Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Սրտի խօսք Միսակ Ներսէսեանի Մահուան Առթիւ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ԱՆԻ ԼԱՉԻՆԵԱՆՄԱԿԱՐԵԱՆ

Մեր կեանքի ընթացքին կը ծանօթանանք բազմաթիւ մարդկանց սակայն քիչերն են որ իրենց իւրայատուկ դրոշմը կը թողուն մեր սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:  Մեր ընտանիքին համար Միսակ Ներսէսեանը այն հազուադէպ անձերէն է որ իսկապէս անմոռանալի տպաւորութեամբ ազդած է մեր վրայ, իր նկարագրով, բարոյականութեամբ եւ վարակիչ լաւատեսութեամբ:  Հակառակ այս աշխարհէն անժամանակ տխուր բաժանումին, անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:

Ինչպէս բնութագրել Միսակ Ներսէսեանի հրապոյրն ու իւրայատկութիւնը.

Իր ցնծագին ներկայութեամբ ան միշտ կարեւորութիւն կու տար դիմացի անձերուն՝ ցուցաբերելով սէր, յարգանք ու գնահատանք:

Միջակութիւնը չէր սիրեր:  Բարձր ակնկալութիւններով միշտ վեր դասած է գերազանցութիւնը:  Բծախնդիր եւ նրբաճաշակ ըլլալէ անդին կը ձգտէր արժեւորել գեղեցիկը, շքեղը, ներդաշնակութիւնը, պատշաճութիւնն ու ինքնատպութիւնը:

Քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը դրոշմուած էին իր առօրեայ կեանքին մէջ:  Ան անզիչող էր մարդկային եւ հայկական արժէքներու հանդէպ եւ այդ ոգին յաջողած էր փոխանցել իր ընտանիքին եւ մօտիկ բարեկամներուն:

Որպէս մարդ, սկզբունքի տէր անձ էր եւ որպէս բարեկամ՝ հաւատարիմ եւ վեհանձն: 

Ամենադաժան պայմաններու մէջ իսկ ան եղած է լաւատես եւ քաջալերող:  Իր զօրաւոր յատկանիշներէն էին իմաստութիւնը, սրամտութիւնը, դիտարկութիւնը, մեծարութիւնը, քաջութիւնը, պարկեշտութիւնը, հաւատարմութիւնը, լաւատեսութիւնը: 

Բառին բուն իմաստով Միսակը ասպետ էր. այս իրողութիւնը հաստատուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետի յետ մահու պարգեւատրած Կիլիկիոյ Ասպետի շքանշանով:

Կարելի չէ իմաստաւորել Միսակի իւրայատկութիւնը առանց անդրադառնալու իր կողակիցին եւ մեր շատ սիրելի ու յարգելի բարեկամուհիին՝ Տիկին Մարօ Գաբրիէլեան Ներսէսեանին:  Այս սքանչելի եւ տիպար ամոլը օրինակ հանդիսացան բոլորիս իրենց առաձգականութեամբ եւ յարատեւ վճռականութեամբ:  Միշտ հրապուրուած եղած ենք իրենց սիրոյ, առատաձեռնութեան, հիւրընկալութեան, անկեղծութեան եւ ազնուութեան անսահման եզրին:  Լուսարձակներէ հեռու, Միսակ եւ Մարօ Ներսէսեաններ իրենց անսակարկ նիւթական եւ բարոյական ներդրումը բերած են ազգային եւ ընկերային բազմաթիւ յանձնառութիւններու:

Մենք այդ բախտաւորներէն եղած ենք որ մօտէն ճանչցած ենք Միսակը եւ վայելած անոր բարեկամութիւնը:  Միսակը մարդասիրութեան եւ բարեսիրութեան մարմնացումն էր:

Կ՛աղօթենք որ Աստուած երկինքի արքայութեան արժանացնէ Միսակ Ներսէսեանի հոգին եւ մխիթարութիւն պարգեւէ իր կողակիցին՝ Մարոյին, զաւակներուն, հարսերուն, թոռներուն, խնամիներուն, համայն ընտանիքի անդամներուն եւ սիրելի բարեկամներուն:

Խունկ ու աղօթք Միսակ Ներսէսեանի անթառամ յիշատակին:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img