Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Խմբագրի Օրատետրէն. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 45ամեակը

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Գրեց՝ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

2020-ը իր չարաբաստիկ եղելութիւններով՝ ինչպէս իւրաքանչիւր հայորդիի անձնական առումով, նաեւ ազգային կեանքի եւ գործունէութեանց ծիրէն ներս դժուարութիւններով եւ կաշկանդումներով լի տարի մըն էր:

Մեր պարագային, մեր  սիրելի կուսակցութեան հիմնադրութեանը տարեդարձին զուգադիպեցաւ նաեւ Արցախեան Պատերազմի մտահոգիչ օրերը, որուն ընթացքին մեր ամբողջ մտասեւեռումը՝ Հայրենիքն էր:

Ինչպէս վերը նշեցինք՝ առաջնորդուելով այլ առաջնահերթութիւններէ  բացի մեր թերթերուն խմբագրականներէն եւ նեղ շրջանակներու մէջ յիշատակումներէ,  կարելի չեղաւ  այս տարի ըստ արժանւոյն տօնել ՌԱԿ-ի 99-ամեակը:

Հիմա, որ տարին կը բոլորուի, իր հորիզոնին ունենալով 2021 տարին, որ մեր կուսակցութեան պարագային իր հիմնադրութեան 100-ամեակը ազդարարող  յոբելենական տարի է, մեր ձեռքը անցաւ հետեւեալ ուշագրաւ եւ ուսանելի գրութիւնը, որ կը պատկանի Սիմոն Սիմոնեանին, հրատարակուած իր թերթին՝ ՍՓԻՒՌՔ-ին 3 Նոյեմբեր 1966-ի թիւին մէջ, Խմբագրի Օրատետրէն սիւնակով:

Համաձայն չըլլալով հանդերձ այնտեղ նշուած կարգ մը կէտերուն, իր շահեկանութեան համար, ինչպէս նաեւ մեր առարկայական ինքնաքննադատութեան մշտական կամքէն եւ ուրիշներուն ալ աչքով մենք մեզ տեսնելու եւ արժեւորելու մեր ձգտումէն ելլելով մեր թերթին էջերուն մէջ կը վերահրատարակենք զայն:

Խմբ.

Նորերս, Պէյրութի մէջ, 29 Հոկտեմբեր (1966) տօնուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութեան 45 ամեակը:

            Չօպանեաններու, Թէքէեաններու, Տամատեաններու, Հրաչ Երուանդներու, Ա. Ա. Նազարներու կուսակցութիւնն է անիկա, եւ չենք կրնար չողջունել անոր կազմութիւնը եւ չխոնարհիլ անոր մեծ հիմնադիրներու յիշատակին առջեւ:

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր էութեան մէջ զուտ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ, ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ կուսակցութիւն մըն էր, որ ունէր պատկառելի առաւելութիւն մը եւս – անիկա իր հետ կը բերէր կամ կը ժառանգէր հայ հին աւանդական խոհեմութիւնը, պահպանողականութիւնը, որուն վերջին ներկայացուցիչներն էին Պոլսոյ հայ ամիրաներն ու հայ ազգասէր հոգեւորականները (Սիմէոն Երեւանեցի Կաթողիկոս, Գէորգ Դ., Աշըքեան Պատրիարք- Օրմանեան եւ այլք) եւ որ կը հակակշռէր մեր զգացական շարժումները, յաճախ մեզ փրկելով մեր եւ մեր շրջապատի «փորձութիւններէն», ինչպէս «Հայր մեր»ի մէջ կը խնդրուի յաճախ…:

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ուրեմն հայ ժողովուրդին խոհեմ, զգոյշ ու պահպանողական հոգեբանութեան ծնունդն էր, եւ իբրեւ այդպիսին իրաւունք ունէր կազմուելու, գոյութիւն ունենալու եւ գործելու որպէս ուրոյն մտայնութեան մը ներկայացուցիչ կուսակցութիւն:

            Իր ազատագրութեան համար պայքարած եւ ցանուցիր եղած ժողովուրդի մը մէջ որքան անհրաժեշտ ու օգտակար են յեղափոխական կուսակցութիւնները, նո՛յնքան անհրաժեշտ ու օգտակար է գոյութիւնը պահպանողական կուսակցութիւններու:

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ողջունելի էր յատկապէս երկու պատճառներով. ա) Իր արեւմտահայ ծագմամբ եւ պահպանողական բնազդով, բ) Իր հիմնադիրներով եւ շարք մը ականաւոր անդամներով – Թէքէեան, Չօպանեան, Ե. Օտեան, Միք. Կիւրճեան, Տիգրան Կամսարական, Լ. Բաշալեան, Մ. Տամատեան, Հրաչ Երուանդ, Ա.Ա. Նազար, Ե. Մեսիայեան եւայլն:

            Այս բոլորը գեղեցիկ ու ճշմարիտ բաներ են եւ մեր համոզումն են եւ կը վերաբերին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարախօսութեան, կազմութեան, հիմնադիրներուն ու ականաւոր անդամներուն:

            Իր 45ամեակին առթիւ սակայն անհրաժեշտ կը գտնենք այստեղ արձանագրել շարք մը կէտեր, որոնք կը վերաբերին այս կուսակցութեան 45-ամեայ գործունէութեան ամբողջութեան, շրջափոխութեան, արձանագրած յաջողութեանց եւ դիտելի կէտերուն.-

Ա.- Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գոյութեան ու գործունէութեան 45 տարիները կարելի է բաժնել երկու հաւասար մասերու կամ շրջաններու, թուաբանական տարրական բաժանման մը ՝  45/2 = 22.5:

            Առաջին շրջանը՝ 1921-1943 տարիներն են, երբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իրապէս աւանդական-պահպանողական ու ազգայնական կազմակերպութիւն մըն էր:

            Երկրորդ շրջանը՝ 1943-1966 տարիներն են, երբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը դադրեցաւ զուտ պահպանողական կազմակերպութիւն մը ըլլալէ եւ իբրեւ մեթոտ ու հոգեբանութիւն ընդօրինակեց շատ բան այն կազմակերպութիւններէն, որոնց հակակշռողն էր եւ որոնց զգացական յանդգնութիւններուն սխալները մատնանշելու եւ դարմանելու համար կեանքի կոչուած էր:

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան այս երկրորդ շրջանը յատկանշուած է իր առաւել զգացականութեամբ եւ նուազ բնազդով, աւելի նմանելով իր հակառակորդներուն քան ինքնիրեն, եւ՝ մենք հեռու ենք ամբողջութեամբ այս երկրորդ շրջանի կերպափոխութիւնն ու գործունէութիւնը մեղադրելէ: Կ՛արձանագրենք իրողութիւնը միայն. Կ՛արձանագրենք նաեւ որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր կեանքի այս երկրորդ շրջանին (1943-1966) թէ՛ յաջողութիւններ ունեցաւ եւ թէ՛ կորսնցուց կարեւոր մասեր իր առաւելութիւններէն եւ յատկապէս շատ բան իր առանձնայատկութենէն: Իր յաջողութիւնները եղան իր մարտունակութիւնը, զգացական տարրի առաւել բարեխառնումը, մեր ազգային կեանքէն ներս առաւել իր ներկայութիւնը, եւ այս բոլորէն վեր երկու մեծ յաղթանակներ, որոնք ոեւէ կուսակցութիւն կրնան տանիլ զօրութեան.

