Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մեր Կորուստը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Հաուըրտ Գարակէօզեան Հիմնարկի

Լիբանանի Վարչութեան Անդամ

Լիբանանահայութեան հասցուցած երկրորդ սերունդի արժէքներէն էր դոկտ․ Յարութիւն Սամուէլեանը, որուն կանխահաս մահը ծանր կորուստ մըն էր Լիբանանի եւ հայ համայնքին համար հաւասարապէս։

Ան Լիբանանեան տնտեսական մարզի բարձրագոյն ոլորտին մէջ որպէս կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչ, ներկայացուց հայ համայնքը քսան տարիներ ծառայելով 1993-2003 եւ 2009-2019 ժամանակահատուածին մէջ։ Անոր պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը, գործելաոճի բարձրորակ տարողութիւնն ու ձեռնհասութիւնը պատճառ հանդիսացան որ ան դառնայ լիբանանեան կեդրոնական դրամատան ամենաերկարակեաց հայ փոխ-կառավարիչը։ Լիբանանին հանդէպ իր ունեցած բազմամեայ ծառայութիւններուն որպէս գնահատութիւն հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն, պարգեւատրեց դոկտ․ Սամուէլեանը յետ մահու Լիբանանեան Արժանեաց շքանշանով։

Դոկտ․ Սամուէլեան իր դրամատնային ու տնտեսագիտական մարզերէն ներս ձեռք ձգած յաջողութիւններուն կողքին միշտ զօրավիգ հանդիսացաւ նաեւ հայ համայնքի ձեռքբերումներուն, բերելով իր նպաստը ազգային բուժարանի խնամակալութեան որպէս ատենապետ, Առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան, երեսփոխանական ժողովի եւ տնտեսական խորհուրդի անդամ։ 1999 թուականէն ի վեր մօտ քսան տարիներ, ան ծառայեց որպէս Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան Լիբանանի վարչական մարմինի որպէս անդամ։ Հակառակ Փոխ-կառավարիչի իր բազմազբաղ առօրեային, ան իր մասնագիտական հմտութիւնը ի սպաս դրաւ հաստատութեան պիւտճէական եւ տնտեսագիտական խնդիրներու բարուոք լուծման եւ արդիականացման կարեւոր գործին։ Հ. Գարակէօզեան Հաստատութեան Նիւ Եորքի Կեդրոնական վարչութիւնը բարձր գնահատելով դոկտ. Սամուէլեանի դերակատարութիւնը Լիբանանի վարչական ժողովի ծիրէն ներս, հաստատութեան տնօրէն պրն. Սերոբ Օհանեանի հետ հրաւիրեց Նիւ Եորք Ապրիլ 12, 2016-ի իր տարեկան ժողովին յատուկ խորհրդակցութեան համար։ Այդ օրերուն Գարակէօզեան հիմնարկը կը դիմագրաւէր ճակատագրական օրեր Սուրիահայ գաղթականներու մեծ հոսքով դէպի Լիբանան։ Հաստատութեան ծառայութիւնը բազմապատկուած էր եւ կը կարօտէր յաւելեալ ներդրումներու։ Միջազգային կազմակերպութիւններու օժանդակութիւնը ներգրաւելու հրամայականը անհրաժեշտութիւն դարձած էր որոնց հետ գործակցութեան պարտաւորութեան տակ կը գտնուէր հաստատութիւնը։ Այս անկիւնադարձային ժողովին դոկտ.Սամուէլեան շեշտեց կարեւորութիւնը Գարակէօզեան հաստատութեան ծառայութիւններուն Լիբանանի հայ կեանքէն ներս եւ անոր զօրավիգ կանգնելու վճռակամութիւնը Հ․ Գարակէօզեան հաստատութեան Նիւ Եորքի Կեդրոնական Վարչութեան մարմինի կողմէ։ Ան յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որուն արդիւնքով այսօր համաշխարհային բարեսիրական կազմակերպութեանց մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկայ է Գարակէօզեան հաստատութիւնը։

