփաթթեն Հայ ժողովուրդի վիզին, որովհետեւ մենք որոշած ենք աւետեաց օր մը, յաղթանակի շուրջպարը պարել, Արարատ լերան՝ թէ՜ արեւելեան եւ թէ՜ արեւմտեան լանջերուն:

Արդեօ՞ք՝ Հայ ժողովուրդը, լիարժէք չիմաստաւորելով եւ խորապէս չըմբռնելով պատմական երթի իր յաւիտենականութեան միակ գրաւական՝ նորաստեղծ պետականութեան անփոխարինելի դերը ու զայն մշտապէս հզօրացնելու հրամայականը, պիտի շարունակէ ապրիլ ու գործել դարերու ընթացքին իր մէջ արմատաւորուած՝ «ուր հաց, հոն կաց» նիւթապաշտ տրամաբանութեամբ:

Թէ՞ պիտի շրջենք պատմութեան անիւը եւ ամրագրենք, որ յետ այսու պիտի ապրինք ու գործենք՝ «Հայրենիք կաց, հոն հաց» տրամաբանութեամբ:

Արդեօ՞ք՝ ռազմական պարտութիւն մը անխուսափելի ճակատագրական պատահար համարելով, ազգովին պիտի աւելի եւս խրինք պարտուողականութեան, նահանջի եւ ընկճուածութեան տիղմին մէջ:

Թէ՞ պիտի սթափինք, պիտի վերազինուինք հաւատքով եւ վերստին համոզուինք, որ պարտութիւնը մշտական է, երբ չկայ յաղթանակի տեսլական եւ յաղթանակը հաւանական է, երբ կայ կամքի հզօրութիւն:

Պատասխանները որ ազգովին պէտք է տանք, պիտի վճռեն ազգի ու հայրենիքի ճակատագիրը ու տնօրինեն մեր արժանավայել ու արժանապատիւ տեղն ու դերը ժողովուրդներու միջազգային ընտանիքին մէջ:

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը՝ հայկական նորագոյն ազգային — ազատագրական պայքարի ռահվիրայ կազմակերպութիւնը՝ 48 տարիներ առաջ, իր ստեղծմամբ ու ձեռնարկած պայքարով փարատեց հայկական մշուշապատ իրականութիւնը, որ կը խարխափէր՝ անորոշութեան, կրաւորականութեան եւ նպատակասլաց գործի բացակայութեան արահետներուն վրայ եւ ի ցոյց դրաւ՝ արժանապատիւ պատմութիւն կերտելու ուղին:

Մէկ խօսքով՝ «խենդերը» տուին իրենց պատասխանը:

Ժամանակն է՝ որ «խելագարուած ամբոխները» տան իրենց պատասխանը:

Խոնարհում բոլոր նահատակաց յիշատակին:

Յաղթանակը մերն է:

24 Ապրիլ 2023

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ

ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img