Ա. Սովետական Հայաստանի ղեկավարութեան հետ լիակատար հասկացողութիւն եւ արժանացում անոր վստահութեան:

            Բ- Հ.Բ.Ը. Միութեան ղեկավարութեան տիրապետում եւ հսկողութիւն անոր յատկացումներուն:

            Այս բոլորը յաջողութիւններ են, որոնք զօրացուցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ որոնք իրագործուեցան այս կազմակերպութեան կեանքին երկրորդ շրջանին:

            Բայց այս յաջողութիւններուն առընթեր, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր կեանքի այս երկրորդ շրջանին (1943-1966) դադրեցաւ զուտ պահպանողական եւ ազգայնական կազմակերպութիւն մը ըլլալէ եւ գոյացուց հայ կեանքի, ու հայ գաղափարախօսութեան մէջ զգալի բաց մը, պակաս մը, որ այսօր պէտք ունի լրացուելու եւ որ մասամբ գրաւուած է այն հոսանքներէն, որոնց դէմ պայքարելու համար կեանքի կոչուած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:

            Այսօր իրապէս հայ ժողովուրդի օրկանիզմը պէտք ունի պահպանողական, աւանդական, ազգայնական կուսակցութեան մը ներկայութեան, ամբողջացուելու համար, եւ հակակշռելու համար ծայրայեղ ու զգացական տարրերը – մտածողութիւնները եւ գործերը:

            Հին ամիրայական աւանդական, պահպանողական, խոհեմ, ծանրաբարոյ, հակակշռող ծանրութեան ու կշիռքի կեդրոնն է, որ այսօր կը պակսի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: նուազ տեսութիւններով բայց առաւել գործելով, նուազ տեսաբանութիւններով եւ սկզբունքային տեսակէտներով, բայց առաւել բնազդով գործող ու հակակշռող հայ կազմակերպութեան մը բացակայութիւնն է որ կը զգացուի այսօր:

            Թէքէեաններու, Չօպանեաններու, Հրաչ Երուանդներու ահաւոր պակասն է որ կը զգանք հայ կեանքէն ներս, այսօր:

            Մեր շարք մը ներկայ հարցերուն, արեւելումներուն եւ տարակարծութիւններու ընթացքին հարիւր առ հարիւր վստահ ենք որ տարբեր պիտի խորհէին ու տարբեր լուծումներ պիտի առաջադրէին Թէքէեաններն ու Չօպանեանները:

            Նկատելի բաց մը գոյացած է եւ այդ բացը այսօր մասամբ կը գոցուի այլոց ձեռամբ: Դերերու փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են. Այսօր այն ինչ որ պէտք է ընէր պահպանողական Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, մասամբ կամ ամբողջովին կ՛ընէ յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

            Դերերու զարմանալի փոխանակութիւն…

            Բայց տեղը չէ աւելի ընդլայնուելու. Առիթը կ՛ունենանք աւելի լայնօրէն արտայայտուելու այդ մասին:

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 45 ամեակի առթիւ մենք պիտի մաղթէինք որ այս կազմակերպութեան ծագման թուականը՝ 1921 տարին տեղափոխելու ճիգերուն հետ դէպի 1908 (Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւն), դէպի 1896 (Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն) եւ դէպի… 1885 (Արմենական կուսակցութիւն) քիչ մը նոր Թիւրքերու Հիթիթական անցեալ դիմելուն պէս, այո՛ կը մաղթենք որ այսօր, իր 45 ամեակէն ետք, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը դիմէ ԴԷՊԻ՝ իր բնազդական պահպանողականութիւնը, ազգայնականութիւնը, դէպի՝ Արմենական դրօշակը, դէպի Թէքէեանի գանկը, դէպի՝ Չօպանեանի սիրտը, դէպի՝ Հրաչ Երուանդի լեզուն…

