Երեքշաբթի, 16 Ապրիլի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Եկէք Նոր Գիտակցութեամբ Շրջապատենք Հայ Դպրոցը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Հակառակ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերուն, տարուան այս եղանակին, բոլորիս հայեացքը դարձեալ պէտք է ուղղուի դէպի հայ վարժարան, որ այսօրուան կեանքի պայմաններուն մէջ ալ, պարտաւոր է իր աշխատանքին համար գտնել միջոցներ եւ շարունակել մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան իր առաքելութիւնը:

Անկասկած, կ’ակնկալէինք, որ տարուան այս եղանակին, լիբանանահայ մեր վարժարաններէն ներս տիրէր խանդավառ եռուզեր։ Սակայն, ինչպէս գիտենք, կրթական այս տարեշրջանը կը տարբերի նախորդ տարիներէն։ Առայժմ, համաճարակի պայմաններուն բերումով, մեր դպրոցներէն ներս չկայ մասնաւոր եռուզեր եւ կրթական աշխատանքներն ալ  առաւելաբար կը տարուին առցանց պայմաններով։ Ներկայ կացութիւնը կը թելադրէ, որ զգուշ ըլլան մեր ծնողներն ու աշակերտները, զգուշանան մեր կրթական պատասխանատուներն ու դաստիրակները  եւ նաեւ զգուշ ըլլանք մենք բոլորս եւ հաւատալով սպասենք, որ պայմանները շուտով բարելաւուին եւ մեր դպրոցներն ալ կրկին վերադառնալ իրենց նախկին խանդավառ եռուզերին։

Մինչ այդ, պէտք է գիտակցինք, որ հայ դպրոցներէն ներս մենք չենք կորսնցուցած աշխատանքի եռանդը։ Ընդհակառակը։ Հակառակ հայ դպրոցին դիմագրաւած տեսակաւոր դժուարութիւններուն ու խնդիրներուն, կանխատեսեով այսօրուան կեանքի հարցերն ու խնդիրները, ամառնային ամբողջ շրջանին մեր վարժարաններուն պատասխանատուները ոգի ի բռին պատրաստուելով, մեր դպրոցական կեանքի յարատեւութեան համար որոնեցին նոր միջոցներ եւ որդեգրեցին ու զարգացուցին նաեւ տարբեր կերպեր, որպէսզի մեր մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան գործը շարունակուի անխափան կերպով:

Հետեւաբար, առանց անտեսելու մեր դիմագրաւած խնդիրներները, միահամուր մաղթենք, որ 2020-2021 կրթական  տարին, Լիբանանահայ մեր դպրոցներուն համար ըլլայ արդիւնաշատ աշխատանքի շրջան եւ մաղթենք նաեւ, որ ազնուասիրտ բարերարներ ու բարեկամներ շարունակեն իրենց սիրովն ու նուիրումովը շրջապատել Հայ դպրոցը՝ զայն միշտ կանգուն ու արդիւնաւոր ընթացքի մէփ պահելու վճռակամութեամբ։

Վստահաբար, մեր ժողովուրդը տեղեակ է, որ արդիւնաշատ աշխատանքի սպասումով, 2020-2021 տարեշրջանին համար, անվճար ուսման կարելիութիւն յայտարարեցինք մեր ազգային վարժարաններէն ներս։ Այո՛, քայքայուած տնտեսութեան մը պայմաններուն մէջ, Ազգ. Վարչութեան հետ համախորհուրդ, վճռեցինք, ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու, հայ դպրոցէն ներս պահել հայ աշակերտը ու պաշտպանել սերունդներու հաւատքով կերտուած հայեցի կրթութեան սրբազան աւանդը: Համարեայ միեւնոյն բարենպաստ տնօրինումները կատարուեցան նաեւ Լիբանանահայ բոլոր վարժարաններէն ներս։

Ուստի, կրթական վերամուտին առիթով, ազգային մեր վարժարաններէն ու լիբնանահայ մեր դպրոցներէն ներս, սրտանց կ’ողջունենք հայ աշակերտը, հայ դաստիարակն ու հայ ծնողը եւ կը մաղթենք, որ շրջանցելու համար մեզ շրջապատող դժուարութիւնները, ներդաշնակ ճիգով, փոխադարձ հասկացողութեամբ, հաւատքով ու յուսալից տրամադրութեամբ տանինք մեզի վստահուած սրբազան գործը, լաւապէս ըմբռնելով, որ առանց հայ դպրոցի արդիւնքին, մենք չենք կրնար յարատեւել հայու շունչով եւ հայկական նկարագրով։

Սփիւռքեան մեր կացութեան մէջ, պէտք է յիշենք, որ շարունակաբար մղուող գոյապայքար է մեր կեանքը, եւ այդ գոյպայքարին մէջ կը մնանք յաղթական, եթէ շարունակենք միացեալ ճիգով, հաւաքական մասնակցութեամբ ու հաւատքով, հայ դպրոցը պահել յառաջապահ դիրքի վրայ եւ հայ աշակերտն ալ պահել հայ դպրոցէն ներս։

Եկէք‏ նոր գիտակցութեամբ ու նոր սիրով շրջապատենք հայ դպրոցը եւ հաւաքական ուժերու լարումով նեցուկ կանգնինք անոր առաքելութեան, որպէսզի ան մնայ պատնէշի վրայ, ըլլայ աւելի արդիւնաւոր եւ իրեն վստահուած հայ մարդու պատրաստութեան դժուարին առաքելութիւնը տանի աւելի մեծ վստահութեամբ։

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img