Երեքշաբթի, 19 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կոչը Զգաստութեան, Արիութեան Եւ Միասնականութեան

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

10 նոյեմբեր 2020

Անցնող քառասունչորս օրերը, մեր ազգին համար հանդիսացան հոգեկան ծանր ապրումներու շրջան մը, հպարտութեան, խանդավառութեան, հերոսութեան, վախի, բարկութեան, յուսախաբութեան եւ տխրութեան խառն զգացումներով: Այժմ, կողմնորոշուելու եւ մեր հետագայ գործընթացը ճշդելու այս հանգրուանը կրնայ վախազդու թուիլ մեզի, սակայն նման պահերու է որ հայութիւնը դրսեւորած է իր նկարագիրի ամրութիւնը եւ կամքի տոկունութիւնը: Մենք վերապրած եւ գոյատեւած ենք միշտ:  Հազարամեակներ շարունակ մեր գոյութեան ընթացքին,  մեր ժողովուրդը իր ոգեկան հզօրութեամբ դիմակալած է բոլոր տեսակի խոչընդոտներ եւ ուժեր, որոնք փորձած են ընկճել մեզ:  Քաղաքակրթական մեր ժառանգութիւնը եւ աւանդը, յատկանշուած են յարատեւ իրագործումներով: Այսպիսի պահերու, երբ խորտակուած ըլլալու զգացումը կրնայ վհատեցնել մեզ, պէտք է նայինք մեր պատմութեան, եւ քաջալերուինք մեր ժողովուրդի հաստատակամութեան եւ յաւերժութեան ամէնապայծառ օրինակներով:

Քառասունչորս օրեր շարունակ, հայութիւնը, աշխարհի տարածքին, միաձուլեց իր ներուժն ու կամքը եւ ամենուրէք լսելի դարձուց իր ձայնը: Անծանօթներ, միասնական պայքարի զօրակիցներ ու գործակիցներ հանդիսացան: Մեր հողերուն եւ մեր ազգակիցներուն դէմ շղթայազերծուած անակնկալ յարձակումը միացուց մեզ, մէկ գաղափարախօսութեան շուրջ համախմբելով մեր ժողովուրդը: Այս իրականութիւնն է որ պիտի մղէ մեզ կերտելու մեր պատմութեան նոր ժամանակաշրջանը: Այս նոր հանգրուանին, մենք պիտի շարունակենք գործել միասնաբար, յաղթահարելով բոլոր խոչընդոտները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը, մեր ազգին եւ ժողովուրդին համար անհրաժեշտ ապաքինումի եւ վերաշինութեան աշխատանքներուն:

Մենք պէտք է հանդարտութեամբ տոգորենք մեր սիրտերը   եւ համախմբուինք ազգաշինութեան միեւնոյն ոգիով: Ասիկա մեր պարտքն է, այն բոլոր հերոսներուն նկատմամբ, որոնք նուիրաբերեցին իրենց կեանքերը, վիրաւորներուն, որոնք ապաքինումի ընթացքի մէջ են այսօր  եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան իրենց կորուստները: Հայաստան կարիքը ունի մեր բոլորին: Արցախը կը կանչէ մեզ: Աւելի քան երբէք, մենք պէտք է միացնենք մեր ուժերը:

Զգաստութեան պահն է: Անհրաժեշտ է, որ մեր պատմութեան բախտորոշ այս հանգրուանին, մեր ժողովուրդը ըլլայ գիտակից, միասնական եւ օրինապահ, զօրավիգ կանգնի պետութեան եւ մեր ազգային կառոյցներու անվտանգութեան: Կոչ կ’ուղղենք մեր ազգի նուիրեալներուն, անհատներու, մարդասիրական կամ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, գործելու միասնական ոգիով, ընդդէմ բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, ինպէս միշտ, պատրաստ է ծառայելու ազգին: Պատրաստ, նախաձեռնելու երբ կարիքը կը ներկայանայ: Պատրաստ, զօրակցելու մեր ժողովուրդին, պետութեան եւ եկեղեցիին:

Միութեամբ Միշտ Հզօր

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img