Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Միսակ Ներսէսեանին․ Թոռներուս Հետ Իմ Մեծհայրութիւնը Կիսող Հարազատիս

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«Կեանքը ու մահ ինչպէս գետ ու ծով,

մէկ են ու անբաժանելի, որոնք եղած են այսպէս միշտ

 ու պիտի ըլլան յաւիտեան»

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան

Կեանքի անսպասելի մէկ պահուն, երէկ անժամանակ կերպով կորսնցուցինք հարազատ մը՝ սիրելի թոռներուս հետ իմ մեծհայրութիւնը կիսողը, ընտանիքի լաւ ամուսինն ու հայրը: Մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ «մարդու սով»ի այս դառն օրերուն արդէն իսկ հազուագիւտ էութիւն դարձած՝ լաւ Մարդ մը, լաւ Հայ մը:

Միսակը միշտ պիտի մնայ իմ յիշողութեան մէջ, որպէս բարութեան եւ ազնուոգի մարդու խորհրդանիշ: Հրաժեշտ բառը արդէն ինքնին  տխրութիւն  կը յառաջացնէ, ալ ո՜ւր մնաց, երբ կայ այն տխուր փաստը, որ երկնային այս կեանքի մէջ այս բաժանումը հակաշրջելի չէ…։

Կեանքի փորձս ցոյց տուած է, որ մարդկային ապրումներու ամենադժուար պահերէն մէկը՝ սիրելիի հրաժեշտ տալու պահն է: Կարծէք կեանքը կանգ կ՚առնէ այդ միջոցին, իսկ մեզի համար, ամէն ինչ կը թուի ըլլալ ունայն…:

Գիտակցելով հանդերձ, որ կեանքին պէս հին է մահը ու միասին կ՚ընթանան անոնք անբաժանելի ընթացքով, բայց դարձեալ դժուար է հաշտուիլ սիրելիի մը մահուան հետ, մանաւանդ երբ այդ սիրելին Միսակն է՝ բոլորին սիրելի Միսակը:

Մահուան պատճառած վիշտը չի՛ դարմանուիր: Ժամանակի ընթացքին հաւանաբար համոզուինք կորուստին գաղափարով, սակայն չենք կրնար մոռնալ մեր հարազատը՝ այս պարագային սիրելի Միսակը, որուն ներդրումը՝ ընտանեկան, բարեկամական եւ ազգային կեանքի միջավայրին մէջ գրեթէ անփոխարինելի է։

Հողը թեթեւ գայ վրադ հարազատս: Արդար էիր դուն: Արդար է Աստուած ողորմելու համար հոգիդ:

Երթաս բարով Միսակ: Մինչեւ նոր հանդիպում:

ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img