Լուսիըն Հապըրտ (22 Դեկտեմբեր 1888, Fort Thomas, Քեմպբել շրջան, Կենտուկի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ — 31 Դեկտեմբեր 1971, Պեվըրլի Հիլզ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկացի ֆիլմի արտադրիչ եւ թատերագիր մըն էր։ Ան ամէնէն շատ գիտցուած է իր Wings ֆիլմին համար, որու պատճառաւ ան ստացած է պատմութեան առաջին Լաւագոյն Նկարի Օսքարը (Academy Award for Best Picture): Լուսիընը արտադրած/գրած է շուրջ 92 ֆիլմեր իս ասպարէզի ընթացքին: Ան իր նոյն տունին մէջ ապրած է մինչեւ մահացած օրը Պէվըրլի Հիլզի մէջ։ Ան ձիարշաւարան մը ունէր եւ շատ յաճախ կը հեծնէր ձի դէպի Ուիլ Ռոճըրզի տունը եւ երբեմն ալ դէպի Paramount Studios: Ան ժամանակ մը ետք դարձաւ Paramount Studios-ի նախագահ իր յաջող Wings ֆիլմէն ետք: Այս ֆիլմը նաեւ օգնեց բեմադրիչ Ուլիըմ Ա. Ուէլմըն դառնալու հռչակաւոր:
Լոս Անճելըս չեկած, ան The New York Times կ’աշխատէր: Ան գրած էր 5 թատերագիրներ եւ կ’ուզէր Հոլիուտ երթալ եւ տեսնել եթէ պիտի կարենայ ծախել այդ թատերագիրները: Ան 3 հատը ծախեց արդէն 1923-ին: Ֆիլմերէն մէկն էր The Vanishing American ֆիլմը եւ ինքն էր, որ առաջին անգամ հնդիկներուն ներկայացուց իբրեւ լաւ ժողովուրդ ֆիլմի մը մէջ։ Այդ ֆիլմին համար ան Չիրոքի ժողովուրդէն յուշանուէր մը ստացաւ: Ան ունէր 2 դուստրեր՝ Պէթի եւ Ժանէթ, եւ եղբայր մը՝ Հարլըն Հապըրտ, ով դարձաւ արուեստագէտ եւ գրագէտ մը: