Երեքշաբթի, 16 Ապրիլի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Մասնակի Դիտարկումներ՝ Անցնող Հայկական Տարիին Մասին (Ողբամ նահատակաց, Կոչե՛մ ապրողաց)

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Անկեղծ Խոստովանանք՝ փոխան «ՄՈւտք»ի

Սիրելի ընթերցող, վերջին երեք ամիսը հայութեամբ շահագրգռուած մարդոց կեանքին էն փորձանաւոր փուլերէն մին եղաւ: Անձամբ ես, շատ ուզեցի գրել, սակայն դէպքերու արագ եւ հակասական զարգացումներու լոյսին տակ դժուար եղաւ յստակ պատկերացում մը կազմել եւ թուղթին դնել ամէնէն էական թուացող գաղափարները: Յարաբերականութեան օրէնքը իր ”լաւագոյն վիճակին մէջ էր” եւ թոյլ չէր տար որ յանգէի այս կամ այն գաղափարին վրայ՝ իբրեւ էականագոյն խնդիր:

Այսօր, սակայն, կը կարծեմ որ ինծի համար որոշ դիտարկումներ, մտածումներ արդէն վերածուած են համոզումներու եւ ատոնք են որ կը փափաքիմ բաժնեկցիլ:

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութիւն

1990ականներու սկիզբէն կեանքի կոչուեցաւ այս հասկացութիւնը, որ տարիներու ընթացքին – իբրեւ վերնագիր – բաւական համոզիչ դարձաւ: Դժբախտաբար սակայն գործիական քիչ բովանդակութիւն ունեցաւ ան, եղաւ պարագայական, չծրագրուած…կարճ՝ չմշակուեցաւ իբրեւ գործնական համապարփակ ազգային քաղաքականութիւն:

Հայաստան-Արցախ բնագաւառին մէջ եղած վերջին եռամսեայ զարգացումները եկան աւելի ամրապնդելու այս ըմբռնումին անհրաժեշտութիւնը: Այսօր — վերջին փորձառութիւններուն լոյսին տակ – անհրաժեշտ կը դառնայ անոր մէջ դնել կուտ ու կորկոտ, եւ խօսքով չեփել «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութիւն»ի փիլաւը:

Այդ կուտ ու կորկոտը պէտք է դնեն այդ եռամիասնութեան բաղադրիչ էութիւններու համապատասխան մասնագէտ-փորձագէտները՝ հաւասարազօր դրութեամբ եւ հեռու ինքնագլուխ, նախամեծար կամ նման իրաւասութիւններէ:

Ռուսաստանի վերադարձը եւ Թուրքիոյ մուտքը Հարաւային Կովկաս

Վերջին տարիներուն նկատառելի էր արդէն — մանաւանդ Ռուսաստանի նախկին նախագահ Ելցինի մեկնումէն ետք – Ռուսաստանի վերադարձը Կովկաս եւ Այսրկովկաս: Թերեւս պատմութեան բնական ընթացքն ալ էր ասիկա:

Յատկանշական  նորութիւնը Թուրքիոյ լայնածիր մուտքն էր Կովկաս:

Այստեղ միքանի խնդիր զիս կը մղէ մտորումի.-

Ա) Վերջնագոյն դէպքերը եկան դարձեալ փաստելու թէ դուն որքան ալ տեղի տաս Թուրքիոյ, նոյնիսկ եթէ ուրանաս-ժխտես Թուրքիոյ կողմէ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, Թուրքիան պիտի չհրաժարի անկէ: Ինծի համար միանգամընդմիշտ բացարձակ ճշմարտութիւն է ասիկա. Թուրքիան չէ հրաժարած Հայոց Ցեղասպանութենէն: Հրաժարած ըլլալու միակ ապացոյցը պիտի հաստատուի այն օրը երբ ան ընդունի իր գործածը եւ հատուցման երթայ:

Հետեւաբար, հայերուս կը մնայ երբեք չերկմտիլ. մենք ճակատագրուած ենք. մնայուն թշնամի ունինք՝ ոչ մեր փափաքով, այլ իր կամքով: Ատիկա Թուրքիան է, մինչեւ այն օրը երբ – կը կրկնեմ – կը ճանչնայ իր գործած ցեղասպանութիւնը եւ հատուցման կ’երթայ:

Ուստի, վերոյիշեալ եռամիասնութեան կը մնայ այս մնայուն եւ ոչ-գնայուն փաստին համեմատ շարժիլ: Միշտ:

Թուրքիոյ այս ընթացքէն իմ անհանգստութիւնս եւ մտահոգութիւնս այնքան մեծ է, որ շատ ալ չեմ մտածեր Ռուսաստանի՝ Թուրքիոյ հետ եոլ-տաշութեան մասին: Ցաւոտ սրտով (եւ եթէ կ’ուզէք քիչ մըն ալ հեգնանքով) «բարի վայելում» կը փսփսամ Ռուսաստանին՝ Թուրքիոյ հետ իր այս ճամփընկերութեան:

Քննական Վերատեսութեան ենթարկենք մենք զմեզ

Քննական այս վերատեսութեան դրդապատճառը մեր վերջին անյաջողութիւնները չեն: Վերջին դէպքերը միայն էական անկիւնադարձ մըն են: Խորքին մէջ վերոյիշեալ եռամիասնութեան որեւէ էական անկիւնադարձի պարագային մեր գերագոյն մարմիններուն կը մնայ անպայման քննարկել, հիմնական սերտողութիւն կատարել եւ նոր կացութեան համապատասխանեցնել վերոյիշեալ եռամիասնութեան կենսագործունէութիւնը: Մենք ատիկա չըրինք (կամ բաւարար չըրինք) անկախութեանց հռչակումէն ետք, Ղարաբաղեան տարածումէն ետք, 1997ի դէպքերէն ետք, Միջին Արեւելքի հայապարպումէն ետք, Սփիւռքի հերթական սերնդափոխութիւններէն ետք, արեւմտահայերէնի վտանգումէն ետք… եւ կը շարունակենք չընել:

Հայ Եկեղեցին, ‘նոր’ առաքելութեամբ

Խորքին մէջ ‘նոր’ չէ այն առաքելութիւնը, որուն կ’ակնարկեմ: Խօսքս Հայ Եկեղեցիին ազգային առաքելութեան մասին է: Թող ներուի արտայայտչաձեւիս (զայն բացարձակ յարգանքով կ’ըսեմ)՝ այսօր Սփիւռքի հայկական միջավայրին մէջ արհեստավարժ միակ մեծագոյն զանգուածը հայ եկեղեցականութիւնն է: Սփիւռքի հայկական միջավայրին մէջ սիրայօժար, կամաւոր գործող անձերը ուրիշ ոչ-ազգային (անհատական, ընկերային, ընտանեկան) պարտաւորութիւններ ունին, կենսապրուստ հոգալու մտահոգութիւն ունին մերօրեայ համաշխարհային տնտեսական այս սուր տագնապի տասնամեակներուն: Նման մտահոգութիւններու տակ նուազագոյնը կքած անձերը հայ կղերն է: Եւ քանի որ Սփիւռքի մէջ հայկական միջավայրի մէջ գործող աշխարհիկ արհեստավարժ գումարտակ ցարդ կարելի չէ եղած յառաջացնել, կամ յառաջացները ունեցած են ժամանակաւոր հաստատութենականութիւն, ապա Հայ Եկեղեցին իր հազարամեակներու հաստատութենականութեամբ պարտի նորովի սահմանել իր առաքելութիւնը:

Նոյն մտադրոյթով կը պնդեմ, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց իրականութեանց մէջ ալ արհեստավարժ հայ գործիչները պետական պաշտօնէութիւնն են: Անոնք ալ պարտին գիտակցիլ թէ իրենք են ոսկրածուծը հայ գոյերթին:

Վերականգնել Մեր Վստահութիւնը Մեր Հանդէպ

Անցնող եռամսեակի հայկական համապատկերը վհատեցուցիչ էր: Եկէք չնկարագրեմ: Մենք պէտք է վերականգնենք մեր հաւատքը, մեր վստահութիւնը մեր կարողականութեան հանդէպ: Եւ ատիկա պարտականութիւնն է բոլոր անոնց որոնք իրենք զիրենք հայ կը զգան, կը կարծեն որ կը ծառայեն հայութեան մարդկային առաքելութեան: Այս առումով, առաջին օրինակները պարտին տալ հայկական միջավայրի արհեստավարժ միաւորները, քանզի անոնք աւելի տեսանելի են:

