Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Սփիւռքահայ Կեանք. Մեր Ժողովուրդի Բախտորոշ Օրեր

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Հայրենիքէն մեզի հասած լուրերուն համաձայն, հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս բախտորոշ, բարդ եւ բազմաշերտ ու դժուարութիւններով լեցուն օրեր կ՚ապրի։ ՚՚

Քաղաքամայր Երեւանէն մեզի անհաճոյ, տագնապալի եւ անհաւատալի լուրեր կը հասնին, որոնք ամերիկահայութեան խոր մտահոգութիւն եւ ցասում պատճառած են։

Այսօր ամերիկահայութիւնն ալ աշխարհատարած եղող հայերուն պէս սրտատրոփ անձկութեամբ կը հետեւի հայրենիքի եւ Արցախի պատերազմական եւ հրադադարի լուրերուն։ Նոյեմբեր 10-ին դառնութեամբ եւ խորունկ ցաւով լսեցինք, որ Հայաստանի վարչապետը կամքէ անկախ պայմաններու բերումով, հրադադարի համաձայնութիւն մը ստորագրած է Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջնորդ եղող նախագահներուն հետ։

Ողջ հայութիւնը մտահոգուած է կ՚ուզէ գիտնալ այս պայմանագրութեամբ հայերուն կողմէ ի՞նչ տրուեցաւ կամ պիտի տրուի Ատրպէյճանին եւ թէ հայերուն համար ի՞նչ օգուտ պիտի բերէ այդ համաձայնագիրը։ Այս բոլորին համար հարկ է սպասել եւ տեսնել մեր վարչապետին ստորագրած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները։

Մինչ այդ մեր սրտագին կոչն է, որ հայ ժողովուրդը միասնական ոգիով զօրավիգ թեւ եւ թիկունք կենալ մեր ժողովուրդի կողմէ ընտրուած պետական այրերուն, որպէսզի այս փոթորկոտ օրերուն, խութերէ զերծ մնայ մեր հայրենիքը եւ հայ ժողովուրդը եւ անմահն Սարգիս Կուկունեանին խօսքերով առաջնորդուի ողջ հայութիւնը։

Երբ ալեկոծ ծովու վրայ

Իմ մակոյկը խորտակուի

Ես փրփրադէզ ալեաց մէջը

Ես իմ յոյսը չեմ կոտրի։

Բոլոր ուժովն եւ համարձակ

Բազուկներս կը շարժեմ

Ալիքները պատառելով

Դէպի ափունքը կը թռչեմ։

Յաւերժ փառք մեր նահատակ զինուորներուն եւ զինուորականներուն, որոնք անմահացան այս պատերազմի օրերուն, անոնք մեր ներկայ եւ ապագայ սերունդներու հայրենասիրութեան եւ քաջ՚ագործութեան ներշնչման վարար աղբիւրը պիտի հանդիսանան։

Հազար փառք ու պատիւ մեր կղերականներուն

«Եթէ Աստուած մեր կողքին է, ով կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ»

Պօղոս Առաքեալ

Սեպտեմբեր 27-ի անմարդկային պատերազմը սկսելէ իվեր, բոլոր յարանուանութեանց եւ եկեղեցիներու հոգեւորականները, տենդագին աշխատանքով, աղօթքներով եւ աղերսանքներով ողջ հայութեան կողքին են Հայաստանէն եւ Արցախէն սկսեալ մինչեւ աշխարհի կարեւոր ծայրամասեր հասնելով։

Մեր կղերականները անխտիր հաւաքական կամ անհատ ծուխեր մշտատեւ աղօթքներ, հոգեհանգիստներ կը կատարեն Աստուծմէ խնդրելով, որ մեր զինուորներուն ուժ, հաւատք եւ իմաստութիւն պարգեւէ եւ Աստուած պահապան ըլլայ բոլորին։

