Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Համացանցի Վրայ. Զգաստութեան Պահը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Լիբանանահայ ծանօթ մանկագիր եւ հոգեբան՝ Վերա Սիսեռեան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ կը գրէ.

Այս այն պահն է, որ ցաւը այնքան զօրաւոր է, որ կը թմրեցնէ մարմինը, իսկ միտքը անընդհատ կ՛աշխատի մէկ մտածումի վրայ, առանց ետ կամ առաջ երթալու : Արդէն 15 օրէ ամէն հայ աշխարհի, որ անկիւնն ալ որ գտնուի, որքան մօտ կամ հեռու ըլլայ հայութենէն , իր մարմնի մէջ, օրկաններու բաժանման ցաւը կը զգայ, իսկ ցաւը կ՛արտայայտէ տարբեր ձեւերով կամ չ՛արտայայտեր… հայհոյանք, սպառնալիք, պառակտում, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք տարբերութեան մատնանշում , հին-նոր, հայրենասէր-դաւաճան եւայլն, եւայլն …

Այս օրերուն, ըստ երեւոյթին կարեւոր չափանիշ է, թէ որքա՞ն կը պոռաս եւ ինչպիսի՞ բառերով կ՛ուզես ցասումդ արտայայտել, ցոյց տալու համար ցաւդ եւ «միւսէն» աւելի հայ ըլլալդ… եւ այսպէս կեցուածք՝ հակակեցուածք, կեցուածք՝ հակակեցուածք, կեցուածք՝ հակակեցուածք…. վերջապէս՝ նպատակէն շեղում եւ նպատակի աղաւաղում կամ՝ չէզոքացում:

Ի՞նչն է նպատակը հիմա իրար մեղադրելու: Ի՞նչն է նպատակը հիմա մատնանիշ ընելու, որ տարբերութիւններ կան Արցախցիի, Հայաստանցիի եւ կամ Սփիւռքահայի միջեւ, ինչո՛ւ չէ նաեւ նոյնիսկ Հայաստանցիի եւ ուրիշ Հայաստանցիի միջեւ… Ի՞նչն է նպատակը նկարներ դնելու խանութներուն առջեւ մարդոց, որոնք «մեղքը» գործած են օրինակի համար՝ «սեւ Ուրբաթի»  գնումներ կատարելու… Իսկ ի՞նչն է նպատակը խաղաղապահներուն քաղցրաւենիք բաժնող հայուն նկարը համացանցին վրայ դնելով հայ դատելու: Ի՞նչն է նպատակը այս բաժանումները եւ ատելութիւնը սերմանելու:
Ի՞նչն է նպատակը շեշտելու, որ ո՛վ՝ որո՞ւ հետ էր եւ ի՛նչ կ՛ընէր անցնող 30 տարիներուն ընթացքին: Վերջապէս, ի՞նչ  է այս բաներուն նպատակը:

Եթէ ոեւէ անձ կը փորձէ հաւատալ եւ հաւատացնել, որ այսօրուան վիճակը մէկ գործօնի հետեւանք է, պարզապէս ինքզինք եւ իրեն հաւատացող շրջապատը կը փորձէ խաբել: Դէպքերը հետեւանք կամ արդիւնք կ՛ըլլան շատ մը գործօններու եւ այդ գործօններու միջեւ փոխյարաբերութեանց եւ փոխազդեցութեանց. մինչեւ այդ գործօններու քննարկումը հանգիստ եւ քննական մտքով չկատարուի, պատասխանները եւ ենթադրութիւնները պարզապէս պիտի ծառայեն հայ հասարակութեան աւելի եւս պառակտման: Ո՞վ իր անձնական պատմութեան կամ հաւաքական պատմութեան մէջ ամօթալի արարքներ չունի: Ո՞վ սխալ որոշումներ չէ կայացուցած:  Ո՞վ պատճառ չէ դարձած ուրիշի ցաւին, թէկուզ օր մը, պահ մը,  մեծ կամ փոքր տարողութեամբ… ի՞նչն է նպատակը բաժանում եւ մաղձ սերմանելու ժողովուրդի մը մէջ, որուն իւրաքանչիւր անհատը կարեւոր է կայանալու եւ ամրապնդուելու համար այս անկայուն եւ անարդար աշխարհին մէջ:

Ի՞նչ կ՛ընենք երբ ուրիշը կը չէզոքացնենք, : Այդ ընելով, պարզապէս մեր չէզոքացման փոսը կը փորենք:   Իրականութեան մէջ, առանց «միւսին», մենք միապաղաղ ենք եւ թոյլ:

Եթէ այս է մեր յառաջիկայ ընթացքը, վէրքը այնքան խոր պիտի մնայ, որ պիտի չսպիանայ:  Այս ընթացքով, մենք պիտի վերադառնանք դար մը առաջ , երբ գործելաոճը իրար չլսելն էր՝ իրար կոխկռտելն էր: Մեր այս ընթացքը, կը յուշէ վերադառնալ կեթոներու, արդարացնել անձնական սխալները, խոշորացոյցով դիտել դիմացինին սխալները եւ վերածուիլ իրարմէ տարանջատ «խմբակներու», որոնք իրենք գոյութիւնը կը քաշքշեն իրենց մեծամտութեամբ, «հերոսական» պատմութիւններով կամ մեծխօսիկութեամբ եւ երեւակայական հեքիաթներով: Պարզապէս հայ խումբեր, որոնք ազգային, թէ այլ տօնակատարութիւններուն կ՛երգեն, կը պարեն, իրենց խումբին գովքը կը հիւսեն, դիմացի խումբը վար կը զարնեն, արհեստական կերպով վեր առնելով իրենց ինքնարժեւորումը, որ կը ծառայէ միայն տուեալ նեղ հատուածին խմբակային շահերուն. իսկ որքա՜ն կրնան այն խմբակները գոյատեւել առանց կայուն հաստատուն արմատներու կամ արժէքներու…: Մարդկային պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ սա պարզապէս անհնար է, վկայ՝ ժողովուրդներ, որոնք այսօր չկան:

Շատեր պիտի ըսեն. ինչպէ՞ս դիմացեր ենք տասնեակ դարեր: Ինչպէ՞ս դիմացեր ենք վերջին հարիւր տարին ….: Դիմացեր ենք, որովհետեւ եղած ենք հողին վրայ, իսկ վերջին 100 տարին, դիմացեր ենք, որովհետեւ ունեցած ենք երկիր, նոյնիսկ երբ այդ երկիրը եղած է «արբանեակ» քաղաքական՝ ոմանց համար խորթ համակարգի մը…: Եթէ այսօր չսկսինք մտածել հնարամիտ ձեւով եւ շարունակենք մեր «քլիշէ» յանկերգները, իրար վիրաւորենք եւ կամ մենք մեզմով հիանանք հայելիին մէջ՝ մեր քաշքշուքը իբրեւ ազգ պիտի շարունակուի եւ մեր խորտակուած միտքն ու սիրտը երբէ՛ք պիտի չապաքինի: Այս բանին  հետեւանքով՝ շատերը պարտադրուած պիտի հեռանան իրենց ինքնութենէն, ոմանք պիտի կծկուին իրենց խմբակներու պատեանին մէջ եւ պիտի փորձեն գտնել երեւակայական սփոփանք: Պիտի երգեն աւելի աղմկոտ եւ առցանց պիտի տարածեն ատելութեան կոչեր, մինչ ուրիշներ պիտի տառապին առանց յոյսի նշոյլի:

Հայրենիքը եւ պետականութիւնը անսակարկելի են, անգին են, անփոխարինելի են: Հայրենիք չունենալու զգացումը անտանելի ու անբացատրելի է, միայն անկէ զրկուածը գիտէ…:

Մեր ժողովուրդին հոգեխռով ապրումներն ու զգացումները կրնան մասամբ խաղալիլ, երբ լռեն բոլոր մասնատող, մաղձ թափող, մեծամիտ, ամբարտաւան, հայհոյող ու սպառնացող ձայները, փոխարէնը՝  սկսին լսուիլ բանականութեան ձայները, պատասխանատւութիւն ստանձնող, վստահութիւն ներշնչող եւ առաջնորդելու արժանի ձայները..: Ափսոս, որ հիմա չկան այս բոլորը, սակայն մենք կ՛ապրինք այն յոյսով, որ շուտով պիտի յայտնուին անոնք եւ մեր ժողովուրդը այս գողգոթան եւս պիտի անցնի քիչ մը աւելի զօրացած, կոփուած, յղկուած եւ… կայացած:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img