Հինգշաբթի, 28 Մարտի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Խմբագրական. Հաշուեյարդար. Ի՞նչ Ըրինք, Ի՞նչ Չկրցանք Ընել, Ի՞նչ Պիտի Ընենք (2020 – 2021)

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ամանորի սեմին դարձեալ հաշուեյարդար մը կ’ուզենք ընել, «Զարթօնք»-ի նախորդ տարուան գործունէութեանց, պատասխանատու հաշուետուութեամբ մը՝ սեւով ճերմակի վրայ արձանագրելով, թէ ու՛ր յաջողեցանք, ու՛ր ձախողեցանք եւ ի՛նչ կը ծրագրենք ընել այս տարի:

Նախորդ տարուան ընթացքին, համեստաբար մեր կատարած աշխատանքներուն եւ մեր թերթին բովանդակութեան համար շատեր գնահատեցին մեզի, ոմանք՝ քննադատեցին: Ազնիւ գնահատականներուն համար երախտապարտ ենք բոլորին: Կը վստահեցնենք, որ այդ մէկը մեզի համար քաջալերանք հանդիսացաւ եւ աւելի  եւս խթանեց լաւագոյնս տալու մեր ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն: Անաչառ եւ տեղին քննադատութիւններէն փորձեցինք կարելի եղածին չափ սորվիլ, իսկ բան մը  խօսելու սիրոյն քննադատողներուն՝ մեծահոգութեամբ ժպտացինք՝ հաւատալով, թէ. «գործն է, որ կը մնայ»…:

Գաղտնիք մը, չէ, որ 2020 տարին լաւագոյն տարին չէր մարդկութեան ու մեր ժողովուրդին համար եւ բնականաբար լաւագոյնը չէր կրնար ըլլալ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին  համար: Որպէս լիբանանահայ թերթ եւ ազգային կառոյց, մեր աշխատանքները մեծապէս ազդուեցան Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական արհաւիրքէն, քորոնաժահրին պարտադրած աննախադէպ իրավիճակէն, Պէյրութի Պայթումէն եւ Արցախեան Պատերազմէն:

Պէյրութի Պայթումը մեծ վնաս հասցուց, ինչպէս մեր կազմակերպութեան այլ կառոյցներուն, նաեւ՝ մեր խմբագրատան: Այսօր, շնորհիւ մեր մեծահոգի եւ հաւատարիմ բարեկամներուն նեցուկին, կարելի եղածին չափ նորոգեցինք մեր խմբագրատունը եւ շարունակեցինք դէպի յառաջ:

Մեր տպագիրին բաժանորդներուն թիւը աճ չարձանագրեց, ըլլայ տնտեսական, թէ քորոնաժահրի սպառնացած առողջապահական պատճառներով: Փոխարէնը սակայն, մենք ընդլայնեցինք մեր առցանց, թէ ելեկտրոնային այլ միջոցներով  ընթերցողներու հասցէացանկը՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի տարածման տարողութիւնը հասցնելով ընթերցողներու եւ երկիրներու, իր աւելի քան 80ամեայ պատմութեան համար՝ աննախընթաց թիւերու:

Ինչպէս տարիներէ ի վեր կ՛ընենք, մեր «Տեսանկիւն»ի  առաջնորդող սիւնակով, թէ խմբագրականներով, գնահատեցինք ու պատուեցինք արժանաւորը ու անդրադարձ կատարեցինք ազգային թէ համամարդկային՝ քաղաքա-տնտեսական ու ընկերային զանազան նիւթերու: Նոյն ժամանակ եւ նոյն սիւնակներով փորձեցինք մարդկային կարելիութեան սահմաններուն մէջ առարկայական կերպով երբեմն ալ անխնայ քննադատել այն ինչ, որ պէտք էր անպայման մատնանշել ու վրան լուսարձակ սփռել՝ յօգուտ հաւաքականին:

Մեր թերթին էջերէն շարունակեցինք լաւագոյնս դրսեւորել տեղական, արաբական, միջազգային եւ հայկական լուրեր: Յատուկ տեղեր բնականաբար շարունակեցինք յատկացնել լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ կեանքին եւ դպրոցին, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ այլ ձեռնարկներուն եւ նորութիւններուն:

Լիբանանի մեր գործընկերներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մեր արհեստավարժ եւ երիտասարդ աշխատակազմին հետ շարունակեցինք մեր թերթին բովանդակութեան համար ապահովել  յատուկ հարցազրոյցներ, վաւերագրութիւններ եւ  վերլուծական թէ հեղինակային յօդուածներ, ինչպէս նաեւ արդիական տեսք եւ էջադրում:

«Խմբագրատանս Մէջ» սիւնակով շարունակեցինք ընդունիլ  սիրելի հիւրեր եւ բարեկամներ՝ անոնց հետ ունեցած մեր շահեկան զրոյցը վստահելով մեր ընթերցողներուն արժեւորումին եւ գնահատանքին:

Չկրցանք հետեւողականօրէն շարունակել մեր թերթին յաւելուածները եւ յատուկ կամ բացառիկ թիւերը՝ վերոնշեալ՝ հասկնալի պատճառներով:

