Ուրբաթ, 29 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

ՄԱԿ-ի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրը Կ՛Օժանդակէ Հ.Բ.Ը.Մ.-Ին՝ Քովիտ-19-Ի Դէմ Պայքարելու Համար Անհրաժեշտ Պարագաներ Ու Օժանդակ Միջոցներ Հայաստան Առաքելու Գործին Մէջ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Քանի որ հայաստանեան հիւանդանոցները եւ խնամքի հաստատութիւնները անդուլ կ՛աշխատին՝սպասարկելով Արցախեան պատերազմին ընթացքին վիրաւորուածներուն, համաձայն Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններու, Քորոնավիրուսով վարակման աստիճանով երկիրը հատած է չորրորդ մակարդակի սէմը: Սովի եւ մարդասիրական ճգնաժամերու վերացման ուղղութեամբ աշխատող ամենահին գործակալութիւնը աշխարհի մէջ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը (WFP), Հ.Բ.Ը.Մ.-ին առաջարկեց համակարգել Պելճիքայիի Լիէժ քաղաքէն մաքսային բեռի քանի մը խմբաքանակի առաքման համեմատական աշխատանքները, ըստ որուն, բեռներու հսկողութիւնը պետք է իրականացուէր Հ.Բ.Ը.Մ. Եւրոպայի Մասնաճիւղի, իսկ ստացումը՝ Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի Ներկայացուցչութեան կողմէ. քորոնավիրուսով հիւանդացածներու թիւը այդ պահի դրութեամբ կը գերազանցէր 150,000-ը: Առաքման հետ կապուած բոլոր ծախսերը ստանձնեց Լիէժի մէջ WFP-ի գրասենեակը, իսկ Քովիտ-ի հետ կապուած անձնական պաշտպանիչ սարքաւորումը ու օժանդակ պարագաները սիրայօժար նուիրաբերեցին Պելճիգայի հայ համայնքի անդամները:

«WFP-ն հպարտ է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պէս պատմական եւ ամէնահաս կազմակերպութեան հետ  գործընկերութեան համար: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի էութիւնը, ինքնին, որպէս համայն հայութեան համար այնքան կարեւոր միջազգային ժողովրդական կազմակերպութիւն, կը նշանաւորուի WFP-ի հետ ծանրակշիռ համագործակցութեամբ», — ըսաւ WFP-ի Լիէժի գրասենեակի գործառնական ղեկավար Հիէն Աճէմեանը: «Մենք հպարտ ենք, որ կը մատուցենք ծառայութիւններ, որոնք կ՛օգնեն Հ.Բ.Ը.Մ.-ին հասնելու աւելի մեծ թիւով մարդոց եւ փոփոխութիւն մտցնելու անոնց կեանքին մէջ: ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութիւնը դէպի այդ փոփոխութեան ճանապարհին առնուած  քայլ մըն է, եւ WFP-ի Լիէժի գրասենեակը յուսով է, որ այս փորձը գործնական նշանակութիւն կ՛ունենայ հետագայ համագործակցութեան համար», — ընդգծեց Աճէմեանը:

Համավարակի պայմաններուն մէջ մատակարարումներու նախաձեռնութիւնը սկսած է 2020թ. Հոկտեմբերի սկիզբին եւ կը շարունակուի մինչեւ Յունուարի կէսերը: Պրիւքսէլի «Հայ տուն» Հայկական Մշակութային Կեդրոն Նախագահ Կարէն Թադեւոսեանի համակարգումով, հաւաքած, կազմակերպած եւ փաթեթաւորած է տարբեր իրեր եւ նիւթեր: Ի թիւս այլ մարդոց, Պելճիգայի հայ համայնքը ներկայացնող բարերար Նանի Կաչերիսեանը անձամբ յատկացուցած է 614 քիլո անձնական պաշտպանութեան միջոցներ՝ յաջակցութիւն Հայաստանի առողջապահական աշխատողներուն: Շուրջ 42,827 քիլո (43 թօն) պարագաներ կ՛առաքուին Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի գրասենեակ, որոնք կը ծառայեն հայ ժողովուրդի կարիքներուն: «WFP-ի շնորհիւ, եւ Պելճիգայի կամաւորներու աջակցութեամբ, մենք կրնանք առողջապահական համակարգի մեր հերոսներուն եւ Հայաստանի մէջ գտնուող ՔՈՎԻՏ-19-ով հիւանդներուն առաքել այնքան անհրաժեշտ օգնութիւնը», — նշեց Հ.Բ.Ը.Մ. Եւրոպայի նախագահ Նատիա Գործունեանը:

Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի գրասենեակը ստանձնեց բեռի ստացումը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն: Առաքանին կը պարունակէր առողջապահական եւ մարդասիրական բնոյթի շարք մը պարագաներ, ինչպէս՝ անձնական պաշտպանութեան միջոցներ, պատրաստի յատուկ բուժական սնունդ, անզգայութեան սարքաւորում, անուասայլակներ, բժշկական յենակներ, մարմնամարզական սարքաւորում, հագուստ, կօշիկ, քնապարկեր, սնունդ եւ ախտահանիչ  պարագաներ՝ շուրջ 490,301 Ամերիկեան տոլար արժողութեամբ:

Վայրէջքէն անմիջապէս յետոյ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը բեռը բաշխեց հետևեալ կերպ. անձնական պաշտպանութեան պարագաները ուղարկուեցան անմիջապէս Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւն: Հագուստը, կօշիկները եւ ծածկոցները, ինչպէս նաեւ ախտահանիչ պարագաները ուղարկուեցան Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն: Իսկ 16,000 քիլո սնունդը կը մնայ Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի գրասենեակը եւ կը յատկացուի երկրի ամբողջ տարածքին մէջ ապրող կարիքաւոր հայերուն:

«WFP-ի այս առաքանիները անչափ կարեւոր էին Հայաստանի համար այս վճռորոշ օրերուն: Մենք նաեւ երախտագիտութեամբ կ՛ընդունինք Հ.Բ.Ը.Մ. կամաւորներու եւ անձնակազմի անձնուիրութիունը, որոնք համակարգեցին իրենց գործունէութիւնը եւ համագործակցեցան՝ ապահովելու համար այս միջազգային նախաձեռնութեան խնամքով, արդիւնաւէտ եւ թափանցիկ իրականացումը», — նշեց Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանը՝ աւելցնելով, որ Հ.Բ.Ը.Միութիւն վերահաստատեց մարդասիրական օգնութիւն հասցնող յուսալի եւ բանիմաց գործընկերոջ իր համբաւը:

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img