Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Սիրելի Սեւակ,

Կ՛ողջունեմ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի 28 Նոյեմբեր 2020-ի  թիւին առաջնորդող յօդուածիդ առողջ դատողութիւններն ու միտքերը: Այո՛, եթէ մենք Արցախի մէջ ունենայինք ոչ թէ 120-150 հազար հայութիւն, այլ մէկ կամ աւելի միլիոն հայութիւն, ոեւէ մէկուն միտքի ծայրէն իսկ չէր անցներ զայն հայաթափելու սատանայական ծրագիր մը:

Մենք մեր հայրենիքը դատարկելով՝ թշնամիին առջեւ բացած ենք մեր տան դարպասները: Հիմա ալ, արտագաղթի մասին մտածելով, փաստօրէն ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՄԵԶԻ ՄՆԱՑԱԾ ԱՅՍ ԿՏՈՐՆ ԱԼ ԿՈՐԾԱՆԵԼՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ:

Հայրենասիրութիւնը դատարկախօսութիւն է եւ կեղծաւորութիւն եթէ անոր չուղեկցիր հայրենաՏԻՐութիւնը:

Եթէ մէկը կամ հայրենիքդ կը սիրես՝ անոր տիրութի՛ւն պէտք է ընես, այլապէս հայրենասիրութիւնդ ստոր կեղծաւորութիւն է: Մեր ազգին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը սիրէ ապրիլ կեղծիքներու կամ պատրանքներու մէջ:

Ամօ՛թ այն ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒՆ, եթէ շարունակեն ապրիլ օտարութեան մէջ՝ հեռուէն Հայրենիքը սիրելու կեղծաւորութեամբ ու Հայրենիք վերադառնալու սուրբ գաղափարը աղբանոց նետելով:

ԴԱ՛ՐՁ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ՝ ԱՌԱՆՑ ԱՅԴ ԴԱՐՁԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՊԱՀԱՆՋՈՎ: Կա՛մ հայը կը վերադառնայ իր հայրենիքը, տիրութիւն կ’ընէ անոր, կա՛մ տասնամեակներ ետք կը վերանայ աշխարհիս երեսէն: Հայրենիք վերադառնալու տեսլականը կորսնցուցած հայազգի արարածը հայ չեմ նկատեր, իսկ եթէ նկատեմ՝ ան միայն ազգային դաւաճան կրնայ ըլլալ ինծի համար: Միայն հայերն ունին «Ուր հաց, այնտեղ կաց» ՍՏՈՐԱԳՈՅՆ ասացուածքը, մինչդեռ թրքազգիներուն եւ ռուսերուն համար, իրենց հայրենիքը հոն է, ուր ոտք կը կոխէ իրենց զինուորին ճտքակօշիկը՝ այդ տեղն ըլլայ իրենց բնօրրանը, թէ ուրիշներուն հայրենիքը: 

Կ’ուզե՞նք յարատեւել այս արեւին տակ իբրեւ հայ տեսակ, թէ՞ ոչ: Ընտրութիւնը իւրաքանչիւր հայինն է:

Յ. Գ. «Յետայսու» բառ գոյութիւն չունի հայերէնին մէջ: Հաճիս հրաժարի՛ր այդ բառէն, փոխարէնը գործածէ՛ «այսուհետ»ը:

ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Երեւան

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img