Լրատուական մեր հիմնական գործընկերը շարունակեց մնալ «Արմէնփրես»-ը:

Որպէս համակարգող մարմնի անդամ, մասնակցեցանք Համահայկական Մամուլի Խմբագիրներու Համաժողները կազմակերպող խորհուրդի նիստերուն, թէ՛ Պէյրութի, եւ թէ՛ Երեւանի մէջ: Նաեւ մեր գործընկերներուն հետ մասնակից հանդիսացանք խմբագիրներու տարածաշրջանային ժողովներու կազմակերպման:

Ստեղծուած տնտեսական տագնապը եւ անկէ բխող դժուարութիւնները նաեւ պատճառ եղան «Զարթօնք»ի հեռախօսային յաւելուածին (application) համար սկսուած աշխատանքներուն աւարտին ու անոր լոյս ընծայումին յետաձգման:

Շարունակեցինք դրօշակակիրը ըլլալ մեզի համար գերագոյն ազգային-մշակութային արժէք հանդիսացող Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին: Լաւագոյն յարաբերութիւններ մշակեցինք եւ զարգացուցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ:

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի հետ շարունակեցինք մեր շինիչ գործակցութիւնը այնտեղ ամփոփելով մեր թերթին արխիւէն օրինակներ: Շարունակեցինք, մեր տրամադրութեան եւ արխիւին մէջ գտնուող մեծանուն գրողներուն ձեռագիրները տեղափոխելով յանձնել՝ Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին:

Շարունակեցինք ազնիւ գործակցութիւնը լիբանանահայ միւս օրաթերթերուն եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ:

Տարուայ կարեւորագոյն մեր իրագործումը եղաւ՝ ՌԱԿ-ի կազմակերպած մետիա այցին ընդմէջէն, լիբանանեան եւ արաբական լրատուամիջոցները առաջնորդել Արցախ՝ վաւերագրելու համար Արցախեան Պատերազմը:

Քորոնաժահրի պատճառով չկրցանք հետեւողական կերպով շարունակել ԶԱՐԹՕՆՔ-ի յարկին տակ «Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ» ընդհանուր խորագրին տակ գոյացող՝ մեծ ժողովրդականութիւն գտած  շաբաթական դրութեամբ հանդիպումներու շարքը: Փոխարէնը՝ արհեստագիտութեան շնորհած կարելիութիւններէն օգտուելով, մեր քոյր թերթերուն՝ Եգիպտոսի ԱՐԵՒ-ին եւ Արժանթինի ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ-ին հետ գործակցաբար յաջողցուցինք մեծ թիւով հրապարակային՝ առցանց հանդիպումներ եւ քննարկումներ՝ օրուայ հրատապ նիւթերուն շուրջ, ունենալով՝ մեծանուն եւ վաստակաշատ զեկուցաբերներ:

Հայաստանեան առումով, որպէս ազգային կառոյց, այն քիչերէն եղանք, որ շարունակեցինք մեծ խանդավառութիւն ցոյց չտալ այնտեղ կատարուած իշխանափոխութեան հանդէպ: Մեր գրութիւններով եւ նամակներով, միշտ փորձեցինք իշխանութիւնները զգաստ պահել ինչ կը վերաբերի մեր Հայրենիքին ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան մէջ գործուած անյաջողութիւններուն:  Գնահատեցինք այնտեղ գործուած լաւը, նոյն ատեն՝ խստօրէն քննադատեցինք այն ինչ, որ վտանգաւոր տեսանք մեր ազգին համար:

Հակառակ մեր տարողութեան եւ կարելիութիւններուն մէջ տարած հրապարակագրական, թէ այլ՝ մեծ ջանքերուն, այսօրուայ արդիւնքէն դատելով, չկրցանք Արցախ կոչուող ազգային Մեծ Ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել՝ նուազագոյնը հայրենադարձութեան եւ Արցախի բնակեցման առումով, որուն առկայութիւնը կրնար դէպքերուն ամբողջ ընթացքը ի նպաստ մեր ժողովուրդին ուղղել:

Հիմնուելով Հայաստանի պետական լրահոսին վրայ, Արցախեան Պատերազմի թեմայով, ակամայ դեր ունեցանք երբեմն ոչ ճշգրիտ լուրերու տարածման: Բան մը, որ պատերազմի ցաւալի ելքը աւելի եւս դժուար ընկալելի ըրաւ ժողովրդային առումով, մեծ ակնկալիքներու փոխարէն՝ ահռելի յուսախաբութեան զգացում պատճառելով:

2021-ին՝ կը ծրագրենք ունենալ մեր կատարելագործուած կայքը եւ բազմապատկուած վիտէօ հաղորդումները: 2021-ին՝ Արցախի վերաբնակեցումը ու անոր մշակութային արժէքներու մասին անդրադարձն ու անոնց պահպանման համար տարուելիք աշխատանքը պիտի ըլլայ մեր հրապարակագրութեան կիզակեդրոններէն մին:

Այլ առումներով, պիտի շարունակենք այն ինչ, որ կ՛ընէինք՝ փորձելով մարդկային հնարաւորութիւններու եւ մեր նիւթական պայմաններու կարելիութեան սահմաններուն մէջ՝ մենք մեզ փորձել գերազանցել:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img