Երեքշաբթի, 16 Ապրիլի, 2024
- Գովազդ -spot_img

Համացանցի Վրայ. ԵրԱԶ

- Գովազդ -spot_img
spot_img

ԽՄԲԱԳՐԻ ԸՆՏՐԱՆԻ

Ֆէյսպուքի ընկերներէս Դ. Դաւթեանի մէկ գրառումը ինծի յիշեցուց ԵրԱԶ մեքենային պարագան:

Երեւանի մէջ ժամանակին կը գործէր ինքնաշարժներու արտադրութեան գործարան մը, որ կ’արտադրէր միջին չափի մարդատար-ապրանքատար մեքենաներ, ծանօթ` գործարանի ԵրԱԶ (Երեւանի ավտո զավոդ) անունով: Հերթով, ատեն ատեն երկար ժամանակ սպասելէն ետք երբ մարդիկ ձեռք կը բերէին իրենց ԵրԱԶը (անշուշտ չմոռնալով մաղարիչին` “շնորհակալագինին” մասին), մեքենան ուղիղ կը քշէին արհեստանոց…նորոգութեան:

Շաբաթներ շարունակ կ’աշխատէին տակով վրայով, ներսով ու դուրսով տեսքի եւ պիտանելիութեան բերելու համար ինքնաշարժը, որովհետեւ գործարանէն նոր դուրս եկած մեքենային մէջ ամէն ինչ թափած կ’ըլլար` “մարմինը” ամրացնող պտուտակներէն սկսեալ մինչեւ շարժիչի եւ մնացած մեխանիզմներուն մասերը: Եղած է պարագայ նոյնիսկ, որ ԵրԱԶը գործարանէն դուրս բերեն մէկ այլ ինքնաշարժի կապած վիճակով… Ի վերջոյ, աշխատասէր սեփականատէրներու շնորհիւ, մեքենան կը դառնար քիչ թէ շատ դիտարժան, պիտանի եւ կանխատեսելի, որով կը փոխադրէին մարդիկ կամ ապրանքներ, ըստ ինքնաշարժի տիրոջ սեփական design-ին եւ ցանկութեան: Սակայն բնականաբար կային նուազ բծախնդիրները. անոնց նուազ սարքին ԵրԱԶները յաճախ պատճառ կը դառնային վթարներու եւ ողբերգութիւններու, խլելով մարդկային կեանքեր:

Հիմա Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նմանի այդ ԵրԱԶ մեքենային, 1990 թուականին գործարանէն “նոր” դուրս գրուած. հաշուի առնելով սովետական աւանդոյթները, կրնանք պատկերացնել թէ ինչ վիճակ ունէր ան իր ծննդեան օրերուն: Երեսուն տարի այս մեքենան քշուեցաւ ու դեռ կը քշուի, հա նորոգուեցաւ ու դեռ կը շարունակուի նորոգուիլ, ատեն ատեն խղճամիտ, շատ յաճախ ալ անվստահելի կամ համբակ վարպետներու ձեռքով: Ծառայեց մարդոց, բայց աւելի շատ աչքի ինկաւ պատճառած վթարներով, վթարներն ալ` բազմաթիւ զոհերով: Շատ շատեր ալ, վախցած ու զզուած, այլեւս չուզեցին ԵրԱԶ նստիլ, ու փնտռեցին իրենց կեանքի մեքենան` այլ երկինքներու տակ:

Հիմա հարցը յստակ է. ԵրԱԶը այլեւս ինչպէս կրնայ դիմանալ արդէն շատ լայնցած մայրուղիներու վրայ սուրացող այլ ինքնաշարժներու հետ մրցավազքին… եթէ նոյնիսկ շատ զոռի բերուի: Շատ զոռի բերուի` կրնայ շարժիչը զարնուիլ, կամ մեքենան մայրուղիէն դուրս թռչիլ… Խնդիրը արդէն շատ պարզ է. ԵրԱԶը պէտք է փոխարինուի. մարդիկ կարիքը ունին այլ մեքենայի. եւ ինչպէս ՖՊ ընկերս կ’ակնարկէ` նաեւ նոր վարորդի:

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Secure Your Child’s Place at
DREAM BRIDGEMAN ACADEMY

Dream Bridgeman Academy is an international school in Yerevan deploying the Oxford International Curriculum under the supervision and evaluation of Oxford University Press.
It caters for children between the ages of 1.5 yrs to 6 yrs.
Book your tour and secure your place now.
Phone: +374 93 703005
www.bridgeman.am

spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img
- Գովազդ -spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

ԼՐԱՀՈՍ

Pyro Drone is the leading source of professional FPV drone racing parts, gear, and accessories. We strive our best to deliver the latest and most reliable FPV gear available on the market. Bringing the highest quality at an affordable price, our flagship Hyperlite line is amongst the most competitive FPV drone racing parts in the industry. For FPV racing frames, motors, batteries, straps, and more - Pyro Drone is truly your one stop shop for all things in drone racing!

spot_img
spot_img