Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Սէմ Եւ Սիլվա Սիմոնեան Ամոլը 100.000ամն Տոլար Կը Նուիրէ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին 2020֊2021 Տարեշրջանի Կրթական Ընթացքը Հեզասահ Պահելու Համար

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

«Սամուէլը շատ խելացի է։

Խելացի հարցումներ կ՜ուղղէ եւ կաւով

մտքէ չանցնելիք բաներ կը շինէ։ Աշխատանքը կը սիրէ»։

1965-ին գրուած վկայութիւն մը կոկոն դասարանի

աշակերտ Սէմ Սիմոնեանին մասին:

Տիկ. Սրբուհի Մարգարեան -ՀաճիՅակոբեանի

«Ուսուցչուհիի նկատողութեան տետր»-էն:

Բարերարութիւնը Աստուածային շնորհք է: Օրհնուած են անոնք՝ որոնք վեհ արժանիքը ունին անսակարկ տալու յանուն առաքինի նպատակի մը։

Երախտագիտութեան զգացումը մարդկային արժէք է, որմով օժտուած են քիչեր, ինչպէս յանձին՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանի նախկին սան՝ Սէմ Սիմոնեանը, որ ո՛չ մէկ անգամ զլացած է իր  նիւթական թէ բարոյական նեցուկը տրամադրելու այն վառ օճախին, ուր ինք իր նախնական ուսումը ստացած է, շրջապատուած՝ իր մանկահասակ եւ անմեղ առաջին ընկերներով ու իր վրայ գուրգուրացող դասատուներով:

Բոլոր ճգնաժամերուն միշտ իր սիրելի՝ Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանին կողքին կանգնած մեծատառ ՄԱՐԴն է Սէմ Սիմոնեանը: ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Պրն. Սիմոնեանը հաւատարիմ իր հայկական եւ մարդկային արժանիքներուն, մարդկային հաւաքականութեան երիտասարդ սերունդներուն նուիրած է՝ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնը Հայաստանի եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ:

Այսօր՝ ի լուր այն ճգնաժամին, որ  իր սիրելի  վարժարանը կը դիմագրաւէ, ան չզլացաւ անգամ մը եւս  նիւթապէս սատար հանդիսանալու իր մայր կրթօճախին՝ անոր կրթական ծրագիրներուն գոյատեւման եւ  յարաճուն վերելքին ի խնդիր, իր եւ իր առաքինի կողակիցին անունով նուիրաբերելով ՝ 100,000 ամ. տոլար ։

Առ այս, Լիբանանահայ կրթական 70-ամեայ օճախ` Վահան Թէքէեան վարժարանի Տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը,  կու գան իրենց խորին շնորհակալութիւնն ու երախտիքը  յայտնելու Սիմոնեան ամոլին, որոնք ո՛չ մէկ բան կը խնայեն, որպէսզի Թէքէեանցի աշակերտը չի զրկուի հայեցի տոհմիկ դաստիարակութենէ։

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի

Տնօրէնութիւն եւ Հոգաբարձութեան կազմ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img