Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Հաճիեւի Նոր Հերիւրանքը Այս Անգամ Լիբանանահայերու Մասին

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը թուիթըրի իր էջին կիսուած է Reuters լրատուական գործակալութեան «Հակառակ Լիբանանի մէջ առկայ խնդիրներուն՝ տեղի հայերը կը հաւաքագրուին Ղարաբաղ երթալու համար» վերնագրով յօդուածով եւ նշած՝

«Reuters-ի տեսանիւթին մէջ հաստատուած է օտարերկրեայ մարտիկներու ու վարձկաններու ներկայութիւնը Հայաստանի ԶՈւ շարքերուն մէջ: Մենք քանիցս յայտնած ենք, որ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն վարձկանները, նաեւ ՔԲԿ ահաբեկիչները Հայաստան են»։

Տեղեկատւութեան ստուգման կեդրոնը կը յայտնէ, որ ուսումնասիրելով հեղինակաւոր Reuters-ի յօդուածը  պարզ կը դառնայ, որ այնտեղ որեւէ խօսք չկայ ո՛չ Լիբանանէն կամ Սուրիայէն ժամանած վարձկաններու, ո՛չ ալ Քրտական բանուորական կուսակցութեան ահաբեկիչներու մասին։

Նիւթին մէջ ընդամէնը նշուած է, որ Լիբանանի մէջ կեդրոնացած է 140 000-անոց հայկական համայնք, որոնց նախնիները մեծամասամբ փախած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններէն ետք։ Համայնքի ներկայացուցիչները, հակառակ տեղական դրամանիշի խիստ անկման, դրամահաւաք  իրականացուցած են, իսկ ազգութեամբ հայ քանի մը տասնեակ տղամարդիկ ալ առանց երկմտելու մեկնած են Հայաստան՝ օգնելու հայրենիքին՝ 27 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին մէջ:

Յօդուածը, մասնաւորապէս, Հայաստան տեղափոխուած Վարդգէսի (չէր ուզած նշել ամբողջական անունը) եւ մարտերու ընթացքին զոհուած օփերային երգիչ Գէորգ Հաճեանի մասին է, որոնք պատերազմի սկիզբէն ալ մեկնած էին սահման (նշենք, որ վերոյիշեալներէն շատեր լիբանանահայեր ըլլալով հանդերձ շատոնց հաստատուած էին Հայաստան)։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img