Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջն ու Աջապահեան Յայտնի Սերունդը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«Աջապահեան տոհմը առանց բացառութեան իր ամենէն կարող ու փայլուն զաւակներով փայլեցուցած են Սսոյ Աթոռը»

Բաբգէն Ա Աթոռակից Կաթողիկոս

                                               Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Աւանդութեամբ առ Մեզ Հասեալ

         Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ԱՋԸ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ նուիրական նշխար մը կը նկատուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ առնչուած եւ սակայն անոր ծագումին ու գոյութեան մասին պատմիչները անորոշ ակնարկութիւններ միայն ըրած են, Մեծ Սուրբին վախճանման 325 թուականն ու թաղուած տեղը նշելով։ Ուրեմն ԱՋԻ հնագոյն աւանդութիւնները հասած են Հայ Եկեղեցւոյ Աթոռներուն հետ միասին, եւ մինչեւ Կիլիկեան Թագաւորութեան սկիզբը Ս. Փրկչի Խաչին հետ միասին եւ անկէ ետք որպէս երկրորդական, ԱՋԸ գործածուած է հանդիսութեանց ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ժամանակաւոր վայրին մէջ մինչեւ Կիլիկեան թագաւորութեան 1375-ի անկումը։         

         Այսօր մէկէ աւելի Լուսաւորչի Աջեր ցոյց կը տրուին սխալ մեկնաբանութեան մը հետեւանքով, եւ այդ պատճառով է որ հնարուած են այլ ԱՋԵՐ եւ իսկական իմաստն ու արժէքը իրարմէ հեռացուցած։ Ըստ այդ մեկնաբանութեան իբր թէ «ո՛վ որ տէրն է Ս. Աջին, ա՛ն է Հայոց Կաթողիկոսը»՝ հետեւելով շատ ուշ շրջանի 17-րդ դարու  Առաքել Դաւրիժեցի պատմիչին յայտարարութեան թէ «ի վերայ Աջոյն եւ Էջմիածնի ամենայն ազգն հայոց կապեալ կան»։

         Չափազանցուած կարծիք մըն է նաեւ այն թէ Հայոց Կաթողիկոս-ներու օծման առիթներով անհրաժեշտ եղած է միշտ ԱՋԻՆ ներկա-յութիւնը՝ օծումը վաւերական դարձնելու համար։ Կիլիկիոյ մէջ շարք մը Կաթողիկոսներ առանց Սուրբ Աջի ներկայութեան օծուած են երբ ԱՋԸ ժամանակաւոր կերպով Աղթամարի Կաթողիկոսութեան ձեռքն անցած էր։ Հետեւաբար Աջը կանոնական անհրաժեշտութիւն մը չէ եղած կաթողիկոսական իշխանութեան լրումին կամ վաւերակա-նութեան համար։

         Յատկապէս երբ Կաթողիկոսական Աթոռը գրեթէ հազարամեակ մը Սուրբ Էջմիածնէն դուրս մնաց եւ 1441 թուականին Վաղարշապատ վերադարձաւ, անշուշտ ԱՋԻՆ պատմութիւնը խնդրոյ առարկայ եղաւ։ Կա՛մ ԱՋԸ մնաց Սիս եւ Էջմիածնի մէջ երկրորդ ԱՋ մը երեւան ելաւ, եւ կա՛մ, ինչպէս ձեռագիրներու յիշատակարաններ կը գրեն, ԱՋԸ ”գողցուեցաւ” եւ տարուեցաւ Էջմիածին։ Ինչպէս միշտ նաեւ մինչեւ այսօր Կիլիկեան Աթոռը ունի իր ԱՋԸ եւ Մայր Աթոռն ալ իր ԱՋԸ։ Երբ մտածելու ըլլանք բարեբախտ իրողութիւն մը չենք նկատեր այս երկուութիւնը, եւ սակայն էականը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի օրհնաբեր ներկայութիւնն է երկու պարագաներուն ալ։