            Այս տողերը գրողը եղած է խոնարհագոյն աշակերտը Չօպանեանի սիրտին, Թէքէեանի գանկին եւ Հրաչ Երուանդի լեզուին, եւ կրնայ մի առ մի ցոյց տալ թէ ինչ որ ինք դրած է «ՍՓԻՒՌՔ»ի ութ տարիներու թիւերուն մէջ (1958-1966), բոլորը ամբողջութեամբ նո’յն ձեւով, նո՛յն ոգիով, նո՛յն կրակով, նո՛յն հրճիւով (Հրաչ Երուանդի բառն է) գրուած են Թէքէեանի, Չօպանեանի եւ Հրաչ Երուանդի կողմէ: Կրնանք մեր այս յայտարարութիւնը տող առ տող ապացուցանել Չօպանեանի «ԱՆԱՀԻՏ»ին, Թէքէեանի «ԱՐԵՒ»ին եւ Հրաչ երուանդի «ՊԱՅՔԱՐ»ին հաւաքածոներով: Նոյնիսկ մենք նուազ խիստ եղած ենք քան Հրաչ Երուանդը 1935ի իր յայտարարութիւններով (Փարիզի «ԱՊԱԳԱՅ»ին մէջ տպուած նոյն թուին) եւ քան Արշակ Չօպանեանը իր ցասումներով (տեսնել «ԱՆԱՀԻՏ»ի 1936, 1937-9, 1948-9 հաւաքածոները):

            Տակաւին պիտի մաղթէինք հետեւեալ արագ ցանկութիւնները.

  1. Հրատարակել, տարածել, շեփորել եւ մանաւանդ քարոզել Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան սեպհական գաղափարախօսութիւնը, զայն յստակ պատուարներով բաժնելով հայ միւս կուսակցութիւններու գաղափարախօսութիւններէն:
  2. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունիս վրայ աւելցնել ՀԱՅ բառը, անոր կրճատումը աւելի գեղեցկացնելով եւ իմաստաւորելով – ՀՌԱԿ:
  3. Դուրս գալ Հ. Յեղափոխական Դաշնակցութեան մանիէն. Այնպէս կարծել եւ գործել, որպէս թէ Դաշնակցութիւնը գոյութիւն չունի մեր իրականութեան մէջ. Այսինքն՝ դադրիլ Դաշնակցութեան համար գոյութիւն ունենալու նախասահմանութենէն:

            Ի՞նչ գործ պիտի ընէիք եւ ի՞նչ առաքելութիւն պիտի ունենայիք,  սիրելի’ Ռամկավարներ, եթէ Հայ Յեղ. Դաշնակցութիւնը գոյութիւն ունեցած չըլլար. Անելիք պիտի ունենայի՞ք թէ ոչ, եւ ի՞նչ պիտի ըլլար Ձեր անելիքը: Կուսակցութիւն մը գոյութեան կու գայ գաղափար մը պաշտպանելու, առաքելութիւն մը ընելու եւ գործ մը կատարելու, եւ ոչ թէ այլ կուսակցութիւն մը հակակշռելու:

  • Հրաժարիլ պաշտպանելէ Սովետական սխալները, որոնք արդէն շրջան մը ետք կը խոստովանուին ու կը քննադատուին Սովետներու իսկ կողմէ: Սովետներէն առաջ յիշատակել ու քննադատել սովետական ա՛յն սխալները, որոնք ճակատագրական դեր ունեցան եւ կ՛ունենան հայ ժողովուրդի գոյատեւման հարցին մէջ:

            Ասոնք մեր բարի, անկեղծ եւ անշահախնդիր դիտողութիւններն են:

            Այս տողերը գրեցինք ընդերկար խորհրդածելէ եւ տառապելէ ետք: Չենք վարանիր յայտարարելու թէ մեր դաստիարակութեամբ եւ նախասիրութեամբ կ՛իյնանք 1921-1943 շրջանի Ռամկավարութեան մէջ:

            Կրկին կ՛ողջունենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԱՅ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան 45ամեակը՝ իր ԶՈՒՏ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ծագումը, իր արմենականութիւնը, իր պահպանողականութիւնը, իր ազգայնականութիւնը, եւ կը մաղթենք որ իր նորոգ մարտունակութեամբ, Բարեգործականէն ու Հայաստանէն շահուած իր վստահութեամբ ՍՐԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԶԴԸ:

            Վասնզի մենք այսօր տեւելու համար աւելի պէտք ունինք բնազդի, քան թէ տեսութիւններու եւ տեսաբանութիւններու…:

 ՍՓԻՒՌՔ Շաբաթաթերթ

3 Նոյեմբեր 1966

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img