Առաջ՚նորդարանի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ երեք յարանուանութեանց Առաջնորդները, հաւաքական ժամերգութիւն կատարեցին։ Նմանապէս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նման հաւաքական աղօթքներ եղան։ Իւրաքանչիւր եկեղեցիի եւ Ծուխի մէջ, ամէն Կիրակի հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի մեր նորագոյն մարտիրոսներու հոգիներուն համար։ Թող հայ հոգեւորականներուն աղօթքները, աղերսները եւ օրհնութիւնները անպակաս ըլլան մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Արցախ աշխարհի բանակին վրայէն։

Տէրը բոլորին հետ թող ըլլայ։

ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ԻՐԱՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

1956-ին խումբ մը Իրանէն եկած հայեր, իրար մօտ գալով, Հալիվուտի Վերմոնթ փողոցի վրայ, երկու գրասենեակնոց շէնքի մը մէջ, հիմը դրին Լոս Անճելըսի Իրանահայերու Միութեան։ Այդ տարիներուն Լոս Անճելըսի հայութիւնը առաւելաբար Հալիվուտի շրջանի մէջ կ՚ապրէր։

Հոն հայերը ունէին «Ասպարէզ» եւ «Նոր Օր» թերթերը։ Հոն գոյութիւն ունէր Ս. Խաչ եկեղեցին եւ հայկական ծերանոցը։

1970-ական թուականներուն Իրանէն մեծ թիւով հայեր սկսան ԱՄՆ գալ եւ հաստատուիլ առաւելաբար Գալիֆորնիոյ նահանգի մեծն Լոս Անճելըս քաղաքներէն՝ Կլենտէյլի մէջ։ Իրանի տնտեսական վիճակը շատ ծաղկուն եւ հարուստ էր։ Մեր հայրենակիցներն ալ մեծ գումարներով Իրանէն եկան եւ տնտեսապէս մեծ նպաստ բերին Կլենտէյլ քաղաքին։

Իրանահայերու ձեռներէցութեան եւ մեծ մտածողի շնորհներով, անոնք բազմաթիւ գործեր սկսան, շինարարութիւնը մեծ թափ առաւ, տուներ, յարկաբաժիններ եւ եկամտաբեր գործեր հիմնեցին այս քաղաքին մէջ։ Այսօր Կլենտէյլի մեր քաղաքը ողջ Գալիֆորնիոյ տնտեսապէս10-րդ քաղաքն է։

1978-ին Միութիւնը ստիպուած եղաւ Կլենտէյլ տեղափոխուիլ, ուր իրանահայերու մեծ զանգուած մը կ՚ապրի։ Այդ տարին գնեցին Brand պողոտայի վրայ պանդոկ մը, որ վերակառուցելով զայն, Միութեան կարիքներուն յարմարցնելու համար։

Հոն էր, որ սկսան իրենց պարախումբը, երգչախումբը, նուագի դպրոցը։ Գրականութեան եւ Արուեստի Յանձնախումբը, Շաբաթօրեայ վարժարանը, «Տեղեկատու» պաշտօնաթերթը, Հայաստանի ծնողազուրկ ընտանիքներու, երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութեան յանձնախումբեր։ Հայաստանի դպրոցներու օգնութեան աշխատանքներ, ընկերային շէն ու շէնշող պարահանդէսները։ Դասախօսութիւններու եւ հրապարակային քննարկումներու անվերջանալի շարքը ու վերջապէս իրանահայերու պատիւ բերող գրադարանը եւ ընթերցարանը, որ շաբաթը երեք օր բաց էր հանրութեան։ Ամէն ամիս, երկրորդ եւ չորրորդ Երեքշաբթի այս Միութեան մէջ դասախօսութիւններ տեղի կ՚ունենան, նաեւ լեռնագնացներու յանձնախումբ մը ունի։

Brand փողոցի վրայ Կլենտէյլի կառավարութեան Americana անունով առեւտրական կեդրոն մը շինելու համար, Իրանահայ Միութիւնը Brand-էն Louise փողոցը անցան, որ ներկայ փառաշուք կեդրոնը կառուցեց, մօտ 20 միլիոն տոլար արժէք ունեցող կեդրոն մըն է։

Այս Միութիւնը չորս իրանահայ քաղաքապետներ տուած է այս քաղաքին, Լէրի Զարեան, Պապ Եուսուֆեան, Վարդան Կարպետեան եւ այժմու քաղաքապետ Վրէժ Աղաճանեան։

Արդարեւ այս կեդրոնը կը հանդիսանայ «տունը հայուն», հոս ամէն հայ անկախ իր կուսակցական, յարանուանական կամ եկած երկրէն, այս կեդրոնը կը մտնէ որպէս տանտէր հարազատ, ինքզինք իր տան եւ ընտանիքի մէջ զգալով։ Որպէս Իրաքէն եկած հայ, երեսուն տարիէ աւելի անդամ եմ այս Միութեան եւ մեծագոյն բաւարարութեամբ ներկայ կ՚ըլլամ այս Միութեան ձեռնարկներուն։

2021-ին, գալ տարի ամբողջ Կլենտէյլի հայութիւնը արդար հպարտութեամբ պիտի նշէ այս Միութեան ծննդեան 65-րդ պանծալի տարեդարձը։

Մենք հիմակուընէ կը շնորհաւորենք Միութեան բոլոր ղեկավարները։

ՄԵՐ ՀԵՐՈՍ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շուրջ երեք շաբաթէ իվեր Հայաստանի Հանրապետութեան Կլենտէյլի հիւպատոսարանին առաջ, մեծ թիւով ազգայիններ նահատակ զինուորներուն նկարներ զետեղուած են, ժողովուրդը մինչեւ գիշերները ուշ ժամերուն հսկում կը կատարէ, խունկով եւ աղօթքներով իրենց յարգանքի տուրքը կու տան հայրենիքի փրկութեան եւ գոյատեւման համար իրենց կեանքը զոհած զինուորներուն համար։

Բազմաթիւ ոչ հայեր եւս մաս կազմած են այս հսկումին։ Թերթերը եւ հեռատեսիլի կայաններ կ՚անդրադառնան այս հսկումին։

AMERICARE ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԷԿ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ԴԵՂՈՐԱՅՔ Կ՚ՈՒՂԱՐԿԷ

ԱՄՆ-ի Գընէթիքէթ նահանգի Americare ընկերութիւնը քանի մը առաքումներով մէկ միլիոն տոլարի արժողութեամբ դեղորայք տրամադրած է Արցախի ֆոնտին։ Այդ դեղերուն մեծ մասը շտապ օգնութեան դեղեր են, որ կը գործածուի վիրաւորուած մը մինչեւ հիւանդանոց հասնելուն, անհրաժեշտ քայլերը առնելու համար։ Ընկերութիւնը մօտ վեց թոն ցաւազրկող դեղորայք կը ղրկէ, վիրաւորներուն շտապ օգնութեան դեղեր են, ուր պիտի բաժնուին Հայաստանի եւ Արցախի մօտ քսան հիւանդանոցներու, այս դեղերով պիտի փրկեն զինուորներուն կեանքը։

Americare ընկերութիւնը Սպիտակի երկրաշարժի օրերէն իվեր, միշտ 32 տարիէ իվեր, մօտ 195 միլիոն տոլար արժող դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ հասցուցած է Հայաստանի եւ Արցախի։

ԻՍՔԱՆԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԸ

Հալիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ ծխականներէն եւ բարերարներէն Iskanian ընտանիքը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ Նոյեմբեր 1, 2020-ին իրենց տան մէջ դրամահաւաքի երեկոյ մը կազմակերպել, ներկայութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս՝ Դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի եւ  Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նախագահ Տիկ. Մարի Միհրանեանի։

Բարեկամներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ այդ հաւաքին $425,000 գումար մը հաւաքուեցաւ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի կնքահայրերէն Տէր եւ Տիկ. Գէորգ եւ Սիրանուշ Իսքէնեանները այս գեղեցիկ արարքին համար։

Ձեր վարձքը կատար ըլլայ։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img