Աջապահեան Կաթողիկոսները

         Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ բացառիկ պատուոյ տեղ  գրաւած են Աջապահեան տասը Կաթողիկոսները որոնց նախահայրը եղած է Սիսի Տէր Յուսիկ Աջապահեան քահանան իր ութ զաւակներով, որոնցմէ առաջին երեք եղբայրները յաջորդաբար Կիլիկիոյ Կաթողիկոս օծուեցան՝ Աջապահեան Ղուկաս Ա (1731-1737), Միքայէլ Ա (1738-1758), եւ Գաբրիէլ Ա (1759-1770)։ Տէր Յուսիկ Աջապահեան քահանան իր ութ զաւակներուն մեծ խնամք տարած է կրթութեան եւ դաստիարա-կութեան համար Սիսի դպրանոցին մէջ 1733 թուականէն մինչեւ 1770։ Երեք եղբայր կաթողիկոսներէն ետք կը յաջորդէ Եփրեմ Ա Աջապահ-եան Կաթողիկոսը (1771-1784), որդին Տէր Մարկոս քահանային եւ եղբօրորդին երեք կաթողիկոսներուն:

         Զիրար կը յաջորդեն Աջապահեան վեց Կաթողիկոսներ եւս՝ (1784-1866) Եղիազար, Թէոդորոս, Կիրակոս Ա, Եփրեմ Բ, Միքայէլ Բ, եւ Կիրակոս Բ, որ Սիսի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրած է Ներսէս Պատ-րիարք Վարժապետեանը։

Աջապահ Նուիրեալ Սերունդը

         Աջապահեան Կաթողիկոսներու տոհմը, սկսեալ իրենց հօրմէն՝ Տէր Յուսիկ Աջապահեան քահանայէն մինչեւ 1730 իրենց տան մէջ պահած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ԱՋԸ՝ ուղղակի իրենց հսկողութեան տակ եւ ապա փոխադրած Սիսի Կաթողիկոսարան։ Յուսիկ քահանայ Աջապահեան վախճանած է 1748 թուին եւ արդարօրէն իր կեանքի պարտքը նկատած է Աջապահներու մենաշնորհ ըլլալը։ Զայն արդարացուցին իր երեք Կաթողիկոս որդիները Ղուկաս Ա, Միքայէլ Ա եւ Գաբրիէլ Ա Հայրապետները որոնք հակառակ արտաքին                 բռնութեանց պահապան եղան Ս. Աջին իրենց կեանքի գինով։ Աջապահեաններու համբաւը տկարացուց դժբախտաբար իրենց յաջորդը՝ Մարաշցի Մկրտիչ Քէյֆսիզեան Կաթողիկոսը 1871 թուականէն սկսեալ։ Զայն վերականգնեց քաջարթուն Խադ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան՝ անուանի սերունդին վերջին շառաւիղը։

Ամենավերջին Միջադէպը

         Մեր օրերուն եւս Աջապահեան տոհմի Բարձրաշնորհ Տեղապահ Խադ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան (1883-1968), Սիսի սերունդին վերջին ներկայացուցիչը, իր ձեռքերով Սրբազան ԱՋԸ աքսորի ճամբէն ազատելով Հալէպ եւ ապա Անթիլիաս փոխադրելով, իր առանձ-նասենեակին մէջ կը պահէր որպէս հարազատ Աջապահ։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն իր բացակայութեան ապաշնորհ դէպք մը պատահեցաւ մեր օրերուն երբ Աջն ու Սրբազան Արկղը յանկարծ անյայտացան Անթիլիասի իր սենեակէն 1956¬ի Կաթողիկոսական Ընտրութեանց խառնակ օրերուն, երբ ինք Գահիրէ մեկնած էր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական ժողովին մասնակցելու՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Վազգէն Ա Հայրապետին։

         Տողերս գրողը նորընծայ Զաւէն աբեղայ Արզումանեան եգիպտահպատակ ըլլալով պատկան իշխանութեանց կողմէ յատուկ նամակով Գահիրէ կը մեկնէր զայն Տեղապահ Խադ Արքեպիսկոպոսին յանձնելու առանց գիտնալու թէ ի՛նչ նամակ էր տարածը։ Սրբազանը այլայլած իսկոյն կը վերադառնար Անթիլիաս եւ գլուխը կ՛անցնէր դժբախտ կացութեան։ Բարեբախտաբար ուղիղ տարի մը ետք գողերը կը վերադարձնէին Սրբազան Արկղը երբ արդէն Կիլիկիոյ Նորընտիր Կաթողիկոսը Տ.Տ. Զարեհ Ա օծուած ու գահակալած էր։ Ազդու միջամտութեամբ Կաթողիկոսին եւ Խադ Արքեպիսկոպոսին            աւանդ ները Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն Անթիլիաս վերադարձան Եղիշէ Արեքպիսկոպոս Տէրտէրեանի միջոցաւ ուր կը բնակէր ժամանակաւորապէս։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img