Դոկտ. Սամուէլեանի ներդրումը մեծ եղաւ նաեւ Գարակէօզեանը դարձնելու ոչ միայն հայութեան առողջապահական կարիքները հոգացող որպէս հաստատութիւն այլ նաեւ լիբանանցի ոչ հայ կարիքաւորներուն ծառայող որպէս կեդրոն։ Իր այս գաղափարը կը քաջալերէին նաեւ վարչական խորհուրդի իր գործակիցները։ Այս համապարփակ գործելաոճը իր լրումին հասաւ Պէյրութի Օգոստոս 4-ի աղէտին զոհ դարձած լիբանանցի նաեւ ոչ հայ վիրաւորներու տրուած բուժման կարելիութիւններով, որոնց ընդհանուր թիւը օգոստոս ամսուան մէջ հասաւ տաս հազարի։

Դոկտ. Սամուէլեան իր ասպարէզի երկար տարիներու փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ Գարակէօզեան հաստատութեան ենթակառոյցներու ղեկավարման մէջ ներմուծելու ժամանակակից երեւոյթներ, որոնց կիրարկումով ձեռք ձգուեցան ակնբախ իրագործումներ։ Ան մօտէն հետեւելով երիտասարդ տինամիկ տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեանի գործունէութեան, դարձաւ անոր անկեղծ եւ բանիմաց խորհրդատուն։ Այդ գործակցութենէն օգտուեցան հաստատութեան բոլոր բաժանմունքները, որոնք ուշագրաւ բարգաւաճում արձանագրեցին անցնող հնգամեակին։

Դոկտ. Սամուէլեանի կենսագրութիւնը հարուստ է բացի լիբանանեան կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչի հանգամանքէն, բազմաթիւ այլ համաշխարհային, արաբական եւ լիբանանեան տնտեսական, դրամատնային եւ ֆինանսական յանձնախումբերու անդամակցութեան պարգեւած առանձնաշնորհումներէն։

Դոկտ. Սամուէլեանի նպաստը մեծ եղաւ նաեւ Հայաստանի անկախացումէն ետք անոր կեդրոնական դրամատան հիմնադրութեան եւ դրամատնային մարզի կարգաւորման աշխատանքներուն։

2016 թուականին Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան հիմնադրութեան 95 ամեակին առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, Տոքթ. Սամուէլեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ։ Այդ առիթով Գարակէօզեանի Նիւ Եորքի եւ Լիբանանի կազմերուն հետ տեսակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսին հետ։

Դոկտ. Սամուէլեանի կեանքը կը յատկանշուի ակադեմական բարձր մակարդակով։ Ֆրանսայի Կրէնօպլը համալսարանի վարչական տնօրինման ճիւղի դոկտորական տիտղոսը ան ստացած է պատուոյ յիշատակութեամբ։ Միեւնոյն մասնագիտութեամբ մագիստրոսականներ ստացած է Գանատայի Գէպէքի համալսարանէն ու Գանատական Լիբանանեան Համալսարանէն ինչպէս նաեւ յատուկ վկայականի արժանացած է Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն, դրամատնային գիտութեանց մէջ։

Դոկտ. Սամուէլեան իր մասնագիտութեան գծով հրաւիրուած է որպէս հիւր դասախօս Կրէնօպլի, Հարվըրտի, Շիքակոյի եւ Հայաստանի համալսարաններէն։ Ան դասախօսած է նաեւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններէն ներս ինչպէս Ամերիկեան Համալսարանը, Սէն Ժոզէֆը, Հայկազեանը եւ Լիբանանի Պետական Համալսարանը։ Մասնակցած է միջազգային համագումարներու ներկայացնելով իր ուսումնասիրութիւնները ֆինանսա-տնտեսական մարզերու վերաբերեալ։

Դոկտ. Սամուէլեանի մահով Լիբանանի գաղութը կը կորսնցնէ իր արժանաւոր զաւակներէն մին, որ նուիրումով ծառայեց այն կառոյցներուն մէջ, ուր իր օժանդակութեան կարիքը կար առանց հատուածական խտրութեան։ Ան միշտ կը զատորոշուէր  իր համահայկական մտածողութեամբ եւ ազգային գերագոյն շահերու հետապնդումով։ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ կաթողիկոս բարձր գնահատելով դոկտ․ Սամուէլեանի նպաստը լիբանանահայութեան, զայն յետ մահու պարգեւատրեց «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով, որուն կ՝ընկերանար նաեւ Լիբանանի նախագահ՝ Զօր․ Միշէլ Աունի «Արժանեաց Շքանշան»ի տուչութիւնը։

Յաւերժ յարգանք իր անմեռ յիշատակին։

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img