Լիբանան երէկ գրանցեց 3220 նոր վարակակիր: Նոյն օրը քորոնաժահրի որպէս հետեւանք՝ մահացան 57 անձեր:
Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Հասսան Տիապ երէկ ՄԱԿ-ին դիմեց միջազգային օժանդակութիւն խնդրելու՝ դիմագրաւելու համար քորոնաժահրի գործած աւերը Լիբանանի մէջ:
Առողջապահական այս ծանր իրավիճակը տակաւին ուշքի չի բերեր լիբանանցի պատասխանատուները, որոնք տակաւին «կռիւ-կռիւ» կը խաղան, աւելի եւս ուշացնելով կառավարութեան կազմութիւնը:
Նշենք, որ նախագահական պալատի աղբիւրներ երէկ նշեցին, թէ բացառուած է, որ եկող օրերուն նախագահը նշանակեալ վարչապետը իր մօտ հրաւիրէ խօսակցութիւնները շարունակելու համար: