Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Սրտցաւ Մտորումներ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»-ի Երէց Աշխատակից

Ապրող ամէն տեսակ կենդանութեան գլխաւոր եւ միակ մտահոգութիւնը ապահովութիւն հաստատելն է. Բուսական աշխարհը իր պտուղներով կամ այլք. անասունները եւս ունին իրենց կերպը. Մեծ թէ փոքր: Պահ մը մտաբերեցի թէ ինչպէս մի քանի մարդիկ գաւազանը ձեռքերնին առնէտ մը կը հալածեն զայն սպաննելու  համար իսկ ան ճարպիկութեամբ երբեմն խոյս կու տայ ու կը փրկէ իր կեանքը: Գալով մարդ արարածին՝ կը դիմէ հնարամտութեան իր հնարած միջոցներով քաղաքներու շուրջ բերդեր կը կառուցանէ . ասոնցմէ ամէնէն նշանակալիցը Չինական պատն է զոր սակայն Ճենկիզ մը կրցաւ յաղթահարել եւ այլն:

Պատերազմներ կը կատարուին. Կը կնքուին դաշինքներ, կը կազմուին միութիւններ որոնք ժամանակ մը ետք կը նորոգուին , կը փոխարինուին նորերով. Այսպէս ուժերու, սահմաններու մտայնութիւններու փոփոխութիւն իրար կը յաջորդեն. Այսպէս, կը բարձրանան ուժեր ի վնաս այլ ուժերու . այս է ընթացքը պատմութեան…«Մէկը կ՛ըլլայ լաթ, միւսը՝ արդուկ»: Մինչ Տարուին մը կու գայ ըսելու «Գոյակեցութիւնը կը պատկանի յարմարուողին» թէեւ դժուար տանելի է մարդ արարածին համար վերոյիշեալ  միտքը, որ ոմանց համար ստրկութեան հոմանիշ է, սակայն կեանքի մէկ պարագան է ու կեանքը կը ստիպէ երբ ուրիշ ելք մը անհնարին է միշտ ալ յուսալով ու պայքարելով ինչ որ բնական երեւոյթ է, բանականութեամբ եւ հեռատեսութեամբ եւ մասամբք նորին: Մեր ցաւոտ պատմութեան վերջին շրջանին ուր մահ եւ կեանք հոմանիշ էին դարձած, առ այդ՝ Վ.Տէրեան պիտի գրէր .-«Մի՞թէ վերջին երգիչն եմ ես/ Վերջին երգիչն իմ երկրի/ Մա՞հն է արդեօք թէ նինջն է/ Քեզ պատել պայծառ Նայիրի»: Եւ սակայն պատմութեան յարաշարժ անիւը Չարենցով եկաւ ըսելու .- (ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐԻՆ 1929) «Երկինք մի մաքուր/Արեւ մի բոսոր/Լոկ Հոկտեմբերեան/ Հողմերը տուին»:(Նոյեմբեր  29-ի Հայաստանով):

Կեանքի ընթացքը միօրինակ ու միապաղաղ չէ: Կը  լեռնանան ուժեր վիթխարի, կը փոխուի մակերեսը նոյնիսկ անապատի ուր նորակազմ բլուրներ կը յայտնուին, ալ ու՛ր մնացին մարդկային շարժերը ե՛ւ մտածողութեամբ եւ ընթացքով…ու ե՛ւ փակուղիներէ ե՛ւ փապուղիներէ անցնելէ ետք, Սիլվա Կապուտիկեան պիտի գրէր «Արաքսից անկողմ Մոսկովով է անցնում ճանապարհը» մեզի պարգեւելով ապահովութեան երաշխիք երբ մասն էինք երկու Գերհզօրներէն մէկուն՝ Խորհրդային մեծ Միութեան: Օրե՜ր:

«Ոչ ոք անմահ չէ, եղբայր, եւ ոչինչ յաւիտեան չի մնում: Այդ լաւ իմացած եղիր եւ խնդայ ուրախ:» Ր. Դակոր (Պարտիզպանը):

Յաւիտեան ոչ մէկ բան կայ, բայց մեր աշխարհագրական դիրքը նկատելով՝  ոմանց յատուկ տեսութեամբ «ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹՒԻՆ» խաղալով ու՞ր կրնանք հասնիլ. Սա ամբողջ Երկրի մը, Ազգի մը ճակատագիրն է: Սա անհատի մը կամ ընտանիքի մը ճակատագիրը չէ որ կարենանք Պ. Սեւակի նման ըսել .-«Ինչ որ լինի թող որ լինի միանգամից» կամ՝ «Միայն թէ թող Նա թողնի հեռանայ»: 

Յետոյ Աստուած մի արասցէ երգենք «Լաց իմ Մուսա, մարդիկ չլացին անյայտ ընկածին»:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img