Այս ծիրին մէջ երեք բան կը փափաքիմ արձանագրել.-

1) Արխային, բարձիթողի, ինքնահոսի, ինքնըստինքեան.- մտածող մարդկութեան գոյութեան հազարամեակներուն մնայուն գլխաւոր խնդիր եղած է վերահսկել մարդուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, անակնկալներուն, անսպասելիներուն: Այսօր, առաւել քան երէկ, կեանքի իւրաքանչիւր ակնթարթը վերահսկելու համար պայքար կը մղուի: Մենք չենք կրնար արխային, բարձիթողի, ինքնահոսի ու ինքնըստինքեան ձգել մեր անձնական-հաւաքական առօրեան, եթէ կ’ուզենք որ մեզի համար «վաղը» գոյութիւն ունենայ:

2) Ո՛չ թէ Սասունցի Դաւիթի մենապար, այլ Սասունցի Դաւիթներու բերդպար.- Ես Սասունցի Դաւիթը շատ կը սիրեմ: Բայց արդէն տասնամեակներէ իվեր կը հաւատամ բերդպարին, կը հաւատամ որ հանճար առաւել զերօ աւելի բանական է, արդիւնաւէտ է քան հանճարը առանձին: Հետեւաբար, հայ անհատին անիրատես-անիրականանալի եսագիտութիւնը, ամէնագիտութիւնը, ամէնակարողութիւնը, ամէնալաւագոյնութիւնը կը նկատեմ անհեթեթ եւ բացարձակ վնասակար: Նոյն ծիրին մէջ, այլեւս – եւ շատոնց արդէն – թունաւոր կը գտնեմ մենքականութիւնը (եսականութեան շարունակութիւն):

3) Այս եսականութիւնը, մենքականութիւնը … մէկ բառով հատուածականութիւնը առնուազն երկակի վտանգ կը պարունակէ. մէկը՝ սխալ ինքնախաբէութիւնն է աւանկարտութեան, որ նաեւ պատճառ կը դառնայ որ խոչընդոտուին/թերագնահատուին/ուրացուին-անտեսուին այլ նախաձեռնութիւններ, միւսը՝ անհանդուրժողականութիւնն է: Անհանդուրժողականութեան լաւագոյն սահմանումը կու տայ դիմատետրը. բացէ՛ք զայն եւ կարդացէ՛ք, հայերու անբան, անվերջանալի, անամօ՛թ շարադրանքներու հատորները…:

4) Զարմանալի միամտութիւն մը կայ մեր մէջ. շատեր երբ մէկու մը մէջ լաւ յատկանիշ մը կը տեսնեն, անմիջապէս կը հետեւցնեն որ ան յաջող կրնայ ըլլալ ամէն բանի մէջ: Այդպէս չէ: Նոյնիսկ քաղաքական լաւ մեկնաբանը կրնայ քաղաքական լաւ առաջնորդ չըլլալ:

Նոյն մտադրոյթով ալ, մենք երբ տեսնենք որ մէկը ճիշտ կը խօսի՝ անմիջապէս կը կառչինք իրեն: Մենք կը հետեւինք ըսուածին, ըսուածը կը փոխարինենք ըսողով եւ դիւրահաւատօրէն կը համոզուինք որ ան է ճիշտը: Պարզ է, սակայն, խօսքէն գործ՝ շատ ճամփայ կայ, իսկ այդ գործին իրականացումը՝ ուրիշ մայրուղի կ’ենթադրէ…:

Ծրագրել, մշակել, գործադրել.- Այսուհետեւ պիտի ջանամոր հայկական եռամիասնութեան հաստատութիւններուն հանդէպ իմ յարգանքս ու վստահութիւնս ուղիղ համեմատական ընեմ անոնց «ծրագրած-մշակած-գործադրած» եռամիասնութեան: Սիրելի ընթերցող, ի՞նչ կ’ըսես:

ՅԳ.- Կ’ակնկալեմ որ գրութիւնս քննադատուի, գիտեմ որ յայտնուած միտքերուս եւ մատնանշումներուս մէջ բացառութիւններու ուշագրաւ շերտեր կան, բայց ես փորձեցի ընդհանուր լայն գիծերը տալ: Յամենայնդէպս, այսօր այսպէս կը մտածեմ, մեկնելով ցարդ իմ կատարած դիտարկումներէս:

Պիտի չըսեմ «շնորհաւոր նոր տարի», այլ պիտի մաղթեմ, որ 2021ի շնորհներէն ամէնէն շատը մենք իւրացնենք:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img