Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Արմէն Ենովք

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Արմէն Ենովք (10 Նոյեմբեր 1885, Էֆքէրէ — 6 Մայիս 1968, Մարսէյլ), գրագէտ, լրագրող եւ մշակութային գործիչ։

Կ.Պոլիս փոխադրուած է շատ փոքր տարիքին։ Իր նախակրթութիւնը ստացած է թաղային վարժարաններուն մէջ։ 1896-ին յաճախած է Ազգ. Կեդրոնական վարժարան եւ ապա Ռոպէրթ Գոլէճ, որուն շրջանը աւարտելէ ետք նուիրուած է գրականութեան։ «Բիւրակն» շաբաթաթերթի օգնական խմբագիր եղած է 1901-1905-ին, միեւնոյն ատեն աշխատակցելով «Արեւելք»ի, «Մասիս»ի եւ «Արեւելեան Մամուլ»ի։ 1906-1908-ին «Մասիս»ի խմբագրապետ եղած է, իսկ 1909-ին խմբագրած է «Չէզոք» շաբաթաթերթը։ 1909-1910-ին հրատարակած է «Առաւօտ» օրաթերթը:

Պահ մը հեռանալով գրական ասպարէզէն, 1910-ին ստանձնած է Մերսինի Ազգ. «Պարթեւեան» վարժարանին տնօրէնութիւնը եւ ապա Ատաբազարի Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին մէջ ուսուցիչ եւ տնօրէն եղած է մինչեւ 1915 տեղահանութիւնը:

1915-ին Քէոթահիա կը տարագրուի, ուրկէ տարի մը ետք Պոլիս կ’անցնի ծպտուած։

1918-1919-ին խմբագրական պաշտօններ կը վարէ։ 1919-ին Պոլսոյ Հայ Կարմիր Խաչի տնօրէն կ’ընտրուի եւ կը վարէ այդ պաշտօնը մինչեւ 1922։ Այդ տարի Պոլսէն Պառի (Իտալիա) անցնելով կը հիմնէ«Ընկերութիւն Իտալ Հայ Արեւելեան Գորգերու» հաստատութիւնը: Երկու տարի գործելով կ’արտադրէ Իտալիոյ ամէն կողմը մեծապէս գնահատուած արեւելեան գորգեր: Այնուհետեւ «Franco-Orient» արեւելեան գորգի ընկերութեան Իւզէսի (Uzés) գորգի աշխատանոցի տնօրէնութեան կոչուած է, հոն գործելով 1925-1930 թուականներուն։

1931-ին Մարսէյլի մէջ հիմնած է արագատիպ մեծ մամուլով եւ արդիական ամէն կատարելագործութիւններով օժտուած առաջին հայկական տպարանը:

Անդամակցած է Մարսէյլի Ս. Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցիի կրօնական ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Հ. Բ. Ը. Միութեան մասնաճիւղի վարչութեան իբրեւ ատենադպիր:

Վերոյիշեալ լրագիրներէն զատ, Ենովք Արմէն աշխատակցած է նաեւ «Մանզումէ-ի-Էֆքեար»ի, «Ծաղիկ»ի, «Բիւզանդիոն»ի, «Ազատամարտ»ի, «Վերջին Լուր»ի, «Նոր Օր»ի, «Յառաջ»ի, «Ապագայ»ի, «Հայ Սիրտ»ի (Մարսէյլ), «Անահիտ»ի, «Պայքար»ի, «Մշակ»ի, «Վերածնունդ»ի, «Հայաստանի Կոչնակ»ի եւ ուրիշ զանազան թերթերու, ինչպէս նաեւ տարեցոյցներու:

Ենովք Արմէն հեղինակած է հետեւեալ հատորները. «Կինը», «Թրքահայ գրականութիւնը մամուլի ազատութեան թուականին», «Ազգ. Սահմանադրութիւն», «Վեղարաւոր սատանան», «Արշակ Չօպանեան»։ Թարգմանած է ամերիկացի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի յուշերը (1919) եւ «Մղձաւանջ» հատորը։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img