Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Դեսպան Աթաբէկեան Լիբանանահայ Օրաթերթերուն Փոխանցեց Կարեւոր Ընդգծումներ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայկական օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրները հանդիպում ունեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ։Խորհրդակցութեան առանցքը կը կազմէր արցախեան պատերազմին առնչուած իրադրութիւննեը։ Այս առիթով դեսպան Աթաբէկեան կատարեց հետեւեալ ընդգծումները։

Երբեմն-երբեմն հնչող այն կեղծ տեղեկատւութիւնը, թէ իբր
լիբանանահայութիւնը  կազմակերպուած եղանակով կը տեղափոխուի՝ մասնակցելու
մարտական գործողութիւններուն, մեղմ ըսելաձեւով՝ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Կրնամ յստակ ըսել, որ նման որեւէ կազմակերպուած նախաձեռնութիւն
դեսպանութեանը նոյնիսկ յայտնի չէ։
Կրնամ միայն ենթադրել, որ այդ յերիւրանքները կը շրջանառուին որոշ շրջանակներու կողմէ մէկ նպատակով. փորձել հաւասարակշռել եւ քարոզչական քարոզչական առումով
,,չէզոքացնել,, վարձկաններու մասնակցութիւնը Արցախի դէմ սանձազերծուած
պատերազմին։

Ես չեմ բացառեր, որ աշխարհով սփռուած  հայկական  Սփիւռքը, որ հիմնականին մէջ
ցեղասպանութեան արդիւնք է է, եւ որու ներկայացուցիչներէն շատեր նաեւ
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունին, ներքին մղում ունենայ
հանդէս գալու ի պաշտպանութիւն իր ազգային ինքնութեան՝ ներկայիս ռազմական
գործողութիւններուն տեսնելով այդ նոյն ցեղասպան ձեռագիրն ու գործելաոճը։
Սակայն նոյնիսկ այդ  պարագային կարելի չէ չտեսնել էական տարբերութիւն. մէկ կողմէ՝ մենք գործ ունինք վարձու մարդասպաններու հետ, որոնց կը վճարեն եւ ձրիաբար  կը տեղափոխեն մարտի դաշտ, միւս պարագային՝ խօսքը կրնայ վերաբերիլ
մարդու, որ ինքն է իր գրպանէն կը վճարէ մասնակցելու համար իր սեփական ազգի
պաշտպանութեանը։ Եւ այս երկու  պարագաներուն միջեւ հաւասարութեան նշան դնելու
որեւէ փորձ կը հանդիսանայ քարոզչական վտանգաւոր շահարկում։

Հաշուի առնելով, թէ այդ նոյն վարձկանները ուր եւ որու դէմ  կռուած են անցեալին, կարելի է նաեւ վստահ ըլլալ, որ նոյնքան վտանգաւոր շահարկում կը հանդիսանայ այս առճակատման կրօնական երանգ հաղորդելու որեւէ փորձ։
Ատելութեան խօսքի այսօրինակ իւրաքանչիւր դրսեւորում առանձնայատուկ
մտահոգութեան տեղի կու տայ։ Կրօնական, ազգային,ցեղային խտրականութիւն ու
ատելութիւն պարունակող որեւէ խօսք սպառնալիք կը ներկայացնէ առաջին հերթին
բարեկամ Լիբանանի ներքին կայունութեան, պետական կառուցուածքի եւ հասարակական
համակեցութեան հիմնարար արժէքների համար, եւ վստահ եմ, որ Լիբանանի
իշխանութիւններն ու  հանրութիւնը ամենայն խստութեամբ կը հակազդեն նման
խմորումներու։

Ինչ կը վերաբերի լիբանանահայութեան, առիթ ունեցած եմ ըսելու եւ հիմա ալ կը կրկնեմ որ Լիբանանի հայ համայնքը սահմանադրօրէն մաս կը կազմէ պետութեան հաստատութենական համակարգի եւ բարեկամ Լիբանանի բազմահամայնքային
պետական-հասարակական ճարտարապետութեան մէջ հանդէս կու գայ որպէս երկրի
քաղաքական կեանքի ինքնուրոյն դերակատար ու միաւոր։ Որպէս երկրի օրինակելի
քաղաքացիներ` լիբանանահայերը խորապէս նուիրուած են Լիբանանին եւ հաւասարապէս կը կիսեն երկրի ամբողջ բնակչութեան թէ՛ ձեռքբերումները, թէ՛
դժուարութիւնները։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img